Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային Կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեան կրտսեր սաներուն համար Դեկտեմբեր 23ին իրականացած են ամանօրեայ հանդիսութիւններ: Ձեռնարկի ընթացքին կեդրոնի փոքրիկները երգած են, պարած ու արտասանած ամանօրեայ ոճով: Այս մասին կը յայտնէ Akhaltskha.net-ը:
Հանդիսութեան աւարտին Երիտասարդական կեդրոնի փոքրիկները Կաղանդ պապայէն ու Ձիւնանուշիկէն ստացած են ամանօրեայ փոքրիկ նուէրներ: