*ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*
Կարելի է այսպէս վկայակոչել այս փառատօնը՝ «Յաղթանակի Փառատօն«: 1 Նոյեմբեր 2015ին մշակութային բարձր մակարդակով, «Շուշի» պարախումբը ներկայացաւ այս մեծ ոստանի հայութեան, երբ Նիւ Ճըրզիի Ֆէլիշըն Գոլէճի «Ճոն Պրեսլին» հանդիսասրահը ապրեցաւ՝ հայ ժամանակակից երգարուեստի եւ պարի անմոռանալի ամբողջական պահեր:
1992էն սկսեալ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի «Շուշի» պարախումբը եւ անոր գեղարուեստական ղեկավարը՝ Սեդա Բասքալեան-Գանթարճեան, անկտրում հաւատքով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ մեծ թիւով պարմանուհիներու եւ երիտասարդներու շրջանակին մէջ սիրցնելով հայ պարը: 1995ին Շուշիի ազատագրումով պարախումբը կ’որդեգրէ իր անունը՝ հոգեւին կապելով անդամները մեր ազատագրական պայքարին ու հայոց Արցախին:
23 տարիներ ետք, ահա՛ ան կը շարունակէ կանգուն մնալ իր 110 անդամներով, մեծաւ մասամբ պարուհիներէ բաղկացած: Պարախումբին աշխատանքներուն ետին կայ մեծ թիւով անդամներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որ թեւ եւ թիկունք կը կանցնի Սեդային:
«Յիշէ՛ 1915ը» անուանումով այս տարուան յայտագիրին հրաւիրուած էին՝ Հայաստանէն թէ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մեր շրջանէնտաղանդաւոր արուեստագէտներ, որոնք եկան աւելցնելու արդէն իսկ հրամցուած որակաւոր յայտագիրին փայլքը, զայն վերածելով իսկական փառատօնի մը: Այսպէս օրուան հիւրը՝ Արա Գէորգեան, որ անցեալին ալ մասնակցած էր «Շուշի»ի ելոյթին, երաժշտութեան ղեկավար Անդրանիկ Մուրատեան, մենակատարողներ Անտրէ, Լէյլա Սարիպէկեան, Սալբի Մայլեան, Արմէն Յովհաննիսեան, Յասմիկ Մէյխանէճեան, Սոլանժ Մերտինեան, Անահիտ Զաքարեան եւ մենապարող Արսէն Սարգսեան, բոլորն ալ եկան հմայելու 1300է աւելի ներկաները:
«Շուշի»ն իր հիմնադրութենէն ի վեր տուած է հիւրախաղեր զանազան հայկական գաղութներէն ներս. թուելով մի քանին անոնցմէ, բացի Միացեալ Նահանգներու հայաշատ համայնքներէն, Հարաւային Ամերիկա՝ Պուէնս Այրէս եւ Մոնթեվիտէօ, Միջին Արեւելք՝ Ամման, Դամասկոս, Հալէպ ու Պէյրութ եւ դեռ Մոսկուա, Արցախ եւ անշուշտ Հայաստան: Ու այս բոլոր հիւրախաղերով ծանօթացուցած է աւանդական պարը եւ ազգային մշակոյթը սփիւռքահայուն: Անշուշտ դիւրին աշխատանք չէ նախաձեռնել նման շրջապտոյտներ 100է աւելի մասնակիցներով, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, տանիլ հեռաւոր հորիզոններ, կտրել ովկիանոսներ եւ բարձրանալ բեմ: Ահա՛ հոս ալ կը կայանայ Սեդային կազմակերպական արժանիքը՝ իր արուեստագէտի ունեցած բնատուր տաղանդիկողքին: Պարախումբը արժանի դարձաւ 2013ին՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Միջազգային պարային խորհուրդի «Առաջատար Պարախումբ» ճանաչման, նկատի առնելով անոր կատարողական արուեստն ու որակը: Եւ այս արդէն միջազգային ցուցանիշ մը որպէս՝ կու տայ նոր հանգամանք մը պարախումբին, բաղդատած այլապէս մեզի սիրելի մեր միւս պարախումբերու ընտանիքէն ներս:
Ելոյթներէն անդին կարեւոր էր, որ Սեդան ու «Շուշի»ի անդամուհիները արժանանային պատիւի: Ու 7Նոյեմբեր 2015ին, Շաբաթ օր երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն մը, մասնակցութեամբ պարախումբի անդամներուն, ծնողներուն, բարերարներուն եւ մանաւա՛նդ Սեդայի գաղափարի ընկերներուն:
Արժանի գնահատանքի արտայայտութիւններ տեղի ունեցան. Քերըն Նարկիզեան-Թուֆայեան կատարեց բացումը եւ հրաւիրեց Նիւ Ճըրզիի Հայկական Ռատիօժամի վարիչ Վարդան Ապտոն, որ մի՛շտ եղած է քաջալերողը պարախումբի տարածուն գործունէութեան: Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Լորիկ Սեդրակեան, Ալեքս Նարկիզեան եւ հայրենի տաղանդաւոր երգահան Արա Գէորգեան: ՀՀ Սփիւռքի նախարարին խօսքը հեռարձակուեցաւ, ուր գնահատանքի արտայայտութիւնով ան կը խրախուսէ պարախումբը շարունակելու իր առաքելութիւնը:
Հուսկ կը հրաւիրուի Սեդա Գանթարճեան տալու իր խօսքը: Ան մեծապէս շնորհակալ կ’ըլլայ յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներուն, որոնք կարելի դարձուցին յաջողութեամբ պսակելու այս համերգը: Մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ ամուսնոյն՝ Զարեհին, որ ամենայն համբերատարութեամբ կը թոյլատրէ իր ընտանեկան ժամանակէն լայնօրէն յատկացնելու՝ պարախումբի փորձերուն ու հիւրախաղերուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնէ Արփի Արսլանեանին, որ իր տրամադրութեան տակ եղող պահեստարանները տրամադրած է պարախումբին՝որպէս տարազներու շտեմարան: Ու դեռ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ յայտագիրին մասնակից բոլոր հիւր արուեստագէտներուն:
Երեկոյթին հո՛ն էր անշուշտ Սեդայի եղբայրը՝ Սարգիս Բասքալեան, որ յիսնամեակ մը առաջ եղաւ հիմնադիրը հայ պարարուեստի տարածման՝ երբ Պէյրութի մէջ հիմնեց ՀԲԸՄի «Անդրանիկ» պարախումբը՝ անդրանիկը հայկական պարախումբերուն: Ան երջանիկ էր, որ իր աշխատանքը ունեցած էր բեղուն արդիւնք՝ բեմ հանելով հայկական տարազներով 100է աւելի պարմաններ ու երիտասարդներ: Ու աւելի երջանիկ էր ան Սեդայի թոռնիկով՝ 4ամեայ Ռոմընով,որ կը բերէր իր մասնակցութիւնը այս համոյթին՝ հաւատարիմ ընտանեկան աւանդութեանց:
Անշուշտ երջանիկ էի ես եւս, որովհետեւ այդ սրահին մէջ եղող ներկաներէն՝ Սարգիսէն ետք, ամենահին ծանօթն էի եղած Սեդային: Կը բնակէինք Պէյրութի նոյն թաղամասը՝ Պապ Իտրիս, ու Սեդան եւ քոյրը՝ Սօսին ու մենք՝ եղբայրս Զարեհըեւ ես, քալելով կը յաճախէինք ՀԲԸՄի «Երուանդ Տէմիրճեան» նորաբաց վարժարանը: Ու մնացինք ընտանեկան բարեկամներ եւ գործակիցներ:
Այսպիսի հի՜ն բարեկամութիւն մը մեզ բերաւ Ատլանտեանի այս ափերը: Սեդան մնաց հաւատարիմ իր արուեստին եւ կուսակցական ուխտին:
Կը շնորհաւորեմ զինք: