Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Եւրոպական Միութիւնը Յայտարարեց Հայաստանի Հետ Նոր Փաստաթուղթի Շուրջ Բանակցութիւններուն Մեկնարկը

Պաշտօնական Պրիւքսէլ յայտարարեց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) միջեւ, նոր իրաւական փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններուն պաշտօնական մեկնարկը:

Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին, աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանին հետ հանդիպումէ ետք յայտարարեց, թէ բանակցային նոր փուլին մեկնարկը  առիթ է փակելու անորոշութեան էջը, որ ի յայտ եկաւ 2013 թուականէն յետոյ, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

2

«Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ 3.5 տարուայ բարդ աշխատանքը այսպիսով չի վատնուիր: Անիկա պիտի դառնայ մեր նոր յարաբերութիւններուն հիմքը», յայտարարեց Մոկերինին:

Իր հերթին Էտուարտ Նալպանտեան նշեց. «Հայկական կողմը վաղուց իր պատրաստակամութիւնը արտայայտած է՝ Եւրոպական Միութեան հետ շրջանակային համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները սկսելու վերաբերեալ, որ ըստ արժանւոյն կ՛արտացոլացնէ մեր համագործակցութեան խորութիւնն ու էութիւնը: Մենք ուրախ ենք, որ մեր յարաբերութիւններու իրաւական նոր հիմքի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու Եւրոպական Միութեան խորհրդի որոշումը՝ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ առաջ երթալու այս ճամբով»:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան Հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան անդամ 28 պետութիւններ Լիւքսեմպուրկի մէջ հրամանագիր ստորագերցին՝ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր համաձայնագիր ստորագրելու շուրջ բանակցութիւններ սկսելու: Նոր փաստաթուղթը, որ կը փոխարինէ այժմ գործող Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան եւ գործակցութեան համաձայնագիրը, Մոկերինիի խօսքով հիմնուած պիտի ըլլայ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքներու վրայ:

Ըստ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարին` նոր համաձայնագիրը, որուն անուանումը դեռ յստակ չէ, կը միտի բարենպաստ պայմաններ ստեղծել՝ կողմերու միջեւ աւելի ամուր համագործակցութեան համար: Խօսքը մասնաւորաբար փոխադրամիջոցներու, բնապահպանութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներու մասին է, ընդգծած է Մոկերինին:

Եւրոպական Միութեան հետ ընդելուզման համաձայնագիր ստորագրելէ հրաժարած պաշտօնական Երեւանը, Պրիւքսէլի հետ մերձեցման փորձեր կ՛ընէ արդէն՝ որպէս Քրեմլինի նախաձեռնած Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ: ԵՄ ընդլայնման եւ հարեւանութեան հարցերով յանձնակատար Եոհանես Հան, Պրիւքսէլի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յիշեցուց, որ փաստաթուղթը, որու ծիրէն ներս կողմերը կը պատրաստուին բանակցելու, Հայաստանը պէտք է նախաստորագրէր 2013-ին Վիլնիւսի մէջ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին