«Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը Թուրքիոյ մէջ կ՛իրականացնէ՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ առեւանգած կանանց վաճառքը: Այս մասին տեսանիւթ պատրաստած է գերմանական պետական ARD հեռուստաընկերութիւնը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը վկայակոչելով թրքական Haberler-ը` գերմանական ARD-ի թղթակիցները նկարահանած են, թէ ինչպէս «Իսլամական պետութեան» ձեռքը գտնուող եզիտիները գումարով կը գնեն եւ կը յանձնեն հարազատներուն:
Էպու Միթալ անունով մէկուն միջոցով եզիտի ընտանիքը դիմած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող ԻՊ-ի ստրուկներու շուկայի գրասենեակ` գնելու 2-էն 4 տարեկան 3 երախաներ, անոնց մայրն ու 11 տարեկան երախան: Էպու Միթալը համացանցի միջոցով սակին համար բանակցութիւններ ըրած է ԻՊ-ի հետ եւ գինի շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելէ ետք, մեկնած է Թուրքիոյ Այնթապ քաղաքը եւ sms հաղորդագրութեամբ ստացած ԻՊ-ի գրասենեակի հասցէն եւ այն մարդուն անունը, որուն պէտք է փոխանցէ գումարը:
Էպու Միթալը իր վրայ ամրացուած գաղտնի տեսախցիկով գացած է ԻՊ-ի գրասենեակ, ուր ԻՊ-ի զինեալը դրամ հաշուելու ինքնաշխատ մեքենայով հաշուած է բերած գումարը:
Այնուհետեւ Էպու Միթալը մեկնած է Սուրիա եւ տեղաւորուած հիւրանոցի մէջ ու սպասած է ԻՊ-ի sms հաղորդագրութեան: Որոշ ժամանակ անց Միթալին եկած է հաղորդագրութիւն, ուր կը նշուի գերիները ստանալու տեղն ու ժամը: Հանդիպման վայր մեկնած եզիտի ընտանիքին անդամները իրենց հարազատները տեսնելուն պէս ուրախութենէն երկար արտասուած են:
ARD-ի հետ զրոյցի ընթացքին Էպու Միթալը նշած է, թէ վերջին մէկ տարուան մէջ ինք ԻՊ-էն գնած է 250 եզիտի կիներ ու աղջիկներ, որոնց համար վճարած է 2,5 միլիոն տոլար: Ան շեշտած է, թէ ԻՊ-ը եզիտի կիներն ու աղջիկները վաճառքի կը հանէ զանոնք թուագրելով` կից ներկայացնելով անոնց լուսանկարները։
***
Ամէն ինչ պարզօրէն ըսուած է այս լրատուութեան մէջ։ Իսկ գերմանական հեռուստաընկերութեան բացայայտածը արդեօ՞ք անծանօթ է՝ ահաբեկչութեան դէմ ըստ երեւոյթին պայքարող պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններուն։ Ասկէ առաջ նշած էինք թրքական «մահքէմէտէ տայըն օլսուն» (դատարանին մէջ քեռիդ թող ըլլայ) առածին հասկացողութեամբ Էրտողանի իշխանութեան գործելակերպը, որուն մէկ երեսն ալ ըստ այս լրատուութեան, Տաէշ կոչուած հրէշածիններուն մինչեւ իսկ գրասենեակ տրամադրելն է Թուրքիոյ մէջ, որպէսզի անոնք համացանցէն օգտուելով գերեվաճառութիւն ընեն։ Այս իրականութիւնը ինչքա՜ն նման է մեզի՝ հայոց հետ պատահածներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին ու անկէ ետք…։
«Խմբ.»