Երկուշաբթի, 30. 06. 2025

spot_img

Հայկական 16 Շարժանկարներ Ամբողջովին Թուայնացուած Են

ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը 2015ին սկսած է հայկական շարժանկարներու թուայնացումը: Այս մասին ըստ News.am-ի, Դեկտեմբեր 25ի մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնած է ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան:

Փոխնախարարին խօսքով արդէն 16 հայկական շարժանկարներ ամբողջովին թուայնացուած են: «Մեզի համար շատ կարեւոր է պահպանել այդ ժառանգութիւնը ու մենք 2016ին կը շարունակենք թուայնացումը», շեշտած է Արթուր Պօղոսեան: Հայաստանի կառավարութիւնը ըստ Պօղոսեանի, կը փորձէ արտօնեալ պայմաններ ապահովել շարժանկարի արտադրութեան համար: «Մենք կը խրախուսենք համատեղ շարժանկարի արտադրութիւնը», աւելցուցած է Արթուր Պօղոսեան:

Փոխնախարարին խօսքով 2015ին ընդհանուր առմամբ իրականացած են շարժանկարի 15 նախագիծեր (չորսը դեռ ընթացքի մէջ են), որոնց ծիրէն ներս նկարահանուած են 15 լիամեթր ու 10 կարճամեթր, 1 սկզբնային եւ 1 ուսանողական շարժանկարներ: «Հայաստանի մարզերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած են՝ «Հայկական էսքիզներ» ընդհանուր անուանումով կարճամեթրաժ ֆիլմերու նկարահանման աշխատանքներ, նաեւ կայացած է «Անահիտ» գծանկարային շարժանկարի շնորհանդէսը», նշած է Արթուր Պօղոսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին