Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Քիմ Քարտաշեանն Ու Քանիէն Կը Ցանկան Իրենց Որդին Մկրտել Երուսաղէմի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ

Ամերիկեան յայտնի Keeping Up With Kardashians հեռատեսիլային իրապատումի աստղ Քիմ Քարտաշեանի եւ աշխարհահռչակ ռեփըր Քանիէ Ուեսթի նորածին որդին պիտի մկրտուի Երուսաղէմի հայկական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:

Ըստ «Արմէնփրես»ի այս մասին կը գրէ «Իսրայէլ Նասիոնալ Նիւզ»ը` նշելով, որ Սէինթ Ուեսթը պիտի ըլլայ ընտանիքին երկրորդ զաւակը, որ պիտի մկրտուի Երուսաղէմի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, քանի որ 2015ի Ապրիլին հոն մկրտուած էր անոնց դուստրը` Նորթը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Սէինթ Ուեսթը, որ 25 տոկոսով հայ է, ծնած էր Դեկտեմբերի սկիզբը, որմէ ետք Լոնտոնի «Տէյլի Մէյլ»ը յենելով անանուն աղբիւրի մը վրայ  տեղեկացուցած էր, որ զոյգը կը պատրաստուի հայկական եկեղեցւոյ մէջ մկրտել երախան:

Կը հաղորդուի, որ Քիմն ու Քանիէն մտադրած էին սենեակ ապահովել Երուսաղէմի Waldorf Astoria պանդոկին մէջ, սակայն երբ այդ մասին յայտնի դարձած է հանրութեան, անոնք պանդոկը փոխած են: Իսրայէլեան անվտանգութիւն ապահովող ընկերութիւններէն մէկը, որ մասնագիտացած է VIP անձերու սպասարկելու ոլորտին մէջ, արդէն վարձուած է յայտնի զոյգին համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին