Այս տարուան ընթացքին 2014 թուականի համեմատ 13 տոկոսով աւելցած է՝ Արցախ այցելող օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն թիւը:
Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի, ընթացիկ տարուան զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրերու ուսումնասիրման ու պահպանութեան ոլորտին մէջ իրականացած աշխատանքներու ամփոփման նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, ըսած է ԼՂՀ տնտեսութեան փոխնախարար Սերկէյ Շահվերտեան:
Ոլորտի պատասխանատուին խօսքով` նախորդ տարի օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 14.200, իսկ այս տարի հասած է 16.500ի:
ԼՂՀ տնտեսութեան փոխնախարարին խօսքով` Արցախի համախառն եկամուտներու 3 տոկոսը կը կազմեն զբօսաշրջութեան ոլորտէ ստացուող միջոցները: