Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Հայկական Բարքեր Արտասահմանի Հայուն Դաժան ճակատագիրը

*ԳԷՈՐԳ  ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Դար մը առաջ, Ցեղասպանութեան արհաւիքէն հազիւ ճողոպրած, հայու բեկորներ ապաստան գտան արաբական հիւրընկալ երկիրներու մէջ եւ հակառակ որ վրաններու տակ կ՛ապրէին, սկսան շինել եւ շէնցնել իրենց շրջապատը։
Անոնք նախ եւ առաջ շինեցին եկեղեցիներ, որոնց կողքին հաստատեցին դպրոցներ եւ մարզական ակումբներ, որովհետեւ իրենց համար անհրաժեշտ էր մանուկներու հոգեկան սնունդը, մտային զարգացումն ու մարմնական առողջութիւնը։ Մէկ խօսքով ազգային-կրօնական դաստիարակութիւնը առաջնահերթ էր անոնց համար։
Միջին Արեւելք հաստատուած հայերը կրցան նաեւ դառնալ գործատէրեր, շնորհիւ իրենց բնատուր տաղանդին,տքնաջան աշխատնքինեւ անհուն նուիրուածութեան՝ իրենց ընտանիքներուն բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու նպատակաւ։ Հալէպի, Պէյրութի, Գահիրէի եւ Երուսաղէմի նշանաւոր ոսկերիչները, դերձակները, ատաղձագործներն ու կօշկակարները հայեր էին։
Դժբախտաբար սակայն այս համեմատաբար խաղաղ ու բարգաւաճ կեանքը երկար պիտի չտեւէր հայերուն համար եւ ահա վրայ կը հասնէր 1948-ի Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմը։ Հրեաստանի հիմնումով պաղեստինցի հայեր կը դառնային տարագիրու կը գաղթէին դէպի Ամման, Պէյրութ, Հալէպ եւ այլուր։ Այդ տարագիրներէն մին իմ ընտանիքս էր, երբ Երուսաղէմէն փախստական գացինք Հալէպ ու դարձանք Պաղեստինցի գաղթական։
Կարծես դառն ճակատագիրը կը հալածէ մեզ եւ թող չի տար, որ հանգիստ եւ խաղաղ կեանք մը ապրինք։ Լիբանանը Միջին Արեւելքի Զուիցերիան էր եւ հայերը հոն աչքի զարնելու չափ ու տեղացիներուն նախանձը գռգռելու աստիճան բարեկեցիկ կեանք մը կը վարէին՝ երբ 1975-ի տխրահռչակ դէպքերը պատահեցան եւ ահա անգամ մը եւս գաղթականի ցուպը բախտ եղաւ մեզի։ Ու այս անգամ մեր աչքերը սեւեռեցինք դէպի Եւրոպա, Գանատա եւ Ամերիկա,հեռու արաբական հիւրընկալ վայրերէն։
Հայկական ասացուածքը կ՛ըսէ՝ «Առաջինը (Պաղեստին) լաւ, երկրորդը(Լիբանան) բաւ, երրորդը (Իրաք եւ Սուրիա) ցաւ»։ Եւ իսկապէս 2011-էն սկսեալ, երբ վերջին այդ երկու երկիրները քար ու քանդ եղան ծայրահեղ իսլամներու կողմէ, հայեր դարձեալ դարձան տարագիր ու բարեբախտաբար շատեր այս անգամ իրենց հայեացքը ուղեցին դէպի Հայաստան, որ անկախացած էր հազիւ քսան տարիներ առաջ։
Այս բոլորը հետեւանքն էին քաղաքական անկայուն իրավիճակին ստեղծած քաղաքացիական պատերազմին, որուն անուղղակի վնասը(collateral damage) բաժին դարձաւ մերխեղճ, աշխոյժ եւ օրինապահ հայերուն։
Բազմաչարչար հայ ժողովուրդը սակայն ուր որ ալ գնաց, շինեց եւ շէնցուց՝ պահելով իր մշակութայինդարաւոր ժառանգը, որ միակ գրաւականն է գոյատեւելու որպէս հայ՝ օտար այս ափերուն վրայ։
Հիմա բազում են հայկական եկեղեցիները, դպրոցներն ու մշակութային կեդրոնները Միացեալ Նահանգներու թէ Գանատայի տարածքին, ուր հայ մանուկներ ուսում կը ստանան եւ կը թրծուին ազգային ոգիով։ Պատիւս արժանաւորաց։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին