Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Մինչ Հայաստան Կը Քուէարկէ Սահմանադրական Բարեփոխումներու Համար Ինչպիսի՞ն Են Լիբանանի Հայկական Կուսակցութիւններու Եւ Անձնաւորութիւններու Կարծիքները

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Մի քանի օր յետոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդային քուէարկութեան պիտի դրուի Սահմանադրական բարեփոխումներու ծրագիրը, ուր բազմաթիւ լիազօրութիւններ,  Հանրապետութեան նախագահէն պիտի անցնին վարչապետին եւ կառավարութեան։ Այս առիթով բազմաթիւ քննարկումներ՝ «Այո»ի թէ «Ոչ»ի, ծայր առած են պետական թէ ընդդիմադիր քաղաքական շրջանակներու մէջ, երբ վերջիններս կը համարեն, թէ այս բարեփոխումները կը միտին ամրապնդել նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչակարգի իշխանութիւնը, որուն նախագահութեան ժամկէտը պիտի վերջանայ 2016-ին։ Աւելին, անոնք կոչեր կ’ընեն ցոյցեր եւ նստացոյցեր կազմակերպելու եւ որոշ արեւմտեան երկիրներու դեսպանատուներէն ֆինանսաւորուած մամուլի թէ համացանցային կայքէջերու ներկայացուցիչներ՝ կոչեր կ’ընեն ժողովրդային յեղաշրջման եւ այլ արկածախնդրական քայլերու, որոնք այս դժուարին ժամանակաշրջանին՝ կրնան հարցականի տակ դնել ներքին կայունութիւնը, տկարացնել Հայաստանի դիրքերը արցախեան բանակցութիւններուն մէջ, որմէ անմիջապէս պիտի օգտուին Մայր Հայրենիքի գլխուն ամէն օրեայ սպառնալիքներ որոճացող Ազրպէյճանն ու Թուրքիան։ Արդարեւ բոլորս ալ գիտենք Հայաստանի մէջ զարմանալիօրէն արմատացած՝ քրէածին տարրերու ապականութեան շրջանակներու գործած աւերներուն մասին։ Սակայն «գունաւոր» յեղափոխութիւններով չէ, որ հարցերը կը լուծուին, այլեւ տրամաբանական երկխօսութեամբ, թափանցիկ քուէարկութեամբ, քաղաքացիական իրաւունքները յարգելու եւ փոխադարձ հասկացութեան մթնոլորտի մէջ։

Նկատի առնելով, որ Սփիւռքի թէ Լիբանանի հայկական աւանդական կուսակցութիւնները եւ ուժերը իրենց գործօն ու ազգանուէր գործունէութիւնը ծաւալած են Մայր Հայրենիքի մէջ, դիմեցինք անոնց վաստակաշատ գործիչներուն, իմանալու իրենց կարծիքը Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք սահմանադրական բարեփոխումներուն մասին քուէարկութեան գործընթացին վերաբերեալ։

 

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.-Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր

_ «Ինչ կը վերաբերիՍահմանադրական բարեփոխումներու ծրագիրի ընդունման՝ փորձեցինք 24 տարիներուն այլ լուծումներ եւ այժմ այս լուծումը կ’առաջադրուի  ու պատճառ չկայ, որ ան որդեգրուի եւ տեսնենք, թէ ինչպիսի՞ դրական երեւոյթներ մէջտեղ պիտի գան։ Այս բոլորը ժողովուրդին, Հայրենիքին եւ Արցախին համար է»։

 

Տոքթ. ԵՂԻԱ  ՃԷՐԷՃԵԱՆ.- Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի երկարամեայ նախկին պետական երեսփոխան

_ «Սահմանադրական բարեփոխումներու ծրագիրը դրական տեղաշարժ է, նախագահականէ դէպի վարչապետականի անցում։ Այս իմաստով՝ Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութիւնը կողմ է այս անցումին։ Մեր նկատողութիւններով բազմաթիւ կէտեր սրբագրուեցան։ Կը կարծեմ, որ ո՛չ հիմա, ո՛չ ալ գալիքին մէջ ուսումնասիրուած չէ քաղաքացիութեան հարցը։ Հայաստանը պէտք է ունենայ իր մաքուր քաղաքացիութեան օրէնքները։ Սահմանադրութիւնը քաղաքական ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, իրաւական է։ Ինչո՞ւ օրէնքին առջեւ հաւասար պիտի չըլլան բոլորը։ Այս հիմնական պատճառն է, որ մարդիկ կ’օտարանան իրենց հողէն։ Սահմանադրութիւնը ըստ բովանդակութեան, աւելի ժողովրդավար է։ Ժողովուրդին մէջ այն հասկացողութիւնը կայ, որ նախագահական որոշ իրաւասութիւնները վարչապետականին փոխանցելով, այս օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որուն երկրորդ շրջանն է, հաւանաբար վարչապետ գայ։ Ի սկզբանէ այդ իրաւասութիւնները ապագային նետուած հարցադրում մըն է, պատմութիւնը ցոյց կու տայ։ Նկատի առնելով, որ մանաւանդ երբ նախագահը հրապարակայնօրէն յայտարարեց, թէ այդ ձեւի նպատակ չունի եւ նպատակը երկրի օրէնսդրական դաշտը զօրացնելն է, կը մաղթեմ, որ ան ամուր մնայ իր կեցուածքին վրայ, որովհետեւ Սահմանադրական բարեփոխումները պիտի վերածուին ոչ թէ ժողովրդավարական նոր ճամբայիմը, այլ նոր ափսոսանքներ պիտի բերէ ժողովուրդին։ Կը մաղթեմ, որ այդպէս չըլլայ»։

 

ՇԱՀԱՆ  ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ .- Հ.Յ. Դաշնակցութեան «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետ

_ «Սահմանադրական բարեփոխումներու հարցը, որ բաւական ժամանակէ ի վեր քննարկումներու նիւթ է, կը կարծեմ որ մի քանի փոփոխութիւն կը բերէ Հայաստանի իրաւաքաղաքական դաշտին մէջ՝ առանց Սահմանադրա-գիտական մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու։ Նախ՝ մէկ անձի վրայ դրուած լիազօրութիւնները խորհրդարանին վրայ տարածելու իմաստով՝ դրական միտում կարելի է զայն նկատել, այն առումով, որ կը կանխուին յանկարծակի ճակատագրական որոշումներ առնելու կարելիութիւնները։ Այդ առումով, դրական պէտք է համարել։ Երկրորդ՝ օրէնսդիր, գործադիր դատա-իրաւական բաժանմունքները՝ իրենց գործառոյթներու աւելի յստակացումով, զիրար հակակշռելու մեքանիզմներ կը ստեղծուին, որ շատ աւելի յարիր է ժողովրդավար հասարակարգով ղեկավարուող վարչակարգերու պարագային եւ այս ձեւով, հանրապետութեան նախագահը կ’ունենայ աւելի արարողակարգային լիազօրութիւններ։ Որոշում կայացնելու պատասխանատուութիւնը Ազգային Ժողովին վրայ կ’ըլլայ եւ բնականաբար վարչապետը կառավարութեան կը վստահի այդ որոշումներուն գործադրութեան հիմնական պատասխանատուութիւնը։

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համահունչ կը թուի այս։ Ե՞րբ յայտարարած էր «Եւ-եւ»ի կամ «Թէ-թէ»ի քաղաքականութիւնը։ Ան արգելակուած էր Վիլնիւսի մէջ Եւրասիական Մաքսային Միութեան եւ Եւրասիական Միութեան անդամակցելուն պատճառով։ Հայաստանը կը վերադառնայ իր քաղաքականութիւնը շարունակելու, նաեւ Հայաստանի ունենալիք դերը Եւրասիական Միութիւնն ու Եւրոմիութիւնը կամրջելու մէջ։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու համար տեղի ունենալիք հանրաքուէն, նոյն ժողովրդավար կարգերու համապատասխանեցման ճիգին մէջ, պէտք է այդ ընտրութիւնները ըլլան արդարեւ թափանցիկ»։

 

ՄԻՔԱՅԷԼ  ՎԱՅԷՃԵԱՆ.-Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ

_ «Մեկնելով Ռամկավար Ազատական լիպերալ սկզբունքներէն, բնականաբար մեր կուսակցութիւնը հանրաքուէի հասկացողութեան հետն է։ Մեր պարագային մեր ընտրութիւնը «Այո՛» է։ Ինչպէս՝ ժողովուրդը ժողովուրդին համար, նոյն սկզբունքներէն բխած, այսպիսի առիթ կը տրուի, որ Հայաստանը դառնայ աւելի ժողովրդավար երկիր, ուր ժողովուրդին ձայնը աւելի լսելի դառնայ։ Բնականաբար այսօր Հայաստանի ընդդիմութենէն թէ Սփիւռքէն որոշ մարդիկ տարբեր հարցեր կ’արծարծեն, թէ ան ներկայի շխանութիւններուն եւ յատկապէս նախագահ Սերժ Սարգսեանին ի շահ է։ Բոլորը մէկդի դրած, լաւագոյնը լայնախոհ մտածելն է։ Շատ աւելի ժողովրդավար շունչով կ’առաջնորդուի այս Սահմանադրական բարեփոխումներու ծրագիրը։ Յուսանք, որ առաջին քայլը ըլլայ աւելի ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստան ունենալու»։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին