Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Միացեալ Նահանգներու 35րդ Նախագահ Ճոն Ֆ. Քենետիի Ահաբեկումը Տալասի Մէջ

Պատրաստեց՝ ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ

 

Թուականէս 52 տարիներ առաջ՝ Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 1963ին, աշխարհի չորս ծագերուն մէջ մարդիկ իրենց ականջները դրած ռատիոյի գործիքներուն (այդ օրերուն հաղորդակցութեան եւ կապի միջոցները շատ սահմանափակ էին այս օրերուն հետ բաղդատած: Ռատիոն եւ օրաթերթերը լուրերու հաղորդման գլխաւոր աղբիւրներն էին: Հեռատեսիլը տակաւին շատ չէր տարածուած մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ: Լիբանան հեռատեսիլի հաղորդումի ականատես եղած էր 1959ին, իսկ Հայաստանի մէջ հեռատեսիլի առաջին հաղորդումը տեղի կ’ունենար 29 Նոյեմբեր 1956ին, երկրի խորհրդայնացման 36րդ տարեդարձին օրը, իսկ առաջին հաղորդումին հաղորդավարն էր Նառա Շլեպճեանը), կը հետեւէին մանրամասնութիւններուն լուրի մը, որ իսկապէս ցնցած էր մարդկութիւնը Արեւմուտքէն մինչեւ Արեւելք:

Զգայացունց դէպք մըն էր, որ կը պատահէր այդ օր: Արդարեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Ճոն Ֆիցճըրըլտ Քենետի իր տիկնոջ՝ Ժաքլին (Ճեքի) Քենետիին հետ այցելութիւն մը կու տար հարաւային Թեքսաս նահանգի Տալաս քաղաքը, ընկերակցութեամբ նահանգապետ Ճոն Քոնոլիի: Վրան բաց Լիմուզին ինքնաշարժի մը մէջ տեղ գրաւած, նախագահ Քենետի կ’անցնէր քաղաքի գլխաւոր պողոտաներէն, որոնց երկու կողմերը տեղաւորուած քաղաքացիներ ձեռքի շարժումներով եւ երբեմն բացագանչութիւններով կ’ողջունէին իրենց նախագահը: Ժողովրդային այդ ընդունելութեան եւ բացագանչութիւններուն ընդմէջէն, յանկարծ կը լսուին երեք կրակոցներ եւ… նախագահ Քենետի գլխահակ կը տապալէր Լիմուզինի ետեւի աթոռին վրայ, ճակատէն եւ քունքէն փամփուշտներ ստացած ըլլալով: Տիկին Քենետի արագօրէն շարժելով, վեր կը բարձրացնէ ամուսնոյն գլուխը եւ կը գոչէ. «Օ՜, ոչ…»: Նախագահին գլխու ետեւի մասէն կտոր մը ինկած էր ինքնաշարժին յետնամասին վրայ: Իսկապէս զարհուրելի տեսարան մը կը պարզուէր հոն:

Անմիջապէս ինքնաշարժներու շքախումբը կը սուրայ դէպի Փարքլենտ հիւանդանոց, ուր արեան ներարկում կը կատարուի, սակայն անօգուտ. նախագահ Ճոն Ֆ. Քենետի կը մեռնի տեղական ժամանակով յետմիջօրէի ժամը 1:00ին, իր ստացած վէրքերուն հետեւանքով:

Նահանգապետ Ճոն Քոնոլի, որ ինչպէս նշեցինք նախագահական ինքնաշարժին մէջ էր դէպքի պահուն, իր կարգին փամփուշտներ ստացած ըլլալով վիրաւորուեցաւ եւ Տալասի հիւանդանոցին մէջ գործողութեան ենթարկուեցաւ, սակայն վիճակը ծանր չըլլալով ան ապրեցաւ:

Համաձայն Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան, երկրի փոխ նախագահ Լինտըն Պէյնզ Ճոնսըն կը դառնար նախագահ: Ան ժամը 19:38ին (Կրինիչի ժամանակով) նախագահական օդանաւին մէջ երդում տուաւ եւ պաշտօնապէս ստանձնեց իր պաշտօնը:

Զոյգ Սպանութիւններ Եւ Զոյգ Ձերբակալեալներ

 Քենետիի սպանութէնէն քանի մը ժամ ետք ձերբակալուեցաւ կասկածելի մը՝ Լի Հարվի Օզվալտ, որ պաշտօնապէս ամբաստանուեցաւ երկրի նախագահի սպանութեամբ: Ըստ ոստիկանութեան ան էր, որ դէպքի վայրէն հազիւ 100 մեթր հեռու գտնուող մթերանոցի շէնքի մը երկրորդ յարկի պատուհանէն՝ կրակած էր Քենետիին վրայ եւ ապա անկէ հեռանալով մտած էր սինեմայի սրահ մը, ուր ժամը 13:18ին չորս ոստիկաններ կը մտնեն ձերբակալելու Օզվալտը: Վերջինս, որ դէպի պատկերասրահ իր ճամբուն վրայ սպաններ էր զինք հետապնդած ոստիկան մը, շարժապատկերի սրահին մէջ փորձած էր դէմ դնել ոստիկաններուն, բայց չյաջողելով եւ զսպուելով ոստիկանատուն տարուած ժամը 13:45ին:

Անմիջապէս հետեւեցաւ անխուսափելի «ակնարկութիւն»ը: Ենթադրեալ «ոճրագործ», ծնած 18 Հոկտեմբեր 1939ին, Նիւ Օրլիընզի մէջ, Լուիզիանա նահանգ, ժամանակ մը ապրած է Սովետական Միութեան մէջ, կինը ռուս է եւ 1 Նոյեմբեր 1959ին դիմում կատարած է սովետական հպատակութիւն ստանալու: Հաղորդուեցաւ, թէ ան ամերիկեան «Ծովայիններ»ու զօրքերուն մաս կազմած է որպէս գլխաւոր նշանառու եւ նախագահն է «Արդարութիւն Քուպայի համար» կազմակերպութեան, որ իբրեւ «Քասթրոյասէր» ճանչցուած է: Այս տեղեկութիւնները շատ հաւանաբար կը միտէին՝ ամերիկեան հանրային կարծիքը մղել «Մոսկուայի ձեռք»ը տեսնելու ոճրագործութեան մէջ, թէեւ Տալասի ընդհանուր դատախազ Հենրի Վէյտ յայտնեց, թէ «ոճրագործը վստահաբար անհատական նախաձեռնութամբ գործած է այս քստմնելի արարքը»:

Ապա պատահեցաւ ուրիշ «ոճրագործութիւն» մը, որ այնքան ալ անակնկալ չէր շատերուն համար: Քենետիի ահաբեկումին եւ Օզվալտի ձերբակալումին յաջորդած դատական հարցաքննութիւնները շարունակուեցան յաջորդ երկու օրերուն: Սպանութենէն նուազ քան 48 ժամ անցած, երբ Օզվալտ ոստիկաններու ընկերակցութեամբ դուրս կու գար քննիչներու սենեակէն, «նախանձախնդիր» ամերիկացի մը՝ Ճէք Լէոն Ռուպի, որ «պատուախնդիր» գտնուելով «չէր դիմացած Ամերիկային հասած այս անարգանք»ին եւ «վրէժ լուծելու» նպատակով իր նախագահին սպանութեան, մօտենալով Օզվալտին եւ վերջինիս հսկողութեան տակ գտնուող ոստիկաններու նայուածքներուն տակ, շատ մօտէն կը կրակէ Օզվալտի վրայ, տեղն ու տեղը սպաննելով զայն: «Հերոս» Ռուպի այսպիսով վրէժ լուծած կ’ըլլար ամերիկացիներուն եւ Ժաքլին Քենետիին համար, ինչպէս ան ըսաւ ձերբակալուելէն ետք:

Արդեօք Ճէք Ռուպի ինքնագլո՞ւխ գործեց իր արարքը, թէ «ապսպրուած» սպանութիւն մըն էր: Կը բաւէ նշել, որ ան «անցեալ ունեցող» անձ մըն էր, անոր թղթածրարը ծանրաբեռնուած էր եւ ան 6 անգամ ձերբակալուած տարբեր առիթներով

                                                                       * * *

Այսօր 52 տարիներ անցած են Ամերիկայի 35րդ նախագահ Ճոն Ֆիցճըրըլտ Քենետիի սպանութենէն: Լման 52 տարիներ եւ տակաւին յայտնի չէ (գոնէ մեզի եւ աշխարհի բնակչութեան 99 տոկոսին համար), թէ ո՞վ եւ ինչո՞ւ սպաննեց նախագահ Քենետին: Շատ-շատեր Ամերիկայի մէջ եւ երկրագունդի տարածքին, կ’ուզեն գիտնալ իրականութիւնը եւ            կը փափաքին տեսնել արդարութիւնը, որ իրականացած ըլլայ ոճրագործներուն նկատմամբ: Պիտի կատարո՞ւի անոնց փափաքը, շատ կասկածելի է, մանաւանդ այս օրերուն:

Աշխարհի այլ երկիրներու մէջ ալ պատահած են քաղաքական բնոյթով ահաբեկումներ, արեւելքի, արեւմուտքի եւ ուրիշ շրջաններու մէջ: Հոս ալ մարդիկ կը փափաքին իմանալ ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը իրականացած տեսնել: Սակայն ըստ երեւոյթին, անոնք շատ երկար պիտի սպասեն տեսնելու (կամ չտեսնելու) այդ «արդարութեան» իրականացումը, մանաւանդ այս համաշխարհայնացուած աշխարհին մէջ:

Նախագահ Ճոն Ֆ. Քենետի եւ տիկինը, Լիմուզինին ետեւը, իսկ առջեւը՝ նահանգապետ Ճոն Քոնոլի եւ տիկինը
Նախագահ Ճոն Ֆ. Քենետի եւ տիկինը, Լիմուզինին ետեւը, իսկ առջեւը՝ նահանգապետ Ճոն Քոնոլի եւ տիկինը

 

2
Ենթադրեալ «ոճրագործ» Լի Հարվի Օզվալտ

 

«Հերոս» Ճէք Ռուպի, ոստիկաններու զարմացական նայուածքներուն տակ, կը սպաննէ Լի Հարվի Օզվալտը
«Հերոս» Ճէք Ռուպի, ոստիկաններու զարմացական նայուածքներուն տակ, կը սպաննէ Լի Հարվի Օզվալտը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին