Դեկտեմբեր 8ին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի «Փիսեցկա Պրանա» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան թեման 2015թ. Չեխական հրատարակութիւններու մէջ» գրական-երաժշտական երեկոյ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրի եւ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան համատեղ ջանքերով: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Բանալով երեկոն «Օրեր» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան ներկայացուց՝ 2015 թուականի ընթացքին լոյս տեսած չեխերէն երեք նոր հրատարակութիւնները` Փրակ ծնած աւստրիացի մեծանուն գրող Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպը, ռումանահայ գրող եւ քաղաքական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեանը» վէպը եւ «Փլաւ» գրական հանդէսի յատուկ թողարկումը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ գրականութեան:
Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, որ ամփոփելով ընթացիկ տարուան Չեխիոյ մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները՝ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման միշտ արդիական է եւ յաջորդ տարի եւս պիտի կազմակերպուին այլ ձեռնարկներ: Հայ դիւանագէտը յատուկ կարեւորեց Չեխիոյ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մասնակցութիւնը՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ապրիլ 24ի ձեռնարկներուն եւ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը Ապրիլ 14-ին: Դեսպանը նաեւ բարձր գնահատեց հրատարակուած գիրքերն ու ամսագիրը եւ ողջունեց հրատարակչութիւններու ներկայացուցիչները:
Երեկոյի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ «Վիշեհրատ» հրատարակչութեան խմբագիր Ֆիլիպ Օուտրատան, որ ներկայացուց մուսալեռցիներու սխրանքը անմահացնող Ֆ․ Վերֆելի վէպի նոր հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ գրողներու միութեան առաջին փոխնախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեանը» վէպի չեխերէն թարգմանութիւնը կատարած Եարմիլա Հորակովան:
«Փլաւ» գրական հանդէսի յատուկ թողարկումը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ գրականութեան, զոր ներկայացուց այդ համարի պատասխանատու խմբագիր Փաւլա Նեհասիլովան, որ շեշտեց, թէ առաջին անգամ չեխերէնով ներկայացուած են ժամանակակից հայ գրողներ Վահագն Գրիգորեանի, Արմէն Շէկոյեանի, Անահիտ Թօփչեանի, Ալեքսանտր Թօփչեանի ստեղծագործութիւնները, հայ դասականներու աշխատանքները, օրինակ հատուած Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» բանաստեղծութենէն, Յովհաննէս Թումանեանի եւ այլ հայ գրողներու գործեր: