Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

«Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի Մշակութային Յանձնախումբին Կազմակերպած Շնորհահանդէսը

Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոն կրկին մարդաշատ էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ահրամճեան Կեդրոնը, ուր տեղի ունեցաւ «Խօսնակ» Մշակութային Յանձնախումբին կազմակերպած Շնորհահանդէսը, ուր ներկայացման դրուած էին Պարոյր Աղպաշեանի, Գասպար Տէրտէրեանի, Արամ Սեփեթճեանի եւ Արմէն Յարութիւնեանի 2015 թուականին հրատարակած հատորները:

Հանդիսութեան ներկայ էին մտաւորականներ եւ մշակութասէր, գրասէր ու արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը: Երեկոյեան ճիշդ յայտարարուած ժամուն սկսաւ երեկոյթը եւ միջոցառման բացման խօսքը ըրաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ ծանրացաւ մշակոյթի կարեւորութեան ու այդ ծիրէն ներս Հայ Գիրերու հիմնադիր Մեսրոպ Մաշտոցի մեծ աւանդին վրայ, որու շնորհիւ հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ կուրծք տալով բազում մարտահրաւէրներու:

Ապա ան կատարեց մէջբերում մը ամերիկահայ նշանաւոր գրող Ուիլիամ Սարոյեանէն, որ կ’ըսէր. «…Պիտի ուզէի տեսնել աշխարհի վրայ որեւէ ոյժ, որ կրնայ կործանել այս փոքր ցեղը, անտեսուած այս յամառ ժողովուրդը, որուն պատերազմները պարտութեամբ վերջացած են, կառոյցները՝ փշրուած, գրականութիւնը՝ մոռացութեան տրուած է, երաժշտութիւնը՝ անլսելի եւ աղօթքները անպատասխան մնացած են»:

Ան կարեւորելով հայ գրողին դերը մեր հասարակութեան մէջ, հայապահպանման տեսակէտով, գնահատեց Շնորհահանդէսին ներկայացուած չորս գիրքերու հեղինակներուն կատարած աշխատանքները, ուր հայ գրողներ որպէս ժողովուրդի բազկերակ, միշտ ալ ունին ըսելիք խօսք, կարապետ հանդիսանալու համար հասարակութեան եւ իրենց գրիչով խրախուսելու ամբոխներ ու վառ պահելու մշակոյթի ջահը, որ կը շարունակուի դարերէ ի վեր եւ որ կենդանի է ու հպարտօրէն կը հասնի սերունդէ սերունդ:

Համբիկ Մարտիրոսեանի բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ որոշուած յայտագիրը գրական այս եզակի երեկոյին եւ առաջին հերթին հանդէս եկաւ Մարալ Առնելեան ու ընթերցեց Արամ Սեփեթճեանի «Ձայներ Լռութեան մէջ» գիրքէն էջ մը, սահուն առոգանութեամբ, ապա Արամ Սեփեթճեան արձակագիրի «Ձայներ Լռութեան Մէջ» եւ «Գրական Հանդիպումներ» գիրքերուն մասին խօսեցաւ Անժէլ Միսիսեան, գնահատելով զոյգ գիրքերու գրական ու մշակութային բնագաւառներէ ներս ունեցած գեղարուեստական արժէքները, մերթ ընդ մերթ կատարելով մէջբերումներ:

Անժէլ Միսիսեանի մեկնաբանման յաջորդեց Թուխիկ Աւետիսեանի ընթերցումը՝ Արմէն Յարութիւնեանի «Նամականի Արմէն Յարութիւնեանի» գիրքէն, յաջող մեկնաբանութեամբ, որմէ ետք Վալանթին Օհանեան ներկայացուց Յարութիւնեանի գիրքը, միաժամանակ ծանրանալով անոր մշակութային մարզէ ներս բերած նպաստին, երբ ան որպէս բարերար, կատարած է բազմատասնեակ գիրքերու մեկենասութիւնը, այսպիսով տարածելով մեսրոպաշունչ հայ գիրքը:

Վալանթին Օհանեանէն ետք դարձեալ ունկնդրեցինք էջ մը՝ այս անգամ Պարոյր Աղպաշեանի «Երեւանի Պետական Համալսարան 95 ամեակ, Երախտաւոր դասախօսներ Դիմաքանդակային հպումներ» գիրքէն, զոր ընթերցեց Թուխիկ Աւետիսեան հաճելի ընթերցանութեամբ, ապա գիրքի մեկնաբանութիւնը յաջողապէս կատարեց արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեան, ծանրանալով «Երեւանի Պետական Համալսարանի 95 ամեակ» անուն գիրքի վրայ, միաժամանակ թուելով Համալսարանի ունեցած կարեւոր ու հայանպաստ դերը՝ գրեթէ դար մը ամբողջ:

Թամար Յովհաննիսեանի հետաքրքրական գրախօսութեան յաջորդեց Մարալ Առնելեան, այս անգամ ընթերցելով Գասպար Տէրտէրեանի «2015 Թուի Մեծ Ստուգատեսին՝ Մեր հողային պահանջատիրութիւնը միջազգային հանրային իրաւունքին մէջ» գիրքէն հատուած մը: Ընթերցումէն ետք Տէրտէրեանի վերը յիշուած հատորին մասին խօսեցաւ Ահարոն Շխըրտըմեան, որ մանրամասնօրէն թուեց գիրքին ունեցած ազգային-քաղաքական առաւելութիւնը:

Չորս գիրքերու մասին եղած մեկնաբանութիւններէն ետք, Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն» անուն բանաստեղծութեան արտասանութեամբ հանդէս եկաւ փոքրիկն Բալիկ Պաղտասարեան խլելով ծափեր:

Յետ արտասանութեան Համբիկ Մարտիրոսեան հրաւիրեց չորս հեղինակները եւ Հայաստանի Դեսպանութեան ներկայացուցիչ Պարոն Դաւիթ Միրզախանեանը, որպէսզի կատարեն հրամցուած գիրքերուն շնորհահանդէսը եւ գինիով օծեն չորս գիրքերը: Հերթականօրէն կատարուած շնորհահանդէսէն ետք շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Գասպար Տէրտէրեան:

Հաճելի ու զուտ գրական այս իւրայատուկ երեկոն փակեց «Խօսնակ»ի խմբագիրը՝ գնահատանքի խօսք ուղղելով օրուայ դասախօսներ Անժէլ Միսիսեանին, Վալանթին Օհանեանին, Թամար Յովհաննիսեանին եւ Ահարոն Շխըրտըմեանին, ապա շնորհակալութիւն յայտնելով յայտագիրի մաս կազմողներ Թուխիկ Աւետիսեանին եւ Մարալ Առնելեանին, ինչպէս նաեւ փոքրիկն Բալիկ Պաղտասարեանին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ գրասէր ու գրքասէր հասարակութեան, որոնք միշտ կը քաջալերեն «Խօսնակ»ի ձեռնարկները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր շարունակուեցան մտերիմ զրոյցներ: Ներկաները մեծապէս գոհ եւ ուրախ, գնահատեցին օրուայ միջոցառումը եւ յայտնեցին իրենց սրտի գոհունակութիւնն ու շնորհակալիքը Մշակութային Յանձնախումբին:

                                                                                                                       «Խօսնակ» Լրատու

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին