Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Թէքէեան Կեդրոնի «Անվճար Դասագիրքեր» Ծրագիրը

2010էն սկսեալ «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը (ԹԿՀ) կ’իրականացնէ «Անվճար դասագիրքեր» ծրագիրը` օժանդակելու յատկապէս կարիքաւոր երախաներուն, որոնց ծնողքը ծանր ընկերային պայմաններու բերումով, պարզապէս չեն կրնար հոգալ դասագիրքերու ծախսերը: Ծրագիրի շահառուները կը հանդիսանան Հայաստանի եւ Արցախի Վ. Թէքէեանի անուան հինգ դպրոցներու սաները:

«Անվճար դասագիրքեր» ծրագիրը կ’իրականանայ բացառապէս նուիրատուութիւններու շնորհիւ, ուստի ամէն տարի հիմնադրամը դրամահաւաք կը նախաձեռնէ: Այս գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի ԹԿՀ հիմնադիր մարմին Լոնտոնի Թէքէեան Թրաստը, որուն ջանքերու շնորհիւ իւրաքանչիւր տարի դասագիրքերու ֆոնտ կը կուտակուի, որ հնարաւորութիւն կու տայ իրականացնելու ծրագիրը:

Բարերարներու շնորհիւ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին ԹԿ Հիմնադրամը, 4,173 անվճար դասագիրք տրամադրեց 279 անապահով աշակերտներու: Իսկ ծրագիրին իրականացման վեց տարիներու ընթացքին, ընդհանուր առմամբ հիմնադրամը տրամադրած է 14,112 դասագիրք ՀՀ 8,055,871 դրամ արժողութեամբ:

«Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը նպատակ ունի ոչ միայն շարունակել, այլ նաեւ ընդլայնել «Անվճար դասագիրքեր» ծրագիրը, ուստի կը հայցէ եւ կ’ակնկալէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու տեւական համագործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը սոյն ծրագիրին:

Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել`

«Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամ
/ՀՀ, Երեւան 0025, Խանջեան 50/
Պանք` «Ամերիաբանկ» ՓԲԸ

«Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը կը յայտնէ իր խորին երախտագիտութիւնը բոլոր նուիրատուներուն՝ հայ դպրոցի զարգացման եւ բարգաւաճման հայրենանուէր գործին աջակցելու համար:

Արեւմտահայերէնի Վերածեց՝
ՔՐԻՍՏԻՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ

stepanavan_textbooks

yerevan_textbooks

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին