«Քրիստոնէական ցուցահանդէս»ի 14-րդ տարուան ծիրէն ներս, Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին եւ գործակցութեամբ UCIP Liban-ի Շաբաթ, 28 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ «Րահպանի եղբայրներ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած երեկոյ եւ քայլարշաւ «Ի հեճուկս ցեղասպանին» խորագիրով։
Երեկոյին յայտագիրը ընթացք առաւ ցուցահանդէսի տաղաւարներու սրահին մէջ հայկական ազգագրական պարի ուսուցումով, որուն ընթացքին «Freedom Dance Group» խումբըԱրազԳոճայեանի առաջնորդութեամբ, ցուցահանդէսի այցելուներուն հետ միասնաբար պարեցին ու վերստեղծեցին պատմական հայկական աւանդոյթ մը։ Ապա ժողովուրդը տեղադրուած խաւաքարտի մը վրայ, իրենց պատկերացումներն ու կարծիքները յայտնեցին խաղաղութիւն հաստատելու ձեւերուն, պայմաններուն ու միջոցներուն մասին: Հայերէն, անգլերէն ու արաբերէն լեզուներով գրուած բոլոր կարծիքներուն մէջ կը շեշտուէր սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի ու ներողամտութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիսասրահին մէջ բարի գալուստի խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՔրիստինԱրզումանեան-Ղազարեան: Ան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին ձեռնարկի յաջողութեան համար, ապա հաստատեց, որ երբ քրիստոնէական որեւէ առիթով կը հաւաքուինք, մեր սիրտերը ո՛չմիայն յոյսով կը լիցքաւորուին, այլ նաեւներողամտութեամբ եւ ուրախութեամբ, որոնց համար շնորհակալենք Աստուծոյ: Տիկին Արզումանեան- Ղազարեան նշեց, որ իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող ժողովուրդհայութիւնը միշտ ալ եղած է հաւատացեալ, վճռակամ եւ նահատակներու առաքելութիւնը պահող ուշարունակող ժողովուրդ:
Բացման խօսքին յաջորդեց Տիար Յովիկ Յակոբեանին պատրաստած Ցեղասպանութեան մասին տեսերիզ ցուցադրութիւնը, ապա Նժդեհ Պոտրումեան մեներգեց «Բարիարագիլ», «Պլպուլիհիտ» եւ «Մուշ» երգերը, իսկ Ալիս Իփրաճեան «Հայոցմայրեր» եւ «Ղարաբաղ» երգերը:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք Տիար Գէորգ Յակոբճեան, Հայոց Ցեղասպանութեան առթիւՄեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան հրատարակած երեք գիրքերն ու անոնց հեղինակները ներկայացուց: Տիար Յակոբճեան իր ներկայացումին ընթացքին անդրադարձաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայ Դատի գծով տարած աշխատանքներուն եւ առաքելութեան: Ապա Տիկին Արզումեան-Ղազարեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց հայկական գինեձօնի սովորութիւնն ու անոր իմաստը, իսկ Նշան վրդ. Լախոյեան, հայր Թոնի Խատրա եւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան բեմ բարձրանալով միասնաբար կատարեցին նշեալ գիրքերուն գինեձօնը: Այս առթիւ Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Թոնի Խատրա արտասանեց իր սրտինխօսքը: Ան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն հայութիւնը հետաքրքրող դատ մը պէտք չէ ըլլայ, այլ եւ համայն մարդկութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական «Նռան» գինիով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ՝ մոմերով քայլարշաւմը դէպի Անթիլիասի մայրավանք, ուր Ցեղասպանութեան նուիրուած մատուռին առջեւ մոմավառութիւն կատարուեցաւ` Տաճատ վրդ. Աշըգեանիգլխաւորութեամբ եւ միաբան հայրերու ներկայութեամբ: