Դեկտեմբեր 12-ին Արժանթինի Ռոզարիօ քաղաքի հայ համայնքը, Հայ Կեդրոնի ղեկավար Խուան Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ, տարուան վերջի հաւաք-ձեռնարկ կազմակերպած է: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկանայ Արժանթինի մէջ իր աղբիւրներէն:
Ամէնամեայ ձեռնարկին նպատակը Ռոզարիօ ապրող շուրջ 300 հայերուն մէկտեղելն է` քննարկելու համար մէկ տարուան ընթացքին իրականացած ծրագիրները եւ ուղենշելու յետագայ ընելիքները: Հաշուետու զեկուցումներ եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերեալ:
Ձեռնարկին ներակայացուցչական կազմով մասնակցած են նաեւ Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքի տարբեր հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան, Հայ Կեդրոնի ու Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Ալպերթօ Ճերեճեան:
Ընդհանուր առմամբ տօնական երեկոյին ներկայ եղած են 200 մարդիկ: Ներկաներուն հայկական պարերու կատարումներով ողջունած է Քորտոպայի «Փարուանա» պարախումբը: