*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Հալէպի Պետութիւնը 1920-1925 այն հինգ փոքր պետութիւններէն մին եղած է, որ գաղութարար Ֆրանսան հիմնած է Սուրիոյ մէջ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումնէ ետք, քանի մը քաղաքներ միացնելով եւ Հալէպն ալ որպէս անոր մայրաքաղաքը որոշելով: Հալէպի Պետութեան բնակչութեան մեծամասնութիւնը եղած է սիւննի արաբ:
Հալէպ մայրաքաղաքին բնակչութեան մաս կազմած են մեծ թիւով քրիստոնեաներ: Կարգ մը տուեալներու համաձայն անոր բնակչութեան 25 առ հարիւրը եղած է հիմնականօրէն հոն գաղթած հայութիւնը:
Միեւնոյն շրջանը աւելի առաջ՝ 1850ին ականատես եղած է քրիստոնեաներու դէմ կազմակերպուած մեծ ջարդերու, որուն ընթացքին նաեւ հրդեհուած ու քանդուած են եկեղեցիներ…։
Ի տես այս պատմական փաստերուն, մեզի կը մնայ խորհրդածել՝ եթէ պատմութիւնը ընդհանրապէս ինքզինք կը կրկնէ… աշխարհագրութի՞ւնն ալ նոյնպէս կրնայ կրկնուիլ: