Երկուշաբթի, 30. 06. 2025

spot_img

«Քաթար Էյրուէզ»ի Մուտքը Հայաստանի Շուկայ Նախատեսուած է 2016ի Սկիզբը

2016 թուականին կը նախատեսուի միջազգային մեծ օդանաւային ընկերութիւններու մուտքը հայաստանեան շուկայ: Այս մասին «Արմէնփրես»­ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին նշած է՝ ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան քաղաքացիական օդային քաղաքականութեան եւ տնտեսական կարգաւորման վարչութեան պետ Աննա Չոպանեան:

Անոր խօսքով այս տարի բանակցութիւններ վարած են մօտ 30 օդանաւային ընկերութիւններու հետ, արդիւնքները արդէն ակնյայտ են: «Հայկական շուկայ վերադարձած են երկու խոշոր օդանաւային ընկերութիւններ` չեխական «Չեխ էյրլայնզ»­ը եւ լեհական «LOT»-­ը: Անոնցմէ բացի առարկայական բանակցութիւններ կը վարուին «Քաթար էյրուէյզ» մեծ օդանաւային ընկերութեան հետ, որու մուտքը Հայաստանի շուկայ կը նախատեսուի 2016­ի սկզբը: Բանակցային գործընթացը մօտեցած է աւարտին», ըսած է Աննա Չոպանեան:

Քանի մը օդանաւային ընկերութիւններու հետ ալ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այս տարի բանակցութիւններ վարած են 26 պետութեանց իշխանութիւններու հետ միջկառավարական համաձայնագիրերու վերանայման ուղղութեամբ: Աննա Չօպանեանի խօսքով, 14 պետութեանց հետ քաղաքացիական օդային ոլորտի մէջ իրաւական դաշտը ազատականացուած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին