Մոնթեկրափփա-Էրեբունի Հայկական Գրիչի Ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2015-ին Հայկազեան համալսարանի Մաթոսեան սրահին մէջ:
Հայաստանի «Երեւան» մայրաքաղաքին հին անունը կրող «Էրեբունի» Հայկական գրիչը վեհանունն է՝ «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» նշանաբանով նախաձեռնութեան, որուն հեղինակներն են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած հայ գործարարներ՝ պարոնայք Գրիգոր Ճապուրեան եւ Տիգրան Չապլաքեան:
Հայկական զանազան խորհրդանիշեր կրող Մոնթեկրափփա-Էրեբունի Գրիչի հաւաքածոն, որուն ձեւաւորման հեղինակն է լիբանանահայ արուեստագէտ պարոն Գրիգոր Կարապետ Սագայեան, իսկ գրիչին ընկերացող Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն յուշամատեանի հեղինակ՝ հայր դոկտ. Մեսրոպ վարդապետ Թոփալեան, անցեալ 23 Նոյեմբերին ստացած էր 2015 տարուան Middle East Jewellery մրցանակը, «Լաւագոյն Արուեստի եւ Ձեռարուեստի Գործ» դասակարգումին մէջ: Գրիչը լաւագոյնը հռչակուած էր 382 մրցութային գործերուն մէջ, որոնք ներկայացուած էին աշխարհահռչակ զանազան ընկերութիւններու կողմէ:
Ցուցահանդէսին նախաձեռնող խումբին անունով խօսք առաւ Պրն. Վարդան Թաշճեան: Ան խումբին անունով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին ցուցահանդէսի հիւրընկալման համար: Վերոյիշեալ մրցանակին մասին արտայայտուելով Պրն. Թաշճեան նշեց, որ «Arabian Watches & Jewellery ամսագիրին եւ Jewellery Arabia ամէնամեայ ցուցահանդէսին կողմէ շնորհուող այս մրցանակը, մեծ համարում կը վայելէ ոսկերչական հաստատութիւններու եւ առեւտրական հիմնարկներուն մօտ՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Մրցանակաբաշխութիւնը միակն է, որ նման մակարդակով կը կազմակերպուի Միջին Արեւելքի մէջ եւ կը վայելէ տեղական, շրջանային ու միջազգային վստահութիւն»:
Իր խօսքը շարունակելով Պրն. Վարդան Թաշճեան հաստատեց, որ «այս յաջողութիւնը բնականաբար մեծապէս պիտի նպաստէ Էրեբունի գրիչի ծանօթացման եւ տարածման՝ արուեստի թանկարժէք գործերու միջազգային շուկային եւ հաւաքածոներ կազմող անհատներու եւ կազմակերպութիւններու շրջանակին մէջ: Տարածման եւ ծանօթացման շրջանակներու ընդլայնումը խորապէս գոհունակութիւն կը պատճառէ նախաձեռնող խումբի անդամներուն, քանզի այդպիսով Էրեբունի գրիչը յառաջընթաց կ՛արձանագրէ իր հետապնդած գլխաւոր նպատակին ուղղութեամբ, որն է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի իւրայատուկ նշում մը ըլլալուն հետ մէկտեղ, նպաստել Հայ մշակոյթի հարստագոյն ժառանգութեան համաշխարհային ճանաչման»:
Պրն. Թաշճեան իր խօսքին ընթացքին մեծ ուրախութեամբ յայտարարեց, Էրեբունի հայկական գրիչի նախաձեռնող խումբի մէկ այլ ծրագիրի մասին: Իրմէ իմացանք, որ Պարոնայք Չապլաքեանի եւ Ճապուրեանի նախաձեռնութեամբ հաստատուած է՝ Տարուայ Հայ Գրող ամէնամեայ մրցանակը, առ ի զօրակցութիւն հայ գրողներուն եւ բանասէրներուն՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Մրցանակը պիտի տրուի յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ, որուն մանրամասնութիւնները պաշտօնապէս պիտի յայտարարուին հայ մամուլի օրկաններէն:
Ապա անգլերէն լեզուով խօսք առաւ Հայկազեանի հանրային յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչ տիկին Միրա Եարտըմեան, որուն յաջորդեցին Հայր Գէորգ ծ.վրդ. Եղիայեանի եւ Մոնթեկրափփա ընկերութեան ներկայացուցիչ Սամի Նահհասի խօսքերը ուղղուած ներկաներուն:
Ցուցահանդէսի ներկաներուն, որոնց մէջ կը գտնուէին նաեւ Մոնթեկրափփայի ներկայացուցիչները, հրամցուեցաւ անգլերէն լեզուով տեսանիւթ մը, որ կ՛ամփոփեր գրիչի ստեղծման պայմաններուն, հեղինակներու մտադրութիւններուն եւ գրիչի տարածման համար իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին մանրամասնութիւններ:
Ցուցահանդէսի բացման յատուկ պահերէն մէկը, որ կ՛արտացոլացնէր այս նախաձեռնութեան մէկ այլ երեսը, իւրայատուկ աճուրդ մը կայացնելն էր, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ կարիքաւոր մանուկներու: Իմացանք, որ նոյն նպատակին պիտի ուղղուի նաեւ՝ այս ցուցահանդէսին գրիչներու վաճառքէն գոյացած հասոյթին կարեւոր մէկ մասը:
Մոնթեկրափփա-Էրեբունի Հայկական Գրիչին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է այցելել անոր կայքը՝ www.armenianpen.com
Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց կը մնայ այսօր եւ վաղը՝ Շաթաթ, 19 Դեկտեմբեր 2015ին:
Յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն այս գեղեցիկ երեւոյթը նախաձեղնողներուն: