Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

«Վերստեղծուած Ինքնութիւն Մը. Հայերը Ցեղասպանութենէն Ետք» Նիւթով Դասախօսութիւն Վալանսի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումներու ծիրին մէջ, Վալանսի Հայկական ժառանգութեան կեդրոնը 5 Նոյեմբերին դասախօսութիւն մը կազմակերպած էր՝ Պուր-լէ-Վալանսի «Լա Փասըրել» մետիադարանին մէջ: Օրուան դասախօսն էր Վահէ Թաշճեան, իսկ թեման «Վերստեղծուած ինքնութիւն մը. Հայերը Ցեղասպանութենէն ետք»:

Շուրջ 40 հոգինոց լսարանի մը առջեւ պերլինաբնակ պատմաբան Վ. Թաշճեան, որ նաեւ «Յուշամատեան» առցանց ծրագիրի պատասխանատուն է, պատմեց Ցեղասպանութենէն եւ 1921ին՝ Կիլիկիոյ յանձնումէն ետք, ճողոպրածներու Սուրիա եւ Լիբանան հաստատման մասին: Շուրջ ժամ մը տեւած դասախօսութեան ընթացքին ան մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ Օսմանեան կայսրութեան քայքայումէն ետք շատ մը երկիրներու մէջ ծայր առած էր ազգայնական հոսանք՝ ինչպէ՛ս հայ ղեկավարները Միջին Արեւելքի մէջ յաջողեցան հայ ազգի վերակերտման գործընթացը եւ վերստեղծեցին «հայկականացուած» ինքնութիւն մը, բոլորովին անջատուելով օսմանեան ժառանգութենէն: Պատմաբանը քարտէսներու եւ լուսանկարներու ընկերակցութեամբ, ներկայացուց Եղեռնէն մազապուրծներու եւ աւելի վերջ ալ ֆրանսական բանակին կողմէ Կիլիկիոյ պարպումով՝ հոնկէ գաղթելու պարտադրուած հայերու վերակերտած «բոյն»երը: Թաշճեան խօսեցաւ այդ հայերուն կողմէ հայախօսութեան՝ դանդաղօրէն, բայց ճշմարտապէս իւրացման մասին յիշեցնելով, որ անոնց մեծամասնութիւնը թրքախօս էր, կը կարդային թրքերէն գիրքեր… հայերէն տառերով: Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ այդ գաղթականներուն դիմագրաւած համակեցութեան դժուարութիւններուն՝ յաճախ զիրենք հիւրընկալող երկիրներու ժողովուրդներուն հետ, եւ երբեմն ալ իրենք իրենց միջեւ, համայնք համայնքի հետ:

Այսպէս, 1920ականներու սկիզբը Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ անոնք կազմեցին ճամբարներ, որոնք ժամանակի ընթացքին ծաղկեցան, դարձան թաղամասեր, որոշ պարագաներու նոյնիսկ փոքր քաղաքներ:

Դասախօսութիւնը վերջ գտաւ հարցում-պատասխանով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին