*ՌԱՖՖԻ ՀԵՐՄՈՆ ԱՐԱՔՍ*
Անցնող 1 Նոյեմբերին Թուրքիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները քանի մը ամիս առաջ՝ 7 Յունիսին կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն շարունակութիւնն էին: Այդ ընտրութեանց արդիւնքով Թուրքիոյ մէջ պէտք է կազմուէր քոալիսիոն կառավարութիւն մը, սակայն նախագահ Էրտողան ամէն ջանք թափեց, որպէսզի այդ մէկը չկայանայ եւ ինք շարունակէ իշխանութեան գլուխ մնալ առանձին: Ընտրութիւններուն ես նշանակուած էի, որպէս HDP կուսակցութեան ներկայացուցիչ եւ տեղին է նշել, որ նման պաշտօն մը ստանձնող միակ հայը չէի: Ոստիկաններու հսկողութեամբ, երեքական հոգիով կնքուած քուէներու տոպրակը Բարձրագոյն ընտրութեան յանձնաժողովին մենք ձեռամբ յանձնեցինք, իսկ արտասահմանէն (ԵԱՀԿ) եկող դիտորդները միայն ցերեկ ժամանակ կային, եւ ինչպէս պարզ է բոլորին՝ ամէն տեսակ խարդախութիւն կը կատարուի վերջին րոպէին, այսինքն անոնց ներկայութիւնը ի զուր էր: Գաղտնիք ալ չէ, որ ընտրութիւններուն կապուած ամէն տեսակի խարդախութիւն կրնայ ըլլալ, եւ դիտորդները կրնան բացայայտ խախտումները նկատել միայն այն ժամանակ, երբ հաշիւները թուղթի կը յանձնուին:
Ընտրութեան արդիւնքները պարզուեցան շատ անսպասելի արագութեամբ եւ զարմանք առաջացուցին բոլորի մօտ, նոյնիսկ եւրոպացիներուն: Իսկապէս զարմանալի էր, 1.5 էն 2 միլիոն «անհասկնալի» քուէներ մէջտեղ ելան: Այս «անհասկնալի» քուէներուն հետ կապուած են որոշ ասեկոսներ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւը այն էր, որ 3 միլիոն սուրիացիներ, որոնց մեծամասնութեան թրքական քաղաքացիութիւն տրուած էր, քուէարկած են AKP-ին: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը անգամ զարմացան Թուրքիոյ «արհեստավարժական» եւ թեքնիք արագութեան վրայ, որուն շնորհիւ քուէարկութեան կեդրոններու փակումէն միայն ժամեր անց յայտարարուեցաւ՝ իշխող AKP կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակին մասին:
Ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ հինգ ամսուան շրջանէ մը ետք AKP-ն կրցաւ առանձինն իշխանութեան գլուխ գալ, որ իրօ՛ք շնորհաւորանքի արժանի երեւոյթ էր:
Տեղին է նշել, որ 7 Յունիսի ընտրութիւններէն առաջ, Տիգրանակերտի մէջ HDP կուսակցութեան դէմ շարք մը անսպասելի քարոզչութիւններ եղան: Իշխանութիւնը ամէն գինով ճիգ կը թափէր, որ HDP-ն քուէներու 10%-ի սահմանագիծը չանցներ եւ անոր ձայները երթային ամէնէն շատ քուէ ստացած կուսակցութեան: Հակառակ Յունիս 7-ի ընտրութիւններու AKP կուսակցութիւն բոլոր ներդրած ջանքերուն, ան չյաջողեցաւ եւ HDP-ն կրցաւ հատել ընտրուելու համար պետականօրէն հաստատուած շեմը, սակայն մինչեւ Նոյեմբերի 1-ը , AKP-ի ի գործ դրած բոլոր ջանքերը արդարացան եւ HDP-ն 10%-էն նուազ քուէներ ստացաւ: Ի վերջոյ քիւրտերը PKK-ին միջոցով ծուղակը ինկած էին, պարզ այն պատճառով, որ անոնք չէին տիրապետեր քաղաքականութեան արուեստին, որ կը պահանջէ այնքան զգօն ու արթուն ըլլալ, որ նոյնիսկ քրիթիք դէպքերու հետ դէմ յանդիման գտնուելու պահուն ծուղակը չիյնալ: AKP-ի կարկառուն դէմքերէն Պորհան Գուզու խօսք առնելով շատ հետաքրքրական, ամէն բան բացատրող յայտարաութիւն մը ըրած էր, թէ «Մեր ժողովուրդը քաոսը շատ կը սիրէ, կը յուզուի, այդ վիճակը կը հաւնի», որ կը նշանակէր, թէ ժողովուրդը քաոսային վիճակէն ելլելով է, որ AKP-ին քուէարկեց:
Ես իրավիճակը կը նմանցնեմ Չարլիի ֆիլմերէն մէկուն, երբ ապակեվաճառ մը երախայ մը վարձելով՝ թաղի մը խանութներուն ապակիները ջարդել կու տայ, յետոյ կը ներկայանայ խանութպանները հանդարտեցնելու դերով, որ ինք բոլոր ջարդուած ապակիները պիտի նորոգէ շատ արագ կերպով, անշուշտ հարկ եղած վճարումի փոխարէն. այստեղ նմանութեան եզրերը նկատելի դարձնելով կարելի կ’ըլլայ եզրակացնել, թէ «փորձանքը ստեղծողը նոյն անձն է, նաեւ փորձանքի դեղը առաջարկողը՝ նոյնը»: Նմանօրինակ դէպք էր ժամանակին Ամերիկայի մէջ, խեղճ ու կրակ վարձկան մէքսիքացիներու կողմէ Իտալիայէն եկած գաղթականներուն ջարդել-փշրելու քաղաքականութիւնը, որմէ ետք անոնց կը ներկայանային ապահովագրական ընկերութենէն, առաջարկելով անոնց զիրենք փորձանքներէ պաշտպանելու ծառայութիւնը:
Ինծի կը թուի, թէ AKP-ի կուսակցութիւնը Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս եղող տարբեր երկիրներու մէջ ունի շատ խոհեմ խորհրդականներ, որոնք Թուրքիոյ հաւաքականութեան ընկերային ու քաղաքական իրավիճակին եւ երկիրի ընդհանուր ընթացքին ու աշխատանքներուն քաջատեղեակ ըլլալով՝ կրցան կարեւոր ծրագիր մշակել եւ զայն յաջողցնել: Այս օրինակները տալով կ’ուզեմ նաեւ շեշտադրել, թէ որեւէ մէկը իր հակառակորդէն զայրանալու կամ բարկանալու իրաւունք չունի, որովհետեւ անոր պարտականութիւնը ճիշդ հակառակը ընելն է, քանզի քաղաքական եւ մարդկային գիտութիւններուն մէջ զգացական մօտեցումները տեղ չունին:
7 Յունիսէն մինչեւ 1 Նոյեմբեր HDP կուսակցութեան պատկանող, Թուրքիոյ տարածքին վրայ գտնուող 500 շէնքերն ու կեդրոնները յարձակումներու եւ այլ տիպի ճնշումներու ենթարկուեցան ու երկիրի տարբեր հատուածներուն մէջ 600 հոգիներ սպաննուեցան:
Անդրադառնալով «Արեւելք» լրատուական կայքէջին վրայ լոյս տեսած՝ Սեւան Արծրունիի շատ հետաքրքրական յօդուածին կ’ուզեմ նշել, թէ որոշ բաներու մէջ սակայն անոր հետ համաձայն չեմ՝ շեշտելով, որ հետաքրքրական միտքերու կողքին, կարեւոր է նաեւ հարցերուն մէջ խորքային ըլլալը: Մեր սփիւռքեան ախտաճանաչումներու եւ հայերու քաղաքական վերաբերմունքի մասին իր յայտնած միտքերուն գրեթէ համաձայն եմ, սակայն երբեք չեմ ընդունիր անոր կողմէ հնչած այն գաղափարը, որ HDP կուսակցութիւնը վերջացած է: Ամերիկացիներու կողմէ եղած ընկերային շատ պարզ ճշմարտութիւն մը կայ, զոր Թուրքիոյ մէջ գործող քաղաքական այրերը լաւ գիտեն եւ ամբողջ վախը այդ է, որ 2025 թուականին Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութեան թիւը գրեթէ պիտի հաւասարի թուրք իսլամ բնակչութեան, իսկ 2050–ին հաւանական է, որ այս թիւը գերազանցէ իսլամ թուրքերուն թիւը: Հետեւաբար HDP կուսակցութեան մասին կարելի չէ նման արտայայտութիւն ունենալ:
Երբ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնները եղան, Տէմիրթաշի գործօնը մէջտեղ ելաւ, որ հոգեբանական հանգրուան մըն էր: Սալահ էլ-տին Տէմիրթաշ Թուրքիոյ հանրապետական խորհրդարանին մէջ առաջին ընտրուած երեսփոխանն էր եւ աստիճանաբար բարձրանալով՝ քաղաքական աստղ սկսած էր դառնալ ու Ան էր, որ տարիներ առաջ 24 Ապրիլի մը «Հայոց Ցեղասպանութիւն» որակումը հնչեցուցած եւ յայտարարած էր, որ այլեւս եկած է այդ փաստը ընդունելու ժամանակը: Տէմիրթաշ հանրապետութեան ընտրութեան ստացած էր 8.9% տոկոս, այսինքն 6% տոկոսէն հասած էր 9%-ի եւ 7 Յունիսի ընտրութիւններուն բարձրացաւ 12.5 առ հարիւրի: Այս թիւը իրենք ալ ընդունեցին որպէս քիչ մը ուռեցուած եւ ուռճացուած թիւ, որպէս AKP-ին դէմ եղող պլոք մը, որուն մէջ կային շատ տարբեր քուէարկուներու ձայներ, որոնք բնական պայմաններուն մէջ քրտական կուսակցութիւններուն չէին քուէարկեր: Այս բոլորը եղան ի վնաս AKP–ին եւ որպէսզի իշխող կուսակցութիւնը քիչ ձայն ստանայ, HDP-ին տուին 12%, բայց արդէն ժամանակաւոր քուէներով:
Թուրքիոյ մէջ հայերուն մէկ մասը ձայն կու տայ CHP-ին, իսկ միւս մասը HDP-ին եւ այս մօտեցումը շատ դրական է, ինչպէս ֆրանսացիք կ’ըսեն՝ «Բոլոր հաւկիթներդ մէկ կողովի մէջ մի հաւաքեր»: Քիչ մը հրեաներէն օրինակ պէտք է առնենք եւ պէտք է հասնինք նոյնիսկ այն գիտակցութեան, որ ամենաhակահրեայ կուսակցութեան մէջ անգամ պէտք է ունենաս քու ներկայացուցիչդ: Եթէ հրեայ մը ֆրանսայի մէջ անդամակցի ֆաշիստական Front National (Ազգային Ճակատ) կուսակցութեան, երբեք չի մոռնար, թէ որպէս պարտականութիւն մտած է այդտեղ, իսկ մենք հայերս երբ որեւէ կուսակցութեան մաս կազմենք, պապէն աւելի պապական կը դառնանք: Այդ իսկ պատճառով Ֆրանսայի մէջ Լո բենական կուսակցութեան մէջ հրեայ մը տեսնելը զարմանալի չէ, ոչ ալ հրեայ համայնքի անդամները զինք դաւաճան կը նկատեն, քանի որ ամէնէն խելացի գործը «հաւկիթները տարբեր կողովներու մէջ դնելն է», որպէսզի կարենաս երկխօսութիւն մշակել տարբեր ուժերու հետ:
Պարտաւոր ենք նաեւ մետալին հակառակ կողմը տեսնել: HDP-ի դէմ խաչակրութիւններ եղան, բայց վերջին հաշուով HDP-ն ալ ունեցաւ իր սխալները, որոնք բնական էին, քանի որ անոնց կը պակսէր փորձառութիւնը. անոր անհեռատես սխալներէն մէկը այն էր, որ HDP-ն չկրցաւ PKK-ի եւ իր միջեւ ստեղծել պէտք եղած հեռաւորութիւնը:
Գալով PKK-ին եթէ Թուրքիան անոնց ըսէ, «ինչ որ կ’ուզէք առէք, նոյնիսկ ինքնավար շրջան», հոն անկախութիւնը խնդրոյ առարկայ դառնալէ կը դադրի, բայց պիւրոքրաթական ինքնակառավարման իրաւունք կը տրուի բոլոր Թուրքիոյ, կը մնայ մայրենի լեզուն պետական շրջանակներու մէջ որպէս մայր լեզու գործածելը, այդ պարագային PKK-ին գոյութեան պատճառն ալ չի մնար եւ այդ պատճառով հաւանական է, որ PKK-ն ընդդիմանայ HDP-ին դէմ :
Այսօր Թուրքիոյ մէջ վիճակը լուրջ է, ամէն վայրկեան նորութիւն մը կրնայ պատահիլ կամ նոր իրավիճակ մը «պայթիլ», իսկական հարցը հետեւեալն է. Ամերիկան եւ Ամերիկայի նման երկիրներ երրորդ աշխարհի բռնակալներ կ’ընտրէին եւ զանոնք կաշառելով այդ երկիրներու վրայ իրենց իշխանութիւնը կը բանեցնէին: Ժամանակները անցան, եկաւ ժողովրդավարութեան խաղը, այդ խաղին մէջ հիմա Ամերիկա կը նախընտրէ մէկ հոգիի հետ խօսիլ՝ յանձինս պետական նախագահին: Ամբողջ հարցը այդ է, ինծի այնպէս կը թուի, թէ երբոր նախագահական օրէնքը ընդունուի Թուրքիոյ մէջ, նոյն այդ պահուն Էրտողանի առաքելութիւնը պիտի աւարտի: