Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հրանդ Տինք Եւ Թահիր Էլչի Իրարու Նման Էին Տեսքով Ու Պայքարով Եւ Սպաննուեցան Նոյն Ձեւով

Թուրքիոյ Տիարպեքիրի Սուրի շրջանին մէջ մամլոյ ասուլիսի աւարտին, լրագրողներու աչքին առաջ սպաննուած Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի նախագահ Թահիր Էլչին, արտաքինով ու պայքարի ոգիով, նոյնիսկ սպանութեան ձեւով կը նմանցնեն Հրանդ Տինքին, կը գրէ News.am-ը:

Ինչպէս Հրանդ Տինք, Թահիր Էլչի եւս դուրս եկած էր թրքական պետական մտածելակերպին դէմ` պայքարելով ճնշուածներու, բռնութեան ենթարկուածներու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու շահերուն պաշտպանութեան համար:

Դեռ 1990ականներէն որպէս փաստաբան հանդէս եկած է եւ մեծ աղմուկ հանած՝ իբր քրտական կոտորածներու գործերով տուժողներու փաստաբան ու կրցած է Թուրքիոյ դէմ Եւրոդատարանին մէջ միլիոներու հասնող փոխհատուցումներ ապահովել տուժածներուն համար:

Ազգութեամբ քիւրտ ըլլալով, կը պայքարէր թէ՛ քիւրտերու իրաւունքներուն, թէ միւս ազգային փոքրամասնութիւններուն, որոնց մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Ան ամէն Ապրիլ 24-ին կը մասնակցէր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններուն:

Թուրքիոյ մէջ առաջադէմ մտաւորականները Թահիր Էլչին կը նմանցնեն Հրանդ Տինքին՝ անոնց արտաքին նմանութեան, պայքարի ոգիով` յանուն խաղաղութեան եւ նոյնիսկ երկուքի սպանութեան նմանութեամբ: Թուրքիոյ մէջ կը հաւատան, որ Թահիր Էլչին եւս կազմակերպուած սպանութեան զոհ դարձաւ` ինկած դիրքով ալ նման ըլլալով Հրանդ Տինքին:

6

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին