Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Իննսունհինգամեակ Երախտիքի եւ Յանձնառութեան (Երեւանի Պետական Համալսարանի հիմնադրութեան 95 ամեակի առթիւ)

*ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ*

Համաշխարհային մշակոյթի կարեւորագոյն հանգրուաններէն կամ փուլերէն մէկը եւ ամենակարեւորը կը համարուի՝ գրաւոր լեզուի ստեղծումը կամ գիրերու հնարումը, դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ գիտութեան ուսուցումը, որ տեղի ունեցած է շատ մը բնակավայրերու մէջ՝ նպաստելով մարդկային կեանքի զարգացումին:

Այս իմաստով թերեւս ժողովուրդներու պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի մենք ենք, որ գիտենք գիրին եւ դպրոցին կարեւորութիւնը, կ’ըմբռնենք անոնց դերը, վերահասու ենք անոնց անժխտելի առաքելութեան:

Պատահկան երեւոյթ չէ ասիկա, այլ հայ ժողովուրդի բնատուր աւանդութիւններէն ու արժանիքներէն սրբագոյնը:

Հայ ժողովուրդի նման բազմաչարչար հայ դպրոցը եւս, իր վերիվայրումներով, ճառագայթումներով ու շողարձակումներով, մնացած է ու պիտի մնայ հայ ժողովուրդին շունչ ու կեանք տուող կենսական աւիշը:

Հայրենի հողին վրայ թէ անկէ դուրս, ուր որ գտնուեցաւ մեր ժողովուրդը, ինչ պայմաններու տակ ալ ապրեցաւ՝ հալածուած թէ ազատ, ան միշտ փառած մնաց իր ակունքներուն, հայ դպրոցի ճամբով պահելով իր ինքնութիւնը:

Բազմիցս խաչուած մեր ժողովուրդը, հակառակ անբարենպաստ կացութիւններու եւ պայմաններու, կրցած է գտնել ձեւն ու միջոցը արդիւնաւոր աշխատանքի, որպէսզի չխամրի հայ կրթութեան օճախը, որովհետեւ հաւատացած էր, թէ հայ դպրոցը մնայուն անհրաժեշտութիւն մըն էր իր կեանքի յաւերժութեան համար:

Այո՛, մեր դպրոցը մեր պատմութեան անբաժան մասն է, մեր աշխարհագրութիւնն է, ճակատագիրի բերումով դարձած բաժան-բաժան: Աշխարհի չորս ծագերուն տարածուած հայութիւնը, ուր որ կայք հաստատած է՝ բացած է կրթական հաստատութիւններ, հայ դպրոցներ:

Կը գտնէ՞ք ուրիշ ժողովուրդ, որ դպրոցին նկատմամբ այսպիսի պատկերացում ու այսպիսի հաւատք ունենայ:

Այո՜, այս՝ մենք ենք:

18րդ դարու ֆրանսացի արեւելագէտ Գալիելմուս Վելգրուան ըսած է. «Թերեւս անհաւատալի թուի եթէ ըսեմ, թէ Հայաստանը Ասիոյ համար ամենանշանաւոր ակադեմիա հանդիսացած է…: 9-13րդ դարերուն Հայաստանը մեծապէս կրնար այս աշխարհամասի ուսուցիչը ըլլալ: Ան այդ ամբողջ ժամանակաշրջանին՝ բոլոր գիտութիւնները հարստացուցած է բազմահմուտ մարդերով՝ աստուածաբաններով, հռետորներով, աստղագէտներով, ասորերէնին ու արաբերէնին, պարսկերէնին ու լատիներէնին գերազանց տիրապետող թարքմանիչներով»:

Այո՜, այս՝ մենք ենք:

Ամենայնդէպս՝ հայ ժողովուրդը «Համալսարան» բառը ունեցած է վաղնջական ժամանակներէն ի վեր: Ան տեղ գտած է մեր մեսրոպատառ առաջին մատեաններու էջերուն մէջ ոչ թէ որպէս սովորական բառ մը, որ կ’արտայայտէ այս կամ այն իմաստը, հասկացութիւնը կամ առարկան, այլ որպէս մեր լուսաւոր երազներէն ու սրտագին բաղձանքներէն մէկը, որ պէտք էր իրականանար այն ատեն, երբ ճակատագիրը խաղաղ կեանքի առաւօտը շեփորեր հայոց աշխարհին մէջ: Իսկ երբ չկար այդ առաւօտը, մեր ժողովուրդի ուսումնածարաւ, այսինքն՝ համալսարանատենչ երիտասարդներ կը թափառէին օտար երկինքներու տակ: Օտար համալսարաններու մէջ է, որ կը յագեցնէին իրենց ուսման պապակը, միաժամանակ բորբոք պահելով մայր հողին վրայ սեփական համալսարան ունենալու անմար տենչը:

Ստեղծագործ հայ ժողովուրդը միշտ մեծ սէր տածեր է դէպի գիտութիւնը: Յայտնի է, թէ տակաւին Քրիստոսէ ետք 4րդ եւ 5րդ դարերուն Աղեքսանդրիոյ, Աթէնքի, Հռոմի եւ Եդեսիոյ բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ ուսաներ են մեծ թիւով հայեր, որոնք վերադառնալով Հայրենիք, ձեռնարկեր են մանկավարժական գործունէութեան, ստեղծեր են գիտութեան այս կամ այն բնագաւառի ինքնատիպ ուսումնասիրութիւններ եւ կատարեր բազմաթիւ թարգմանութիւններ, մասնաւորաբար ժամանակի մեծագոյն գրողներու գործերը:

Անժխտելի իրողութիւն է նաեւ, որ միջին դարերուն հայ ժողովուրդը ունէր Անիի, Գլաձորի, Տաթեւի, Սանահինի եւ այլ դպրոց-համալսարաններ, ուր դասաւանդեր են Արիսթոդելի փիլիսոփայութիւնը, Էկլիդէսի երկրաչափութիւնը, Դիոնիսիոսի քերականութիւնը, Շիրակացիի տիեզերագիտութիւնը եւ բազմաթիւ այլ նիւթեր: Այս համալսարաններէն շրջանաւարտ բազմաթիւ մտաւորականներ ստեղծագործեր եւ մեզի ձգեր են հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութիւն:

Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող մեր ժողովուրդի ճակատագիրը եղած է աղէտալի: Մէկը միւսի ետեւէն մահ, արհաւիրք սփռելով, Հայաստան աշխարհը ոտնակոխ ընելով անցեր են բազմաթիւ բարբարոս նուաճողներ: Անոնք աւերակներու, մոխրակոյտերու վերածեր են մեր երկիրը, լռեցուցեր են շինականներուն մաճկալի երգը, խափաներ են լուսաշող միտքերու թռիչքը եւ ոչնչացուցեր մշակոյթի բազմաթիւ ու անգնահատելի արժէքներ:

Սակայն անսահման զոհողութիւն յանձն առնող այս ժողովուրդը, նահատակուող, մահին դէմ պայքարող այս հոյակապ ժողովուրդը, անհաւատալիօրէն մաքարելով բոլոր դառն իրականութիւններու դէմ, յարութիւն առնելով, ամոքելով իր վէրքերը, շարունակեց իր աշխատանքը: Ողբի այդ օրերուն, աւերակ մեր Հայրենիքէն դէպի հեռաւոր երկիրներ գաղթող հայ զանգուածներ, օտար երկինքներու տակ իսկ շարունակեցին իրենց հայրենանուէր աշխատանքները, ինչպէս Հնդկաստան, Լեհաստան, Ռուսաստան, Վրաստան, Ֆրանսա, Իտալիա եւ այլ տեղեր հիմնելով նոր եկեղեցիներ, նոր դպրոցներ եւ մշակոյթի նոր կեդրոններ:

19րդ դարու սկիզբներուն, երբ Հայաստանի մէկ մասը ազատագրուեցաւ պարսկական լուծէն եւ միացաւ Ռուսաստանին, հայ ժողովուրդին համար ստեղծուեցան տեսակ մը ֆիզիքական գոյութեան նպաստաւոր պայմաններ, որոնց որպէս արդիւնք՝ բացուեցան բազմաթիւ դպրոցներ: Աստրախանի, Մուսկուայի, Նոր Նախիջեւանի եւ Թիֆլիսի հայկական դպրոցներէն բացի, լոյսի օճախներ կերտուեցան Երեւանի, Էջմիածինի, Շուշիի եւ այլ վայրերու մէջ: Հետագային՝ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ աւարտելով տեղի դպրոցները, իրենց ուսումը շարունակելու համար կը մեկնէին Ռուսաստան, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներու համալսարանները:

Ահա՛ այս ժամանակներուն էր, որ հայ մտաւորականութիւնն ու գործիչները սկսան լրջօրէն մտածել՝ հայկական համալսարանը վերականգնելու հարցի մասին: Հայկական համալսարանը վերականգնելու մեծագոյն ջատագովները եղած են մեծ լուսաւորիչներ Խաչատուր Աբովեանը, Միքայէլ Նալպանտեանը եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը: Անոնք մեծ ոգեւորութեամբ լծուեցան աշխատանքի՝ ի խնդիր հայկական համալսարանի վերականգնման, իսկ Յ. Թումանեանի ղեկավարութեան տակ գործող «Հայկական Ընկերութեան» ժամանակաւոր յանձնաժողովը, որուն անդամներն էին Ն. Մառը, Ստ. Մալխասեանը, Մ. Աբեղեանը եւ ուրիշներ, ջանք չխնայեցին ի շահ այդ կարեւոր ծրագիրի իրագործման: Այս մասին արտայայտուելով Թումանեանը ըսած է. «Պէտք է համախմբել հայ գիտնականներու կաճառ, գիտութեան օճախ, հայկական ակադեմիա, եւ պէտք է ստեղծել հայոց համալսարանը, ուր կարելի ըլլայ բարձրագոյն գիտութիւններ աւանդել ու սորվեցնել հայերէն լեզուով: Մեր տարրական ու միջնակարգ դպրոցներու կեդրոնը պէտք է կառուցել եւ պահել իբր գիտութեան տաճար, մեր մանր ու մեծ ճրագներու մէջտեղը պէտք է վառել մեծ ջահ մը՝ հայկական համալսարան»:

Բայց իրականութիւն է, որ այդ երազները մնացին անկատար, պարզ այն պատճառով, որ այդ ժամանակներուն Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս դէմ յանդիման կը գտնուէին մռայլ ու ահեղ օրերու: Հարուածը ծանր էր, ուժգին եւ անողոք:

Սակայն ինչպէս պատմահայր Խորենացին ըսած է՝ «Հանուր հիւսիսականց վեհագոյն» մեր հիանալի ժողովուրդը, պայքարելով բոլոր դառն իրականութիւններու դէմ, Սարդարապատեան փրկարար ճակատումով վերականգնեց իր պետականութիւնը եւ ստեղծեց իր առաջին անկախ հանրապետութիւնը, զոր դժբախտաբար արտաքին միջամտութիւններու եւ ներքին անհամաձայնութիւններու պատճառով կարելի չեղաւ պահել-պահպանել, որուն որպէս արդիւնք՝ հայրենի ժողովուրդը հիմնեց իր երկրորդ հանրապետութիւնը՝ խորհրդային Հայաստանը:

Այստեղ փակագիծ մը բանալով կ’ուզենք շեշտել, թէ բնաւ անցեալապաշտ չենք եղած ու չենք. սակայն անկեղծ պէտք է ըլլանք յայտարարելու, որ կան իրողութիւններ եւ իրագործումներ, որոնցմէ անկարելի է խուսափիլ: Աւելին՝ անհրաժեշտ է այդ իրագործումներուն արդար գնահատական տալ: Անշուշտ այս պարագային խօսքը կը վերաբերի խորհրդային Հայաստանի 70ամեայ պատմութեան:

Պատմական բախտորոշ ժամանակաշրջան…:

Խորհրդային իշխանութեան առաջին տասնամեակներուն հայրենի ժողովուրդին համար կեանքը ծանր ու անողոք ըլլալով հանդերձ, Հայրենիքը կրցաւ ոտքի կանգնիլ եւ կամաց-կամաց ապրեցաւ աննախնթաց վերելք, դառնալով արդիւնաբերութեան, գիտութեան, կրթութեան ու մշակոյթի երկիր: Հայ ժողովուրդը այսօր հպարտութեան զգացումով կը յիշէ իր հերոսական պայքարի ու ստեղծագործական աշխատանքի փառահեղ արդիւնքները՝ շնորհիւ իր աշխատասիրութեան ու անշեղ հաւատքին:

Աներեր հաւատքի արդիւնքն էր որ ասկէ 95 տարիներ առաջ, հայ ժողովուրդը ոտքի տակ ճզմեց յետամնացութիւնն ու խաւարամտութիւնը եւ անմիջապէս ձեռնարկեց դպրոցներու, ուսումնարաններու, բարձրագոյն հաստատութիւններու հիմնադրութեան, որպէսզի այդ կրթական օճախներուն մէջ պատրաստուին ազգային ոգիով թրծուած բարձրորակ մասնագէտներ:

Պատմական անմոռանալի թուական՝ 1920 Դեկտեմբեր…:

Երեւանի պետական համալսարանի ու անոր յաջորդող այլ համալսարաններու հիմնադրումը, բացառիկ երեւոյթ էր հայ ժողովուրդին համար: Համալսարաններու ստեղծումով հայ մտաւորականութիւնը լայն հնարաւորութիւն ստացաւ աշխատելու, ստեղծելու եւ ծառայելու ժողովուրդին, իսկ հայ երիտասարդութեան համար բացուեցան բարձրագոյն կրթութեան՝ լոյսի դուռերը:

Այո հայրենի ժողովուրդը անհնարին պայմաններու մէջ, հազար ու մէկ դժուարութիւններու դէմ պայքարելով, Հայաստանի սիրտին վրայ ստեղծեց հայկական մշակոյթի բարձրագոյն վառարանը, մայր հողին վրայ վերականգնելով մեր բազմադարեան քաղաքակրթութիւնը:

Այստեղ անհրաժեշտ է յիշել, որ սփիւռքահայութիւնը չի կրնար խորապէս երախտագէտ չըլլալ Մայր Հայաստանին, հայրենի խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան, հայրենի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք 55 տարի առաջ իրենց գիրկը լայն բացին ուսումնատենչ եւ լոյսի ծարաւ, աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայ երիտասարդ- երիտասարդուհիներուն, որպէսզի գան Հայաստան, բարձրագոյն կրթական ուսումնարաններուն մէջ ուսում ստանան, ձեռք ձգեն մասնագիտութիւն ու անոր շնորհիւ գործի ասպարէզի մէջ բախտաւորուին եւ իրենց կեանքը իմաստաւորեն: Այդ որոշումը իսկապէս ճակատագրական էր սփիւռքահայ այդ երիտասարդներէն շատերուն համար, որոնք այլապէս զրկուած պիտի մնային բարձրագոյն կրթութենէ, բազմապիսի դժուարութիւններու պատճառով:

Անցնող 55 տարիներու ընթացքին Հայաստանի ուսումնարաններէն եւ համալսարաններէն դուրս եկան հազարաւոր սփիւռքահայ շրջանաւարտներ, որոնց մեծ մասը (որովհետեւ կան նաեւ անտարբերներ) անքակտելիօրէն կապուած են հայրենի հողին, քանի որ իրենց ուժն ու հմայքը ստացած են Հայաստան աշխարհէն՝ անոր տաքուկ կրթօճախներէն: Անոնք իրենց անսակարկ ծառայութիւնն ու աջակցութիւնը դրած են Հայրենիքին, համայն հայութեան եւ ազատ անկախ Հայաստանի հանրապետութեան բարգաւաճման ձգտող բոլոր տեսակի գործունէութիւններուն:

Մեր՝ Հայաստանի համալսարաններու շրջանաւարտներուս գլխաւոր յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ՝ մեր բոլոր կարելիութիւնները ծառայեցնել համայն հայութեան հոգիին, միտքին ու խիղճին օրրան, յաւերժի ճամբորդ Հայաստան աշխարհին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին