Վերջին երկու օրերու ընթացքին ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հաստատուած՝ համեմատաբար հանգիստ վիճակը կրկին խախտեցաւ ազրպէյճանական զինուժի սադրիչ գործողութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) Պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` Դեկտեմբեր 25ին ժամը 13:00-ի մօտ, Պաշտպանական բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ` հակառակորդի դիպուկահարին կողմէ արձակուած կրակոցէն զոհուած է՝ ՊԲ զինծառայող, 1997ին ծնած Կարէն Սիսակ Աքուլեանը:
Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: