*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
Գրասէր հասարակութիւն մը փութացած էր Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ռեմոն Գույումճեան սրահը, Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ներկայ գտնուելու բանաստեղծ ՀԱՅԿ ՀՐԱՅՐ (ԵՂԵԱՆ)ի «ԱՂՕԹՈՂ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ» բանաստեղծութեանց բազմերանգ հատորի հրապարակային ներկայացումին, որ բարեբախտ զուգադիպութեամբ հեղինակին ծննդեան 60-ամեակին յիշատակութեան առիթն ալ էր:
Հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած էր Լոս Անճելոսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մասնաճիւղին կողմէ, կոկիկ ու համադրուած յայտագիրով մը ընթացք առաւ, երբ վարչութեան ժրաջան անդամ, գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեան հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց: Քէհէեան անդրադարձաւ Հայկ Հրայրի կեանքին, ստեղծագործական ճաշակին ու ընդհանրապէս մարդու ներքին տագնապի՝ հեղինակին կողմէ ընկալումին:
Հեղինակը ծնած է Էջմիածին 1955ին ու յաճախած տեղւոյն բարձրագոյն կրթարանը, ապա մնայուն անհանգստութեան հետեւանքով տեղափոխուած Միացեալ Նահանգներ, ուր կը շարունակէ գրական իր ստեղծագործութիւնը, գամուած իր շարժաթոռին:
Յայտագիրի առաջին ելոյթով հանդէս եկաւ յայտնի նկարիչ, քանդակագործ եւ բանաստեղծ Արմէն Պօղոսեան, որ իր բովանդակալից վերլուծումով դրուատեց Հայկ Հրայր բանաստեղծին լոյս ընծայած հատորին մէջ արտայայտուած ներաշխարհը: Ապա գրողի բարեկամներէն Սվետլանա Տօնապետեան, շնորհաւորական կարճ խօսքով հեղինակին ծննդեան 60ամեակին առիթով սրտագին մաղթանքներ կատարեց: Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ հայրենի ծանօթ մտաւորական եւ հեղինակին մօտիկ բարեկամ Էտուարտ Հախվերդեան: Ապա հեղինակին քրոջ թոռնուհին՝ փոքրիկն Լիլիթ Նարկիզեան շնորհալի ասմունքով ներկայացուց նորատիպ հատորէն գեղեցիկ քերթուած մը, խլելով ունկնդիրներուն քաջալերական ծափերը:
Յայտնի երաժիշտ Ալպերթ Վարդանեան տուտուկի եւ շուիի վրայ բարձրորակ կատարումով՝ ներկաներուն յաջորդաբար հրամցուց «Կիլիկիա» եւ «Կաքաւիկ» սիրուած երգերը:
Հանդիսավար Լիլիթ Քէհէեան ներկայացուց Հայկ Հրայր բանաստեղծին գրական հարուստ վաստակը, անոր հրատարակած տաս հատորներուն մէջ տեղ գտած հմայիչ ստեղծագործութիւնները, որոնք հաւաքաբար հեղինակին կը շնորհեն «սիրոյ երգիչ» գեղեցիկ որակումը:
Յայտագիրի սիրտի խօսքի բաժինը համալրեց յայտնի մտաւորական Ռոպերթ Սարգսեան, համակրանքի իր արտայայտութեամբ: Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Ծովինար Սարգսեան ասմունքով հանդէս եկաւ, իսկ Վարդան Թաշճեան կիթառի վրայ ընկերակցեցաւ ծանօթ մեղեդիներով ու աւարտեց յայտագիրը նոր երգերու մեկնաբանութեամբ:
Յուզիչ բայց տոգորուած՝ շարժաթոռի վրայ բազմած, մեծարուող հեղինակը իր սիրտի բովանդակալից խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի մասնակիցներուն, իր նուիրեալ բարեկամներուն եւ կազմակերպիչ Թէքէեան Մշակութային Միութեան:
Փակման կարճ խօսքով հանդէս եկաւ «Երգ Երգոց» Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Յովհաննէս Արսէնեանը: Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական ճոխ հիւրասիրութիւն եւ հեղինակի հատորին մակագրումը:
Գնահատելի միջոցառում մըն էր հրամցուած գրական այս հանդիսութիւնը:


