Մեր պաշտօնակից «Եռագոյն» կայքին վրայ կը կարդանք.
9-ամեայ Ալինան շաբաթը քանի մը անգամ, երեկոները կը նուագէ Երեւանի փողոցներուն մէջ:
Shabat.am-ը անդրադարձած է փոքրիկ երաժիշտին եւ անոր ընտանիքին պատմութեան: Դպրոցի մէջ երեք տարի գերազանցիկ այս աղջնակը նիւթական վատ պայմաններու պատճառով՝ ձմրան ցուրտին կը նուագէ փողոցի մէջ: «Շատ դրամ չեն տար, չեմ մսիր, քիչ մը կը նուագեմ ու յետոյ տատիկիս հետ տուն կ’երթամ», ըսած է Ալինան:
Ժպիտը երեսին, առանց տրնտջալու, փոքրիկը անդադար կը նուագէ, որպէսզի գումար վաստակի, որ քոյրն ու եղբայրները ուտելիք ունենան:
Բախտը այս ընտանիքին չէ ժպտացած: Աղջկան մայրը այս պահուն կը գտնուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոն` ունի վիրահատութեան կարիք, իսկ հայրը առանց որեւէ պատճառի հեռացած է, երախաները վստահելով 72 տարեկան տատիկին:
Անոնք վարձով կ’ապրին Նոր Նորքի 5րդ զանգուածի մէջ. «Տուն չունինք, որ գրանցում ունենայինք, գոնէ նպաստ կը ստանայինք, ձեւով մը կ՛ապրէինք: Թոշակը հազիւ կը բաւականացնէ օրուան հացին: Ալինան կը նուագէ, որ ապրինք, ինքն է մեր ընտանիքը պահողը», ըսած է տատիկը ու վստահեցուցած, որ փողոցին մէջ նուագելը երախայի հոգեկանին վրայ չ’ազդեր, այլ ընդհակառակը` ան կը սկսի աւելի լաւ նուագել:
Երախաներէն մէկը այս տարի` Յունուար 6ին կը դառնայ 2 տարեկան, Ալինան ժպիտը երեսին կ’ըսէ. «Կը դառնայ երկու տարեկան, սուրբ օր ծնած է», յետոյ ժպիտը դէմքին դարձեալ ու դարձեալ կ’երթայ նուագելու:
Անոնք, որոնք ցանկութիւն ունին օգնելու փոքրիկ Ալինային եւ իր ընտանիքին, կրնան գրել info@yerakouyn.com հասցէին կամ հեռաձայնել 0037498373777 թիւին: