Իրաքի իշխանութիւնները վերջին շրջանին թուրք-իրաքեան լարուած յարաբերութիւններու հենքի վրայ որոշում կայացուցած են՝ փոխարինելու Թուրքիայէն ներմուծուող կերակուրի իւղը տեղական արտադրութեան կամ այլ երկիրներէ ներմուծուող իւղով:
Մասնաւորաբար կը քննարկուի այս հարցով Հայաստանի հետ համագործակցելու տարբերակը: Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան յայտնած է՝ Իրաքի առեւտուրի հարցերով նախարարութեան խօսնակը:
Իրաքի առեւտուրի նախարար Մուհամետ Շիա ալ-Սուտանին Հայաստանէն իւղ գնելու տարբերակը քննարկած է՝ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանի հետ: Տեղեկատուութիւնը հաստատած է նախարարին խօսնակը:
Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն «Ռոյթըրզ»ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած են հանդիպման փաստը, սակայն հրաժարած են որեւէ այլ մեկնաբանութիւն տրամադրել:
Թուրք-իրաքեան յարաբերութիւնները լարուեցան, երբ Թուրքիա Դեկտեմբեր 4-ին Իրաքի հիւսիսը գտնուող Պաշիքա բնակավայրին մօտ, ուր տեղակայուած են քրտական Փէշմերկայի (քրտական զօրամիաւորումներ) ճամբարները, տեղայակայեց իր զօրքերը, որոնց հետ հրասայլեր եւ զրահաւորներ: Թրքական կողմի հաւաստմամբ` այդպէս անոնք կը պատրաստուին յարձակելու Մուսուլի վրայ, որ գրաւած են Իսլամական պետութիւն (ԻՊ, Տաէշ) ծայրայեղականները, ինչպէս նաեւ կը վարժեցնեն քրտական Փէշմերկան ԻՊ-ի դէմ պայքարի համար: Իրաքի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) իր մօտ կանչած է Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եւ պահանջած, որ Թուրքիան անմիջապէս դուրս բերէ իր զօրքերը երկրի հիւսիսային շրջաններէն: Իրաքի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն յայտարարած են, որ պաշտօնական Անգարան իր զօրքերը մտցուցած է առանց Պաղտատի հետ համաձայնութեան, որ կ՛որակուի որպէս «թշնամական գործողութիւն»:
Դեկտեմբեր 14-ին թրքական իշխանութիւնները որոշում կայացուցած են՝ զօրամիաւորումներուն միայն մէկ մասը դուրս բերել Մուսուլի շրջանէն եւ տեղափոխել աւելի հիւսիս: