*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Յուլիս 18-ին ճոխ նախաճաշէ մը ետք, հրաժեշտ առնելով մեր կորսուած պապենական Արեւմտահայաստանէն, եկանք օդակայան Իսթանպուլ վերադառնալու։
Պահը շատ յուզիչ էր։ Հի՜ն, կորսուած բայց մտերիմ հարազատէ մը բաժանումի պահն էր կարծէք։ Անհասկնալի փոթորիկ մը եւ մելամաղձոտութիւն մը կլանած էր հոգիս։ Պապենական հողերուս, արիւնաթաթախ Հայրենիքիս «ցտեսութիւն» պիտի ըսէի քանի մը ժամէն։ «Հայաստան Երկիր Դրախտավայր»ը քանի մը օր վայելելէս ետք, կարծես յանցաւոր կը զգայի, որ պիտի «լքեմ» զինք։ Բայց ո՛չ։ Օր մը, օ՜ր մը տարբեր hանգամանքով վերադառնալու խոստումով կը մեկնէի ես։ Եթէ ոչ ես, իմ զաւակներս, եթէ ոչ զաւակներս, ուրեմն թոռներս կամ ծոռերս կամ անոնց զաւակներն ու թոռները պիտի վերադառնան իմ նախահայրերուս արիւնաբոյր Հայրենիքը, որպէս իրա՛ւ տէրերը այդ երկրին։ Անոնք Արարատը պիտի վայելեն նաեւ արեւմուտքէն։ Անոնք պիտի աղօթեն մեր հազարումէկ եկեղեցիներուն մէջ։ Անոնք պիտի լողան Վանայ Լիճի զուլալ ջուրերուն մէջ։ Անոնք պիտի ըմպեն ջինջ ջուրերը Հազարան պլպուլի՝ «պին կէօլ»ի աղբիւրներուն։ Անոնք պիտի վայելեն բիւրաւոր բարիքները հայրենի մեր դաշտերուն եւ հիւթեղ պտուղները մեր մրգաստաններուն։ Անոնք պիտի գինովնան մեր այգիներուն արեւահամ գինիով։ Անոնք իրենց քրտինքով պիտի շաղախեն հողը մեր մայրենի եւ «պիտի կերտեն նոր արշալոյս»։ Եւ անոնք, կտրիճները մեր քաջարի եւ հեզաճկուն աղջիկները մեր սիրասուն, ձեռք ձեռքի, գիրկ գիրկի պիտի պարեն հայրենի պարարտ հողին վրայ եւ իրենք ալ պարարտանալով պիտի լեցնեն աշխարհը մեր Նայիրեան։
Օդակայանի ապահովութեան հսկիչներու քննչական գործիքներէն մին, մեր խումբի անդամներէն մէկուն վալիզին մէջ մետաղեայ, զէնքի նմանող գործիքի մը ստուերը տեսեր է։ Մարդը առին տարին։ Դոկտ. Կարպիսը հետեւեցաւ անոնց որպէսզի հարցը լուծէ։ Մի ըսեր, մեր ճամբորդին նուէր մը տուեր են, տուփի մը մէջ, որ մետաղեայ գործնական «միակապուած» գործիք մըն էր (դանակ, պատարաքաղ, տուփ բանալիք, շիշ բանալիք, մկրատ, փոքր մուրճ, կացին եւայլն…) պտոյտներու կամ տան մէջ գործածելու։ Երբ ճամպրուկը բացին եւ ստուգեցին, ամէնքս շունչ մը քաշեցինք։ Խեղճ մարդը քրտինքներու մէջ, լոլիկի պէս կարմրած եւ վախցած վերադարձաւ։
Իսթանպուլի «Քեմալ Աթաթիւրք Օդակայան»ը հասանք կ.ե. ժամը 5։30-ին։ Քանի որ Ռամազանի շրջանն էր եւ ընթրիքի ժամը, բեռնակիրները եւ օդակայանին պաշտօնեաներէն շատերը ընթրելու գացեր էին, ուրեմն մեծ իրարանցում կար օդակայանին մէջ։ Հարիւրաւոր ճամպրուկներ մէջտեղերը, խճողում, դուրսը թրաֆիք, հրմշտուք, կատարեալ լաբիւրինթոս։ Կ՛արժէր տեսնել Քաթիային ջղայնութիւնը։ Այդ յուզական աղջիկը անցնող երկու շաբաթներու յուզումներն ու բարկութիւնը կարծէք հոս կ՛ուզէր թափել։ “This country is a zoo and you are the animals living in this zoo” (այս երկիրը կենդանաբանական պարտէզ է եւ դուք ալ անոր մէջ ապրող անասուններn էք) կը պոռար։ Եւ այս՝ քանի մը անգամ վալիզները փնտռելու հոս – հոն վազվզելով։ Խեղճ ամուսինը՝ Տիգրանը, կը փորձէր հանդարտեցնել զինք։ «Ձգէ այս սրիկաներուն դասը ես պիտի տամ», կ՛ըսէր Քաթիան։ Մեր խումբին ուղեկցորդը շատ նեղուեցաւ այս անարգական խօսքերէն եւ դէմքը կախեց։ Ան Քաթիային ըսաւ, որ անգամ մըն ալ Թուրքիա չի կրնար գալ, քանի որ մեզի հետեւող լրտեսները լսած եւ արձանագրած էին իր խօսքերը։ Որու՞ հոգը։
Երբ վերջապէս օրակայանէն դուրս ելանք՝ տեսանք, որ քանի մը թուրք շարժավարներ իրարու հայհոյելով կը կռուէին։ Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ ես ալ կարենայի այդ կռիւին մասնակցիլ եւ քանի մը թուրք շուներու գլուխները ջարդել…։
Պանդոկ տեղաւորուելէ ետք ճամբայ ելանք նախապէս ապահովուած ճաշարան մը երթալու։ Ծովեզերքի հանրային կանանչապատ եւ ծառերով յագեցած զբօսավայրերը խճողուած էին ընտանիքներով, որոնք Ռամազանի օրուայ աւարտին եկած էին ընտանեօք եւ բարեկամներով ընթրելու։ Ոմանք փոքր սեղանիկներու վրայ, ուրիշներ գետինը գորգ մը կամ ծածկոց մը փռած տեղաւորուած էին։ Ամէն քայլափոխի խորովածի «մանղալ»ները փայտածուխի եւ իւղոտ միսի այրուածքի անուշահոտ բուրմունքով մեր ռունգերը կը լեցնէին։ Որքա՜ն պիտի ուզէի ես ալ հոն ըլլալ եւ անոնց հետ վայելել խորովածի քիչ մը իւղոտ միսերը… ։ Անշուշտ թրքական «շարքի»ները (երգերը) ամէն տեղ էին, կարծէք ծառերու ճիւղերուն եւ տերեւներուն մէջէն մեր ականջները ծակելու։
Պասէն իջնելով մտանք լուսազարդարուած փողոց մը։ Բազմաթիւ ճաշարաններ քով քովի շարուած էին։ Ընտանիքներ, բարեկամական խումբեր, երիտասարդներ, գրաւած էին սեղանները։ Մենք այն օրը ձուկ պիտի ուտէինք։ Օդը տաք եւ շատ խոնաւ էր։ Տեղաւորուեցանք ճամբուն վրայ զետեղուած երկար սեղանի մը շուրջ, որ մեծ հովահարէ մը եկող օդով կը զովանար քիչ մը։ Վստահաբար այս ճամբայէն գիշերային որոշ ժամէ մը ետք ինքնաշարժ չէր անցներ։ Մէզէները («աղցան»ը նոյն համը չի տար…) եկան թրքական օղիով։ Շատ համեղ էին։ Եկաւ տապկուած թարմ ձուկը իր զարդարանքներով։ Իմ սովորութեանս համաձայն, եթէ ճաշը շատ համով ըլլայ, չեմ խօսիր շուրջիններուս հետ եւ գլուխս կախած պնակիս վրայ, կը կեդրոնանամ ճաշին համը անընդմէջ վայելելու, «քիչ մը» արագ ծամելով։ Պատառները մէկը միւսին ետեւէն կ՛աճապարեն կոկորդէս վար սահելու։ «Ետեւէդ ձիաւոր չի գար կոր, քիչ մը կամաց կեր» կ՛ըսէր լուսահոգի մայրս։
Այս ճաշարաններու յաճախորդները զբօսեցնելու համար, շրջուն նուագախումբեր եւ երգիչներ ման կու գային։ Բնականաբար մօտեցան նաեւ մեր խումբին եւ մեզի ծանօթ երգեր սկսան երգել, ինչպէս «Եա Մուստաֆա, եա Մուստաֆա», թրքերէնով «աղջիկս քեզի Ալիին կ՛ուզե՞ս տամ. – Չեմ ուզեր հայրիկ ճան չեմ ուզեր», թրքերէնի թարգմանուած եւրոպական երգեր, եւալն։ Այս նուագախումբերը «պախշիշ»ով (նուէր) կը վճարուէին, այնպէս որ ճաշարանապետերը անվճար «entertainer»ներ ունէին։
Պասով գիշերային աղուոր պտոյտ մըն ալ ընելով Պոլսոյ թաղերուն մէջ, վերադարձանք մեր պանդոկը հանգստանալու։