Խումբ մը կանայք ասկէ տարի մը առաջ քով-քովի գալով հիմնեցին գիրքի խմբակ մը ու զայն կոչեցին «ABC Book Club»՝ Այնճար Պուք Քլապ:
Հինգ կիներ էին ասոնք, որոնք երկշաբաթեայ դրութեամբ փոխնիփոխ իրարու տուն կը մէկտեղուէին Այնճարի մէջ, քննելու եւ արծարծելու համար երկու շաբթուան ընթացքին իրենց կարդացած գիրքին միասին ճշդած հատուածը: Հանդիպումները երբեմն կ՚երկարէին ժամեր. գիրքի հատուածի վերլուծում-քննարկումի աւարտին, անոնք կը շարունակէին իրենց խօսակցութիւնը, այս անգամ մշակութային այլեւայլ հարցերու մասին: Այլ խօսքով գիրքի շուրջ հաւաքուած այս կանայք, կ՚անցընէին թէ՛ ընկերային ջերմ պահ եւ թէ՛ կ՚ունենային մշակութային հաճելի խօսակցութիւն:
Յարատեւութեամբ անոնք յաջողեցան կարդալ Էլիֆ Շաֆաքի The Bastard of Istanbul, Օրհան Փամուքի Snowն, Նենսի Գրիգորեանի Dreams of Bread and Fireը, Էմին Մաալուֆի Rock of Taniosը, Զապէլ Եսայեանի Աւերակներու Մէջը, Մինաս Թեճիրեանի Անունովդ Ապրիսը եւ Քարոլ Էտկարեանի Rise The Euphratusը:
Իւրաքանչիւր գիրքի ընթերցումի աւարտ անոնք կը նշէին կարկանդակի մը հատումով: Երբեմն անոնց ամուսինները կը միանային հաւաքին ոչ-գրական բաժինին:
Իւրաքանչիւր նոր գիրքի սկիզբը, անոնք կը ծանօթանային հեղինակին կեանքին եւ գրական ստեղծագործութիւններուն: Իսկ իւրաքանչիւր գիրքի աւարտին կ՚ամփոփէին գիրքին նիւթը, կը ծաւալէին կարծիքներու լայնածիր փոխանակում, պատրաստելով նաեւ յատուկ թղթածրար մը իւրաքանչիւր գիրքի մասին:
Նոյեմբեր 2015ին երբ ամբողջացաւ Այնճար Պուք Քլապի առաջին տարեդարձը, անդամները յատկանշական ձեւով ուզեցին նշել զայն: Անոնք որոշեցին բաժնեկցիլ իրենց ուրախութիւնը եւ յաջողութիւնը ու ջատագովել պուք քլապի մշակոյթը…:
Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Գիշերօթիկի շուրջ 50 աշակերտներ, հաւաքուեր էին գիշերօթիկի սրահը եւ ուշադիր կը հետեւէին Այնճար Պուք Քլապի անդամուհիներուն պատումը: Այս կանայք խաղարկութեամբ կը կատարէին պատումը Յովհաննէս Թումանեանի Անբան Հուրիին: Կարճառօտ այս պատումէն ետք անդամուհիները մղեցին աշակերտները, որ իրենք պատմեն ընթերցուածը: Ապա անդամուհիներն ու աշակերտները միասին մատնանշեցին եւ շեշտեցին պատումի միտք բանին, բարոյական արժէքները, խօսեցան կերպարներուն մասին, քննեցին անոնց բարեմասնութիւնները եւ ճիշդ ու անճիշդ ընթացքը, խելացի, ճարպիկ կամ անբան քայլերը:
Դաստիարակչական այս համատեղ խօսակցութենէն ետք, աշակերտներուն տրուեցան հարցաթերթիկներ, ուր անոնք պարտէին պատասխանել պատումին վերաբերող զանազան հարցումներու, գրելու էին պատումի իրենց համար ամենահաճելի դրուագը, ո՞ր դրուագը պիտի ուզէին փոխել, ո՞ր կերպարին պիտի ուզէին նմանիլ… հուսկ նաեւ պիտի գծէին իրենց համար գրաւիչ դէպք մը պատումէն:
Պէտք էր տեսնել աշակերտմները, մանաւանդ անոնք որոնց տարիքը կը տարուբերէր 7ի ու 14ի միջեւ: Անոնք մեծ լրջութեամբ եւ խանդավառութեամբ մասնակցեցան քննարկումներուն ու պատասխանեցին հարցումներուն:
Ապա հիւրերը աշակերտներուն բաժնեցին իւրաքանչիւրին համար պատրաստուած եւ իրենց տարիքին յարմար նուէրներ՝ գիրքեր, մատիտ ու նոթատետր: Այս նուէրներուն կողքին, Այնճար Պուք Քլապի անդամները սատարելու համար ընթերցանութեան, իրենց հետ բերեր էին աւելի քան 250 գիրքեր, որոնք սակարներով պիտի զետեղուին գիշերօթիկի սրահակներուն մէջ, որպէսզի գիշերօթիկները պզտիկ գրադարաններ ունենան իրենց ննջարաններուն կից եւ երբ ուզեն՝ կարենան կարդալ արաբերէն, հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն իրենց տարիքին յարմար գիրքեր:
Այնճար Պուք Քլապի անդամներուն հրճուանքը մեծ եղաւ երբ իմացան, որ գիշերօթիկի վերի կարգի հինգ աշակերտ-աշակերտուհիներ արդէն իսկ ընթերցասէրներ են եւ պարագայաբար կը հանդիպին ու կը խօսին իրենց կարդացած գիրքերուն մասին: Այնճար Պուք Քլապի անդամները անմիջապէս որդեգրեցին խումբը եւ խոստացան անոնց տրամադրել համապատասխան գիրքեր, ծանօթացնել պուք քլապի կանոնակարգին եւ օգնել, որ անոնք աւելի կազմակերպուած ու ծրագրուած շարունակեն իրենց ինքնազարգացման այս նախաձեռնութիւնը:
Կարիքը կա՞յ յիշեցնելու, թէ մեր դպրոցները մա՛րդ, սերունդ եւ ազգ կերտելու լաւագոյն գործնական դարբնոցներն են:
Այս ձեռնարկին յաջողութեան սատարեցին անհատներ եւ գրահրատարակչատուներ, որոնք քաջալերելով ծրագիրը ձրիաբար տրամադրեցին մեծաթիւ մանկապատանեկան գրականութիւն: Շնորհակալութիւն անոնց: Շնորհակալութիւն նաեւ Այնճարի Հայ Աւետ. Երկրորդական Վարաժարանի Տնօրէնութեան եւ Գիշերօթիկի պատասխանատուներուն, որոնք ընդառաջեցին Այնճար Պուք Քլապի անդամներուն այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան: