Մշտադալար ու բուրումնաւէտ Մայրի ծառերու երկիր Լիբանանը, իր զաւակներուն արեան հեղումով տիրացաւ իր անկախութեան: Ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու բեկորները, կայք հաստատելով այստեղ, ֆիզիքական ապահովութիւն ձեռք բերին եւ նուաճումներ արձանագրեցին կեանքի զանազան մարզերու մէջ: Հետեւաբար որպէս հաւատարիմ քաղաքացիներ, այսօր եկած ենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու նշելով Լիբանանի անկախութեան տօնը:
Չորեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2015ին, աշակերտները դպրոց ներկայացան Լիբանանեան դրօշակի գոյները խոհրդանշող բաճկոններով: Առաւօտեան ժամը 7:30 ին տնօրէնուհին, ուսուցչակազմն ու աշակերտները հաւաքուած էին վարժարանիս շրջափակին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւնը:
Միջն. Գ. դասարանէն Փաթիլ Պէքարեան, իսկ Միջն. Բ. դասարանէն Փիթըր Մուրատեան, յաջորդաբար բարձրացուցին Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակները քայլերգներու երգեցողութեամբ աշակերտներու կատարումով, որմէ ետք Նախ. Ե. դասարանի աշակերտները անթերի առոգանութեամբ ներկայացան «Թահիէթ Ալամ» խմբային արտասանութեամբ: Ապա Փաթիլ Պէքարեան արաբերէնով փոխանցեց ողջոյնի խօսքը ուղղուած Լիբանանի դրօշակին՝ անդրադառնալով, որ դրօշակը երաշխիքն է ազգի մը արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ ամէն անգամ, որ կը տեսնենք ծածանող դրօշակը, մեր սիրտերը կը լիցքաւորուին հայրենասիրութեամբ եւ մեր մէջ կ’արթննան անձնազոհութեան զգացումներ: Ան իր ողջոյնի խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ այս դրօշակը իր մէջ կը բովանդակէ հայրենասէրի մը բոլոր առաքինութիւնները:
Լիբանանի անկախութեան տօնի նշումը շարունակուեցաւ վարժարանիս սրահէն ներս, ուր Լիբանանի քայլերգի ոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մանկապարտէզի աշակերտները մէկական դրօշակներ պարզած տողանցեցին սրահին մէջ, ապա իրենց քաղցրանուագ ձայնով ներկայացան «Լիբանան», «Carry The Flag»,«Թթլոժ Ըտտընի» եւ «Խապթէթ Քատամքոմ» խմբերգներով: Ապա Նախ. Զ. դասարանէն Յակոբ Պէքարեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ հայրենիքը կը գոյատեւէ երբ անոր հողը կ’ոռոգուի իր անձնուէր նահատակներուն թանկ արեամբ եւ թէ անկախութիւնը կ’իրականանայ իր հերոսներուն միասնականութեամբ: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ մեզի փոխանցուած աւանդին տէր կը կանգնինք մեր հայրենիքը սիրելով եւ դիմագրաւելով բոլոր մարտահրաւէրները: Վարժարանիս «Կարս» պարախումբի մեծերը ներկայացան «Զէյյինու ըսսահա» արաբական պարով, ճոխացնելով մթնոլորտը եւ խլելով ներկաներուն ծափողջոյնները, որմէ ետք յաջորդաբար Նախ. Գ. «Թսլամ Եա Ասքար Լպնան», Նախ. Ե. «Րէժէէ Եթաամմար Լպնան» եւ Նախ. Բ. դասարանը՝ ներկայացան «Եա Պհուր Ըլհանա» խմբերգներով: Միջն. Բ. դասարանի աշակերտները հանդէս եկան հայրենասիրական գեղեցիկ ներկայացումով: Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ տպաւորիչ տեսերիզով մը՝ «Անկախութեան Պատմութիւն» խորագիրով:
Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան, իր սրտի խօսքով նախ շնորհաւորեց գեղարուեստական բաժնի մաս կազմող բոլոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ յայտագիրի պատասխանատու ուսուցիչ – ուսուցչուհիները, ապա անդրադարձաւ, որ Լիբանանի անկախութիւնը ձեռնարկողները մեծ զոհաբերութեամբ ու յարատեւ պայքարով՝ 1943ին կրցան ձեռք ձգել այս հայրենիքին անկախութիւնը ու այսօր հակառակ երկրիս մէջ տիրող ահաբեկչական պայթումներուն, պիտի շարունակենք փառաբանել մայրիներու այս չքնաղ երկիրը: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ Վահան Թէքէեան Վարժարանը այն վայրն է, ուր կը ջամբուի ազգային ու հայրենասիրական բարձր դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ կը սերմանուի սէր հանդէպ հայրենիքի, ազգային աւանդութիւններու եւ մշակոյթի նկատմամբ. հոս է որ աշակերտները կը զինուին հայրենասիրութեամբ ու կը դառնան հայրենակերտի եւ ազգաշինութեան տեսլականով պարուրուած պատասխանատուներ:
Նուիրումով բոլորուինք Լիբանանի շուրջ, որուն բարի եւ քաջարի ժողովուրդը անցեալին սիրով ու գրկաբաց ընդունեց մեզ եւ ան դարձաւ մեր երկրորդ հայրենիքը: