*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ահռելի խճողում էր երէկ Պէյրութի մէջ: Իմաստազուրկ դարձած տօներու խճողում, որ եկող օրերուն անշուշտ պիտի կրկնապատկուի:
Խճողուած փողոցին վրայ գրեթէ կանգնած ինքնաշարժիս մէջ ակամայ կը մտածէի, թէ ինչո՞ւ Ս. Ծնունդի ոգին սկսած է ապրուիլ միայն նուէրներով ու «շոփինկով»:
Չկա՞ն արդեօք տարբերակներ: Կարելի չէ՞ օրինակի համար փոխան «մոլերը» փութալու՝ տաք ապուր մը շինենք աղքատ մարդու մը՝ թերեւս նոյնինքն մեր բնակած շէնքի պահակին: Չե՞նք կրնար տան մէջ կարկանդակ մը շինելով հաւաքուիլ բարեկամներով՝ զայն ճաշակելով դէմ դիմաց խօսակցիլ մեր «սմարթ ֆոները» մէկդի նետած:
Կարելի չէ՞ մեր սիրած անձին հետ քալելու երթալ ու յետոյ տաք թէյ խմել… խօսելով ու խնդալով: Չե՞նք կրնար մեր զաւակին պատմութեան գիրք մը կարդալ՝ փոխանակ խանութներուն «վիթրինները» դիտելու: Ինչո՞ւ մեր ծնողները չհրաւիրենք մեր տունը՝ միասին գաւաթ մը տաք շոքոլա խմելու եւ զրուցելու հինէն… ու նորէն:
Կարելի չէ՞ խանութներու մէջ կօշիկներ փորձելու փոխարէն՝ մեր հօր ջերմօրէն գրկելով լսել իր երկար պատմութիւններն ու անվերջ խրատները: Ինչո՞ւ մեր Կաղանդի Ծառը չզարդարել փոքրիկ թուղթերու վրայ գրուած գեղեցիկ խօսքերով, մաղթանքներով, խոստումներով ու ապրումներով, փոխանակ իրար հետ մրցելու, թէ որո՞ւն տան Ծառին «պուլեր»ը աւելի սուղ են: Չե՞նք կրնար մեր հարազատներուն հեռաձայնելով անոնց որպիսութիւնը հարցնել՝ փոխանակ կեղծ բարեկամներով «քաֆէները» ժամադրուելու:
Չարժե՞ր գէթ մէկ անգամ փոխել մեր շուկայական ու մակերեսային մտասեւեռումները եւ ըլլալ հնարամիտ՝ ազնիւ զբաղումներով լեցնելու այս արեւուն տակ մեր ապրած սուղ վայրկեանները: Ըլլալ ուրախ: Ապրիլ Ս. Ծննդեան իրաւ ոգին: