Երկուշաբթի, 30. 06. 2025

spot_img

ԼՂՀ ԱԺ Նախագահը Ամփոփեց Մայիս-Դեկտեմբեր Ամիսներու Գործունէութիւնը

Դեկտեմբեր 24-ին տեղի ունեցած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի (ԱԺ) նախագահ Աշոտ Ղուլեանի մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին խորհրդարանի ղեկավարը ամփոփած է ԼՂՀ 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի Մայիս-Դեկտեմբեր ամիսներու գործունէութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ ԱԺ մամուլի գրասենեակը։

ԱԺ նախագահի տեղեկութիւններով` 6-րդ գումարման Ազգային ժողովը այս տարուան Մայիս-Դեկտեմբեր ամիսներուն գումարած է 6 լիագումար նիստեր եւ 1 արտահերթ նստաշրջան:

Ազգային ժողովը ընդունած է 42 օրէնքներ: Եղած են 51 օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ, որոնց 5ը պատգամաւորներուն, մնացեալը կառավարութեան կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին