Երկուշաբթի, 30. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Ցուցադրութեան 2015ին Ծանօթացած Են 72 Հազար Այցելուներ

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի­ նոր ու համալրուած ցուցադրութեան, 2015ին ծանօթացած են մօտ 72 հազար այցելուներ: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ այս մասին լրագրողներու հետ տարեվերջի հանդիպման ժամանակ տեղեկացուցած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի­ փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան:

«Տարին աննախադէպ էր թուրք այցելուներու քանակով: Այս տարի թանգարանի վերաբացումէն յետոյ, թանգարան այցելած են Թուրքիոյ 1000 քաղաքացիներ», ըսած է­ Լուսինէ Աբրահամեան: Անոր խօսքով տարբեր երկիրներէ թանգարան այցելած են մօտ 71 պատուիրակութիւններ, որոնց մէջ Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եկած Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Կիպրոսի եւ Սերպիոյ նախագահներուն գլխաւորած պատուիրակութիւնները:

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան-հիմնարկ­ այցելած են՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի 16 հազար աշակերտներ եւ ուսանողներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին