Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Պարոնուհի Ք. Քոքսի Նախաձեռնութեամբ Սուրբ Ծննդեան Տօնին Նուիրուած Ամէնամեայ Համերգը Կայացաւ

Դեկտեմբեր 9-ին Լոնտոնի Սբ. Քաթպերթ հոյակերտ եկեղեցւոյ մէջ, Միացեալ Թագաւորութեան «Մարդասիրական օգնութեան» նպաստող հիմնադրամը» /HART/` գլխաւորութեամբ Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի, հերթական անգամ կազմակերպած էր Սուրբ Ծննդեան տօնին նուիրուած ամէնամեայ համերգը: Այս տարի եւս Պարոնուհի Քոքսի հրաւէրով համերգին իր մասնակցութիւնը ունեցաւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» երգչախումբը` գլխաւորութեամբ խմբավար Սիփան Յակոբեանի: Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Լոնտոնի ուկանտական «Աքոլի» եւ «Սբ. Մարթինի երգիչները» երգչախումբերը:

«Կոմիտաս» երգչախումբը ստեղծուած է 2013 թ. Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինին /Tekeyan Trust/ կողմէ, որ 1979 թ.-էն կը գործէ որպէս բարեգործական կազմակերպութիւն եւ կը հանդիսանայ Լոնտոնի Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Հայաստանի «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հիմնասիւնը: Ան իր ազգանուէր գործունէութեամբ եւ մեծ նուիրումով կը ծառայէ ազգային ինքնութեան պահպանման ու տարածման արտերկրի մէջ, ինչպէս նաեւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցով կը նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:

«Կոմիտաս» երգչախումբի մասնակցութիւնը Դեկտեմբեր 9-ի համերգին պատահականութիւն չէր, քանզի նոյն այդ օրը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս՝ «Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակման միջազգային օր»:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցը կրկին անգամ յիշատակելու եւ բրիտանական հասարակութեան ուշադրութիւնը ոճիրին սեւեռելու նպատակով, Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս հանդէս եկաւ ազդեցիկ ելոյթով, իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադառնալով պատմութեան դասը չքաղած միւս պետութիւններուն, ուր նաեւ տեղի ունեցած է այս ոճրագործութիւնը:

Համերգին «Կոմիտաս» երգչախումբի կատարմամբ քառաձայն հնչեցին Կոմիտասի «Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան», Էտկար Յովհաննիսեանի «Արփա-Սեւան» եւ Ստեփան Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան» երգերը` Սիփան Յակոբեանի խմբավարութեամբ եւ Էլլա Պապայեանի դաշնամուրային նուագակցութեամբ:

Սիփան Յակոբեան նաեւ հանդէս եկաւ մեներգեցողութեամբ, կատարելով Հ. Երզնկացիի «Ով զարմանալի» եւ Գ. Փահլաւունիի «Այսօր ձայնը Հայրական» շարականները:

Լոնտոնի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ Զ. Պոյաճեանի «Հայերու վիշտը» բանաստեղծութիւնը կարդաց Կարէն Արեւեան:

Համերգին ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր`  շարք մը կազմակերպութիւններու անդամներ, քաղաքական գործիչներ եւ հոգեւորականներ:

DSCN32

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին