Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

«Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը Պիտի Կայանայ Դեկտեմբերի Սկիզբը». Է. Շարմազանով

Յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը պիտի կայանայ: Այդ մասին երէկ երեկոյեան ՀՀԿ Գերագոյն Մարմնի նիստէն ետք լրագրողներուն յայտարարեց՝ Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ եւ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանով:

«Երկու նախագահներու հանդիպումը հաւանաբար կայանայ Դեկտեմբերի սկզբը», աւելցուց խօսնակը ընդգծելով, որ հայկական կողմը Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման բանակցային գործընթացի կողմնակից է:

Ան նաեւ ըսաւ, որ երկու նախագահներու հանդիպման վայրի վերաբերեալ տեղեկութիւնը՝ սահմանուած կարգով կը հրապարակէ նախագահի լրատուական ծառայութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին