Դեկտեմբեր 4-ին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան միջազգային օրուան նախաշեմին, «Մարդկութեան դէմ ոճիրներու հարիւրամեակ» ընդհանուր խորագիրի ներքոյ, Ժընեւի Ուեպսթըր համալսարանին մէջ կազմակերպուած է համաժողով՝ «Ինչո՞ւ Ցեղասպանութիւն. իրողութիւններ, պատասխաններ, հետեւանքներ» թեմայով: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (ԱԳՆ) մամուլի ծառայութենէն:
Քննարկումները ընթացած են չորս հիմնական ուղղութիւններով` ցեղասպանութեան գաղափարախօսութիւն, ցեղասպանութեան կանխարգիլում եւ պատժում, ցեղասպանութիւններու պատմական հարթութիւն եւ հետեւանքներ, արդարութիւն եւ հաշտեցում:
Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկած է Ժընեւի մէջ ՀՀ դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեանը: Ան նշած է, որ այս տարի առաջին անգամ կ՝ոգեկոչուի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան միջազգային օրը` հաստատուած ՄԱԿ ԳԱ Վեհաժողովի բանաձեւով` Ժընեւի մէջ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի կողմէ, սոյն թուականի Մարտին ընդունուած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւի հիման վրայ:
Ան յիշեցուցած է, որ ինչպէս Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ ցեղասպանութեան եզրոյթի ստեղծման, այնպէս ալ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման միջազգային պայմանագիրի մշակման հիմքերը անմիջականօրէն կապուած են Մեծ Եղեռնին ու Հոլոքոսթին: Ան նշած է, որ բազմաթիւ ցեղասպանագէտներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դիտուի իբրեւ առաջին «Ժամանակակից» ցեղասպանութիւն, որ իրագործուած է պետութեան կողմէ` ատելութեան եւ սառ հաշուարկի համակցումով:
Յասմիկ Տոլմաճեան ընդգծած է, որ Ժընեւի մէջ Հայաստանի նախաձեռնութեամբ, եօթ տասնեակէ աւելի պետութիւններու համահեղինակութեամբ ընդունուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւը կ՝ամրագրէ, որ անպաժելիութիւնն ու ժխտողականութիւնը կը խոչընդոտեն այդ ոճիրի կանխարգիլման ջանքերուն` միեւնոյն ժամանակ թոյլ չտալով խաղաղութեան հաստատման ու ժողովուրդներու հաշտեցման:
Ան յիշեցուցած է, որ ժխտողականութիւնը ըլլալով ցեղասպանութեան եզրափակիչ փուլը, ի յայտ կու գայ տարբեր դրսեւորումներով: Ան վկայակոչած է Ցեղասպանութիւններու միջազգային Ընկերակցութեան նախագահ Ռ. Սմիթի խօսքերը, ըստ որուն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան առանձնայատկութիւնն է, որ անիկա միակն է, ի տարբերութիւն Հոլոքոսթի, որ պետական քաղաքականութեան անբաժան մաս է եւ արդէն շուրջ հարիւր տարի հետեւողականօրէն կ՝իրագործուի թրքական` միմեանց յաջորդող անխտիր բոլոր կառավարութիւններու կողմէ` պետական իշխանութեան ողջ հզօրութեամբ եւ միջոցներով:
Համաժողովին ելոյթներով հանդէս եկած են Ժընեւի մէջ Ռուանտայի դեսպանը, Եւրոպայի խորհուրդի մշտական ներկայացուցիչը, Պուտափեշթի Ցեղասպանութեան եւ զանգուածային ոճիրներու կանխարգիլման կեդրոնի ղեկավարը, ինչպէս նաեւ տասնեակ դասախօսներ ու փորձագէտներ: