Զրոյցը Վարեց ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ
Սուրիահայերը հաստատուելով Հայաստան, նոր գոյն ու որակ հաղորդեցին Հայաստանի արտադրական տարբեր ոլորտներուն: Այս ամէնուն վառ ապացոյցներէն էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ` արդէն աւանդական դարձած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական երկօրեայ ցուցահանդէս–տօնավաճառը, որ տեղի ունեցաւԴեկտեմբեր 23-24ին:
«Հայերն Այսօր»ը զրուցած է ցուցահանդէս–տօնավաճառի մասնակից սուրիահայերուն հետ, որոնք ոչ միայն ներակայացուցած են իրենց արտադրանքը, այլ նաեւ հանդէս եկած են ամանորեայ բարեմաղթանքներով:
Միքայէլ Կարապետի խօսքերով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի Հայաստանի մէջ նախաձեռնած ցուցահանդէս-տօնավաճառները՝ մեծ հնարաւորութիւն կու տան ներկայացնելու իրենց մշակոյթը: Բացի այդ անոնք նոր յաճախորդներ ձեռք կը բերեն, որ կը հեշտացնէ յետագայ աշխատանքը:
Միքայէլը այսպիսի ցուցահանդէսներու ընթացքին կը ներկայացնէ ոսկեայ եւ արծաթեայ զարդեր, որոնք ինքը կը պատրաստէ: Չորս տարիէ արդէն Հայաստանի մէջ այս գործունէութեամբ կը զբաղի: Ան նկատած է, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ բարձր ճաշակ ունին. բազմիցս համոզուած է այս հարցով:
Զարմինէ Մինասեան–Թոքաթլեան երեք տարի առաջ Սուրիայէն վերադարձած է Հայաստան: Ամուսինին հետ Հալէպի աւանդական ճաշատեսակներ կը պատրաստէ ու կը վաճառէ: Չեն դժգոհիր, կը փորձեն յարմարիլ միջավայրին եւ առաջ երթալ:
Երեւանի մէջ արդէն խանութ վարձած են, ուր ուտելիքներու մեծ տեսականի կը վաճառեն, ինչպէս նաեւ պատուէրներ կ’ընդունին: Տիկին Զարմինէն նկատած է, որ հայաստանցի կանայք շատ կը սիրեն իրենց ճաշատեսակները, յատկապէս Հալէպի իշլի-քուֆթան կը հաւնին եւ յաճախ կը գնեն: Ան սիրով կը մասնակցի կազմակերպուող ցուցահանդէս-տօնավաճառներուն, որոնք իրենց արտադրանքը լայն զանգուածներուն ներկայացնելու եւ իրացման աղբիւրներ փնտռելու դռներ կը բանան:
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ Զարմինէ Թոքաթլեան Հայաստանին խաղաղութիւն, ժողովուրդին բարեկեցիկ կեանք մաղթած է, իսկ սահմանին վրայ գտնուող զինուորներուն անվտանգ ծառայութիւն: Վերջաւորութեան ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ ի հարկէ կը նշեն տօները` ամէն կերպ փորձելով պահպանել Հալէպի շունչն ու ոգին:
Տալիթա Քահքէճեան կը վստահեցնէ, որ ինք Հայաստանի մէջ լաւ կը զգայ: Այստեղ ան հրուշակագործութեամբ կը զբաղի եւ համեմունքներ կը վաճառէ: Համերաշխ կ’աշխատի իր ազգականին հետ:
Տիկին Տալիթան իր յաճախորդ կանանց հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու մէջ է, նոյնիսկ մշտական յաճախորդներ ալ կան, որոնք գնումներ կատարելէ բացի, կու գան պարզապէս զրուցելու եւ բաղադրատոմսեր հարցնելու:
Շատ կ’ոգեւորուի երբ անոնք կը զանգահարեն եւ գոհունակութեան խօսքեր կ’ըսեն պատրաստած համեղ ուտելիքներու համար:
Տիկին Տալիթան յիշած է, որ Հալէպի մէջ Նոր Տարին միշտ հարազատներու շրջապատով ուրախ մթնոլորտի մէջ կը նշէին, յատկապէս Սուրբ Ծնունդին անհամբեր կը սպասէին: Այս օրերուն ամենամեծ երազը Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը կրկին Հալէպի մէջ նշելն է:
Իսկ Աղաւնի Գեղամեան ցուցահանդէս-տօնավաճառին իր ձեռագործ աշխատանքներով ներկայացած է: Տիկին Աղաւնին տնային պայմաններու մէջ կը պատրաստէ եւ կը վաճառէ իր ձեռքի գործերը: Դեռ շատ չեն յաճախորդները, սակայն չի վհատիր: Կը հաւատայ, որ ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ լաւ կ’ըլլայ եւ ճանաչում ձեռք կը բերէ: Այդ յոյսով ալ կը մասնակցի այս նախաձեռնութեան, որուն ներկայացած է տօնական պատկերներ խորհրդանշող ձեռագործներով: