Հատորի Շնորհանդէսը
Հայաստանի Հանրապետութեան
Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի,
Թիֆլիսի «Հայարտուն»ի Եւ
Ջաւախքի «Երիտասարդական Կեդրոն»ին Մէջ
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԵ. հատորի առաջին շնորհանդէսը այս տարի կատարուեցաւ Երեւանի մէջ:
Արդարեւ Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 2ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Կլոր Դահլիճին մէջ, նախ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրութեան 60ամեակի պաշտօնական նիստը, որուն յաջորդեց Հանդէսի 35րդ հատորին շնորհանդէսը:
Սփիւռքի նախարարուհի Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի, Ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ Հասարակական Գիտութիւններու Բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանի, Երեւանի Պետական Համալսարանի փոխ-րեկտորի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Միութեան գործադիր նախագահ Զաւէն Խանճեանի, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր.-Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի, Հանդէսի հայրենի աշխատակիցներու, հայագիտական ուսումնասէրներու, բարեկամներու, հիւրերու, մամուլի եւ հանրային հաղորդակցամիջոցներու ներկայութեան խօսք առաւ ՀՀ Սփիւռքի փոխ նախարար Սերժ Սրապիոնեանը: Պրն. Սրապիոնեան Հանդէսը նկատեց «շատ արժէքաւոր տարեգիրք ու արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման հող»: Ան նշեց, որ դժուար է գերագնահատել Հանդէսի ներկայ արժէքը՝ աւելցնելով, որ Հանդէսը պիտի փնտռուի այնպէս՝ ինչպէս Թէոդիկի Ամէնուն Տարեցոյցը:
Ապա ողջոյնի խօսք արտասանեց ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի Ինսթիթութի տնօրէն Դոկտ. Վիկտոր Կատուալեանը: Ան ընդգծեց, որ Համալսարանի հիմնադրութեան 60ամեակի տօնակատարութիւնը կը կատարուի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարեշրջանին, որ կը խօսի հայոց վերականգնումի ճիգին մասին ու Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 35րդ հատորը նկատեց դրսեւորում մը՝ այդ առումով: Կատուալեան անդրադառնալով Հանդէսի արժէքին, ի միջի այլոց շեշտեց անոր դերը՝ լեզուի պահպանութեան մէջ:
Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժնի տնօրէնի տեղակալ Դոկտ. Ռուբէն Մելքոնեան «Ովասիս» համարեց Հանդէսը, շեշտելով անոր գիտական բարձր մակարդակը, որ կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշերուն եւ ընդգծեց, որ Հանդէսը հարթակ է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սփիւռք գիտական գործակցութեան: Դոկտ. Մելքոնեան առանձնացուց Հանդէսի 35րդ հատորը՝ իբրեւ «թրքական ժխտողականութեան դէմ Սփիւռքի գիտական ներուժի պատասխան» աւելցնելով, որ Հանդէսը հայագիտական իւրայատուկ մակնիշ մըն է այլեւս:
Հանդէսի Երեւանի ներկայացուցիչ Դոկտ. Արծուի Բախչինեան ծանրացաւ հատորի բովանդակութեան վրայ՝ նշելով, որ 35րդ հատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ թէ անոր 950 էջերը կ’ընդգրկեն հետազօտողներ՝ աշխարհի չորս ծագերէն իրենց բազմազան նիւթերով ընդգծելով, որ հակառակ հատորին մէկ թեմա ունենալուն, ան «հեռու է միագիծ լինելուց»:
ՀՀ ԳԱԱ Գրականութեան Հիմնարկի տնօրէն Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան, ոգեւորութեամբ ու խանդավառութեամբ խօսեցաւ Հանդէսին առաքելութեն եւ կատարած դերին մասին: Ան բարձր գնահատեց հատորը եւ բարեմաղթեց, որ Հանդէսը շարունակէ իր վերելքի ընթացքը անընդմէջ:
Հուսկ խօսք առաւ Հանդէսի տասնամեակներու աշխատակից, նախկին հալէպահայ բանասէր Միհրան Մինասեան, որ Հանդէսը նկատեց «եզակի երեւոյթ»: Մինասեան ցաւով արձանագրեց սփիւռքահայ հայագիր հայագիտական հանդէսներու վերափոխութիւնը-ժամանակաւոր դադրեցումը ու շեշտեց Հանդէսին իւրայատկութիւնները՝ բծախնդրութեան, հետեւողականութեան, ընդգրկումի, աշխարհագրական ծիրի թէ բովանդակային առումներով:
Շնորհանդէսի պաշտօնական բաժնի աւարտին ներկաները եւ Հանդէսի աշխատակիցները ծանօթացան նոր անդամներու, ծաւալեցին խօսակցութիւններ՝ յառաջիկայ հատորին բովանդակութեան, իրենց աշխատակցութեան եւ այլ հարցերով: 35րդ հատորի աշխատակիցներէն իւրաքանչիւրը Հանդէսէն օրինակ մը գրկած, գոհունակ մեկնեցաւ սրահէն, խթանուած հայագիտական իր հետազօտութիւնները առաւել եւս ոգեւորութեամբ շարունակելու:
Շնորհանդէսը նշանակալից էր նաեւ անով, որ ներկայ հայագէտ-հետազօտողները ականատես եղան հայագէտներու բանակին եւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին շուրջ տակաւ հիւսուող ու ծաւալող հայագիտական ամուր եւ օգտաշատ ցանցին:
Շնորհանդէս Թիֆլիսի Մէջ
Կիրակի, 8 Նոյեմբերի կ. ետք ժամը 2ին, Թիֆլիսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 35րդ հատորին շնորդհանդէսը, ներկայութեամբ շուրջ քառասնեակ մը թիֆլիսահայ մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ Հայարտունի գործիչներու:
Հատորը ներկայացուց Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Հակիրճ պատմելէ ետք Հայկազեան Համալսարանի մասին, Դոկտ. Տագէսեան անդրադարձաւ Հանդէսին ու նշեց, որ Հանդէսի խմբագրակազմին մտասեւեռում եղած է՝ Թիֆլիսն ու թիֆլիսահայութիւնը եւս ներգրաւել Հանդէսին ու կոչ ըրաւ, որ գործակցաբար կարելի դառնայ այս ծրագիրը: Ապա ան պատասխանեց ներկաներու այլեւայլ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Լիբանանի հայութեան, պէյրութահայ դպրոցական, մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայութեան վիճակին, Հայոց Ցեղասպանութեան նշումներուն Պէյրութի մէջ:
Ուշագրաւ է, որ առաջին անգամ էր որ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի շնորհանդէս կը կատարուէր Թիֆլիսի եւ ընդհանրապէս Վրաստանի մէջ
Շնորհանդէս Ջաւախքի Մէջ
Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբերի կ. ետք ժամը 2ին, Ջաւախքի «Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոն»ին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 35րդ հատորի շնորհանդէսը, ներկայութեամբ Կեդրոնի պատասխանատուներուն, ջաւախքահայ մտաւորականներու, երիտասարդներու, մշակոյթի եւ գրականութեան դէմքերու, ուսուցիչներու:
Շնորհանդէսը միասնաբար կազմակերպած էին Երեւանի Հայկական Ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ Կեդրոնը եւ Սամցխէ-Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը:
Հատորը ջաւախքահայութեան ներկայացուց Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Իր խօսքին մէջ ան համառօտակի ներկայացուց Հայկազեան Համալսարանն ու անոր առաքելթութիւնը, կատարած դերը՝ հայ եւ ոչ-հայ երիտասարդ սերունդներու դաստիարակութեան ու կրթութեան սատարելու առումով եւ ընդգծեց Հանդէսի խմբագրակազմին ձգտումը՝ Հանդէսը դարձնել համահայկական հայագիտական հարթակ, եւ նշելով, որ տարիներ առաջ կարելի եղած էր ընդգրկել Արցախը Հանդէսին մէջ, յոյս յայտնեց, որ Ջաւախքն ու ջաւախքահայութիւնը կը ներգրաւուին Հանդէս, «որպէսզի հայութիւնը իր մտապաստառին վրայ քիչ մը աւելի համապարփակ տեսնէ մեր ամբողջութիւնը», ըսաւ ան եւ կոչ ըրաւ, որ Հանդէսի 36րդ հատորի մէջ հայագիտական ուսումնասիրութեամբ մը ներկայացուի Ջաւախքը:
Ներկաները՝ տարբեր սերունդներու ջաւախքահայեր, ոգեւորուած հարցումներու շարքով մը դրսեւորեցին իրենց հետաքրքրութիւնը եւ ջերմութիւնը՝ Պէյրութի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան հանդէպ:
Շնորհանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Հանդէսի Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի շնորհանդէսները կազմակերպուած էին՝ երախտաշատ ջանքերովը Երեւանի Հայկական Ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ Կեդրոնին, զոր կը գլխաւորէ Թաթուլ Յակոբեան:
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԲՈԼՈՐ հատորներու թուայնացած տարբերակը կարելի է գտնել ՀՀ Ազգային Գրադարանի Կայքէջին վրայ, իսկ Լ.-ԼԵ. հատորներու թուայնացուած տարբերակը Հայկազեան Համալսարանի կայքին վրայ՝ https://www.haigazian.edu.lb/Publications/Pages/HaigazianArmenologicalReview.aspx