Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Արժանթինը Մտադիր Է Հայաստանի Հետ Համագործակցութիւնը Խորացնել Նաեւ Մարզային Մակարդակով

Հայ-արժանթինեան կապը կը ներկայացնէ համագործակցութեան լայն շղթայ. երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները միշտ եղած են ու պիտի մնան բարձր մակարդակի վրայ:

Ըստ «Արմէնփրես»ի այսպիսի համոզում յայտնած է ՀՀ-ի մէջ Արժանթինի Հանրապետութեան դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան` փաստելով, որ համագործակցութիւն պիտի ըլլայ նաեւ մարզային մակարդակով: «Մշակութային համագործակցութենէն բացի, նաեւ պիտի ըլլան այլ համագործակցային ծրագիրներ. օրինակ գիւղատնտեսութեան ոլորտի մէջ պիտի ըլլան արժանթինցի մասնագէտներու կողմէ կազմակերպուած սեմինարներ», նշած է դեսպանը:

Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան խօսելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մասին՝ զանոնք գնահատած է շատ բարձր։ «Ընդհանուր առմամբ խօսելով հայ-արժանթինեան կապի մասին, պէտք է զայն ներկայացնենք 20րդ դարու սկիզբէն, երբ Արժանթինը բաց ձեռքերով ընդունեց երկիր եկած բազում հայեր: Արժանթինի մէջ բնակող հայ համայնքը օրինակ է Արժանթինի համար. Արժանթինի մէջ մեծցած երախաներն ու երիտասարդները, միաժամանակ իրենց թէ՛ հայ եւ թէ արժանթինցի կը համարեն: Այդ է պատճառը, որ այս երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կը գտնուին շատ բարձր մակարդակի վրայ ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ տնտեսական ու մշակութային ոլորտներու մէջ», նշած է դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդիան:

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին