Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Ներքին Փարոս»

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Փարոսը միշտ ալ հանդիսացած է խորհրդանիշը յոյսի ու փրկութեան: Մարդկային պարզ հասկացողութեան մէջ փարոսը կամ անկէ արձակուած լոյսը արտաքին առարկայ մըն է, որ մեզ մութին կ՛առաջնորդէ դէպի ապահով ափեր: «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Պատկերասրահի հիմնադիր եւ սեփականատէր Արամ Սարգսեան, որուն հետ առիթը ունեցանք տեսակցելու մեր խմբագրատան մէջ, տարբեր տեսակէտ ունի «փարոս» հասկացողութեան համար: Ան կը հաւատայ, որ փարոս արտաքին երեւոյթ մը չէ միայն՝ այլ ներքին: Ան կը հաստատէ, որ այս իրողութիւնը կրնայ յայտնաբերուիլ միայն արուեստի միջոցաւ, երբ արուեստագէտը կը նկարէ ոչ թէ միայն արտաքին աշխարհը դիտելով, այլ իր իսկ ներսինը…:
Արամ Սարգսեան Պէյրութ կը գտնուի բացումը կատարելու «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Պատկերասրահի «Ներքին Փարոս» անունով ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր երեկոյեան Պէյրութ Սուքսի մէջ:

Այս եղանակին արդէն իսկ տարեկան աւանդութեան վերածուած՝ «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Պատկերասրահի ցուցահանդէսը կը սպասուի Լիբանանի արուեստասէր հանրութեան կողմէ: «Մեր ցուցահանդէսներուն յաջողութիւնը թէ՛ որակով եւ թէ տարողութեամբ, իւրաքանչիւր տարի ինքզինք կը գերազանցէ եւ «ԱՐԱՄէ»ի մասնաճիւղերուն մէջ ամենայաջողակն է», ըսաւ Արամ Սարգսեան: Ան հպարտութեամբ նշեց, որ «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Պատկերասրահի, որուն Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի Երկիրներու ներկայացուցիչն է Միքայէլ Վայէճեան,  Պէյրութի ցուցահանդէսները կը գրաւեն ոչ միայն հայ արուեստասէրներ, այլ նաեւ ոչ-հայ անհատներ, որոնք բարձր կը գնահատեն «ԱՐԱՄԷ»ի ցուցադրած գործերը, որ «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Պատկերասրահի առաքելութեան ալ մաս կը կազմէ՝ հայրենի արուեստագէտներու գործերուն միջոցաւ Հայ մշակոյթը համայն աշխարհի տարածքին տարածելու:

Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, մեր հանդիպումի պահուն իմացանք, որ ովկիանոսներէ անդին Լաս Վեկասի մէջ, «ԱՐԱՄԷ»ի ԱՄՆի մասնաճիւղը Յովիկ Աբրահամեանի տնօրէնութեամբ՝ ցուցահանդէսի բացում կը կատարէր արուեստասէրներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:
Արամ Սարգսեանի արդարացի կարծիքով, բոլոր երկիրներու մէջ գործող Հայկական արուեստի տուներուն գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ արժեւորել Հայ ժողովուրդի մշակոյթը: «Կերպարուեստը այն շօշափելի գլխաւոր մշակութային արժէքն է, որ մեր Հայրենիքը ունի», ըսաւ Արամ Սարգսեան աւելցնելով, որ «բոլորիս պարտականութիւնն է գուրգուրալ անոր վրայ, որպէսզի լաւագոյն ձեւով դրսեւորուի ան»:

«Ներքին Փարոս» ցուցահանդէսը, որ Պէյրութի մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ 6 Յունուար 2016, «պիտի արտացոլացնէ անոր մասնակից ամէն տարիքի ու կերպարուեստի դպրոցի պատկանող՝ միջազգային ճանաչում ունեցող ու մեծ ապագայ խոստացող 23 արուեստագէտներու ներքին փարոսը», ըսաւ Արամ Սարգսեան: «Անոնց գործերը կը փխին այդ ներքին ուրախ ու գոհացած աղբիւրէն, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը կը դարձնէ իւրայատուկ ու հոգեկան կապի մէջ կը մտնէ իւրաքանչիւր արուեստասէրի հետ, որ ինք ալ իր կարգին կապի մէջ է իր իսկ ներքին փարոսին հետ», եզրափակեց Արամ Սարգսեան:

Յաջողութիւն, յարատեւութիւն եւ յարաճուն աճ «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Պատկերասրահին:

Արամ Սարգսեան
Արամ Սարգսեան

garden

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին