Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

«Աշխարհի Մէջ Մերը Եւ Միակը Միայն Հայաստանն Է»

*ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ*

Սուրիան դեռեւս ծուխի մէջ է, օրէ օր կ’աւելնան աւերուած շէնքերն ու շինութիւնները, չի նուազիր զոհերու թիւը: Հայրենիքի մէջ հանգրուանած սուրիահայերէն շատերը այնտեղ  ձգած են իրենց տուները, խանութները` չհասցնելով ատոնք վաճառելու եւ այդ գումարով բնակարան գնելու Հայաստանի մէջ: Գուցէ չեն պատկերացուցած ալ՝ ծննդավայրին մէջ ծաւալած պատերազամական գործողութիւններու երկարատեւութիւնն ու այդչափ լրջութիւնը եւ մտածած են, որ շուտով կ’աւարտի այդ մղձաւանջը ու իրենք տուն կը վերադառնան, տէր կը կանգնին հայկական մշակութային, հոգեւոր արժէքներուն, իրենց տուներուն, կայքին ու գործատեղիներուն:

Եւ այնուամենայինիւ պէտք էր ապրիլ, շարունակել կեանքը Հայրենիքի մէջ, աշխատանք գտնել, տանիք ունենալ: Մեր պետութեան ու կառավարութեան, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ շատ սուրիահայեր աշխատանք գտան, բնակարաններ վարձեցին, հումանիտար օգնութիւններ ստացան, կամաց-կամաց ընդելուզուեցան հասարակական կեանքին, նոր միջավայրին ու նոր կենցաղին, ի հարկէ յոյսով եւ հաւատով սպասելով սիրելի ծննդավայրի ազատագրման ու խաղաղութեան վերահաստատման: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնն ու «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները կարգաւորող կեդրոնը», մշտապէս իրենց ուշադրութեան կեդրոնը կը պահեն մեր հայրենակիցներու հոգերու եւ տարաբնոյթ խնդիրներու լուծման հնարաւոր ճանապարհներու հարցը:

Ինծի հանդիպած հայրենադարձներէն շատերը շատոնց արդէն յարմարած են նոր միջավայրին, աշխատանք գտած, ոմանք տուն  կառուցած են կամ բնակարան  գնած, միւսներն ալ դեռեւս կ’ապրին վարձակալութեամբ: Բազմաշնորհ սուրիահայերը` գիտնականներ, բժիշկներ, ուսուցիչներ, գրողներ, երաժիշտներ, ոսկերիչներ, ձեռքի աշխատանքի հմուտ վարպետներ, խոհարարներ, դարբիններ, իրենց սեփական գործը հիմնած են  Հայաստանի մէջ, բացած  ճաշարաններ, սրճարաններ ու խանութներ, սեփական բուժարաններ:

Օրերս այցելեցի Պարոնեան  20 հասցէի վրայ  տեղակայուած «Հաւի` Հալէպի ճաշատեսակներ» խանութը, որուն մասին շատ  լսած էի: Խանութի տէրերը` տիկին Զարմինէն եւ պարոն Յարութը, զիս դիմաւորեցին երկյարկանի փոքրիկ խանութի 2րդ յարկի` պարտէզի նմանող գեղեցիկ պատշգամէն: Պարոն Յարութի արեւմտահայու բնորոշ բարի, խաղաղ հայեացքով ժպտուն կերպարը, անշուշտ խանութի աւելի շատ յաճախորդներ ունենալու լաւագոյն գրաւականն է, իսկ թէ ինչպէս  տիկին Զարմինէն ու պարոն Յարութը սիրով կը սպասարկէին յաճախորդներուն, տեսնել  պէտք է: Փոքր-ինչ կտրելով աշխատանքէն` փորձեցի պարզել անոնց Հայրենիքի մէջ մշտապէս ապրելու մտադրութիւնները, լսելու անոնց ունեցած հոգերու, խնդիրներու մասին, որոնք կը կիսեմ մեր` «Հայերն Այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի հազարաւոր ընթերցողներուն հետ:

Զարմինէ Թոքաթլեան-Մինասեան – երեք տարի է, որ Երեւանի մէջ ենք, կ’աշխատինք, յարմարած ենք նոր միջավայրին, նոր պայմաններուն: Այս խանու՛թն է մեր եկամուտի աղբիւրը: Բացի ինծմէ եւ ամուսինէս, երբեմն մեզի  հետ կ’աշխատին, կ’օգնեն մեր ազգականները: Ունինք մշտական յաճախորդներ, որոնց առկայութիւնը պայմանաւորուած է ապրանքի որակով եւ բազմատեսակ ուտեստներով. ամէն ինչի թարմն ու լաւը կ’օգտագործենք` ուտեստներ պատրաստելու: Սուրիահայերը շատ շնորհալի են. կանայք գիտեն գործել, կարել, ասեղնագործել, հրաշալի տանտիրուհիներ են, օրինակելի մայրեր, շատ համեղ ուտեստներ ու խմորեղէն կը պատրաստեն իրենց ընտանիքին համար, տղամարդիկ արհեստաւորներ են, խոհարարներ, առեւտրականներ, լաւ ամուսիններ ու լաւ հայրեր: Անգամ մը ցուցահանդէս վաճառքի կը մասնակցէի Երեւանի մէջ (Ձեզի այնտեղ տեսած եմ, նոր յիշեցի), տեղացի  տղամարդ մը մօտեցաւ ու հարցուց. «Դուք` սուրիահայերդ, ամէնքդ առեւտուր  կընէք, ուտելիք կը պատրաստէք, դուք գիտնականներ, բժիշկներ, ուրիշ մասնագէտներ չունի՞ ք…»:

2

3

Զարմացած նայեցայ այդ մարդուն եւ ըսի` ինչու՞ չունինք: Շատ վիրաւորուեցայ: Մենք ամէն ինչ ունէինք եւ ունինք` բժիշկներ, գիտնականներ, ճարտարագէտներ, ուսուցիչներ, գրողներ, երգիչ-երաժիշտներ: Հէ՛նց իմ եղբայրս` մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ Մհեր Մինասեանը, աշուղական երգի մեկնաբան էր Հալէպի մէջ, ան մշակած է իր ձայնը, երգած, հաւաքած հայկական հին երգեր: Նոր  եկած է Հայաստան, սակայն պէտք է երթայ Գանատա: Իմ ամուսինս սկիզբը ոսկերիչ  եղած է, յետագային փոխած է աշխատանքի բնոյթը: Ոսկեձեռիկ վարպետներ շատ  ունեցած ենք եւ այսօր ալ փառք Աստուծոյ ունինք:

Մարդուն ամէնէն առաւել կը ճանչնան անոր գործերով. մենք դեռեւս Հալէպի մէջ ունէինք նման գործատեղի, մեզի բոլորը կը ճանչնային, ամէն ինչ լաւ կ’ընթանար, ապրուստի մասին հոգալը ծանր խնդիր չէր, ինչպէս այստեղ: Սակայն Հայաստանի` Երեւանի մէջ ալ կայ ա՛յն ամէնը, որուն պակասը ունէինք Սուրիոյ մէջ. այստեղ ապահով է, այստեղ ամէն ինչ գեղեցիկ է:

Մենք կը սիրենք մեր Հայրենիքը, բայց   տեսակ մը օտար կը զգանք, տեղի ժողովուրդը խոժոռադէմ է, քիչ մը կոպիտ, մարդիկ աւելի շատ խօսող են՝ քան Սուրիոյ մէջ, ի դէպ շատ ալ արագախօս են: Իրենց խօսքին մէջ մեզի համար օտար ու խորթ շատ բառեր կը գործածեն ռուսերէնով, պարսկերէնով, թրքերէնով…։ Կ’ըսեն վեկալեմ (վերցնեմ), չէինք հասկնար, թէ ինչ կը նշանակէ ատիկա,  վեց ամիս յետոյ հասկցանք: Կ’ըսեն  հայաթ (բակ), տելեվիզոր, խալատելնիկ, տուխովկա (փուռ), հելնեմ, էթամ… մենք մաղտանոս կամ ազատքեղ կ’ըսենք, այստեղ կ’ըսեն` պետրուշկա, կանաչիի կապին կ’ըսեն դաստա,  դաստա կանաչի մը տուէք, մենք կ’ըսենք ստեպղին, սմբուկ եւ այլն…։

Մենք կը կարծէինք, թէ Հայաստանի մէջ մաքուր հայերէնով կը խօսին, եւ ես աւելի գեղեցիկ բառեր պիտի սորվիմ: Մեր կողմի ժողովուրդը շատ աւելի աւանդապաշտ է, ընտանեսէր, հաւատքով, հայրենասէր: Մեր` արեւմտմահայ լեզուին օտար բառեր չենք խառներ. հազարէն մէկ բառ մը կրնայ արաբերէնով հնչել: Հայաստան մեզի համար հեռուէն իտէալ-երազ էր, բայց հիմա ան ցանկալի իրականութիւն է: Չեմ կրնար չանկեղծանալ ու չըսել, որ մենք կը կարօտնանք Սուրիան, Հալէպը, չէ՞ որ ան մեր եւ մեր ծնողներու, մեր երախաներու ծննդավայրն է. շատ լացինք Սուրիոյ համար, այլեւս արցունքներ չունինք, չորցած են ատոնք, սակայն հոգիով կը մղկտանք: Հայաստան մեր Հայրենիքն  է, իսկ Սուրիան Մայրենիքը: Շատ կ’ուզենք, որ մեր Հայրենիքը ամէնէն հզօրը ըլլայ, բարձր եւ նման ըլլայ մեր երազներու Հայրենիքին, որ բոլորը խօսին մաքուր հայերէնով, բարեկեցիկ ապրին, փողոցներուն մէջ մուրացկաններ չըլլան, իմ երազներու Հայրենիքին մէջ մուրացկաններ չկային…։ Հայերը արժանի՛ են լաւ ապրելու:

Յարութ Թոքաթլեան – Ինչպէս տիկինս ըսաւ, կ’աշխատինք յարմարիլ եւ կարծես թէ յարմարած ենք: Մեր ուժերով եւ մեր գումարով վարձած ենք այս տարածքը, խանութ  դարձուցած ենք եւ կը պատրաստենք հաւի, նաեւ` տաւարի միսէ կիսապատրաստի ուտեստներ. ատոնք Հալէպի ճաշատեսակներ են, որոնք ընդամէնը պէտք է տաքցնել կամ տապկել: Տնօրէնը Զարմինէն է, իսկ ես կը պատրաստեմ, սակայն մէկս միւսիս բոլոր հարցերով անպայման կ’օգնենք: Երկու զաւակ ունինք, որոնցմէ մէկը արտերկիր է, միւսը այստեղ, սակայն աշխատանք չունի: Տուն  վարձած ենք մօտակայքը, կը վճարենք բնակարանի, խանութի տարածքի, հումքի համար եւ մեզի ապրելու համար առանձնապէս բան չի մնար: Հալէպի հաւի եւ տաւարի միսով ճաշատեսակները` իչլի քիւֆթան, հաւի կողիկները, մանթին, քեպապը, լցոնած պուտիկները եւ այլն, շատ մեծ պահանջարկ ունին, գիներն ալ մատչելի են, սակայն այդքան շատ չեն գնորդները, ոչ բոլորը գիտեն մեր խանութին տեղը, որովհետեւ ան անմիջապէս փողոցի վրայ չէ: Սուրիահայեր, պարսկահայեր  շատ կու գան. կ’ուզենք, որ տեղացիներն ալ ճանչնան այդ համեղ ուտելիքները եւ յաճախակի օգտուին մեր ծառայութիւններէն: Սիրով կը ծանօթացնենք մեր ուտեստներու պատրաստման եղանակը: Կ’ապրինք այսպէս, սակայն ամէն օր կը սպասենք սուրիական պատերազմի աւարտին, որպէսզի երթանք Հալէպի մեր տունը վաճառենք եւ Հայրենիքի մէջ  տուն մը գնենք: Այսքան վարձ տալու (150.000 դրամ բնակարանի համար) փոխարէն` երեք տարուան այդ գումարներուն կրնայինք աւելցնել Հալէպի տան վաճառքի գումարը եւ ապրիլ մեր սեփական բնակարանին մէջ: Ցաւօք խաղաղ ժամանակ շատ թանկ գնահատուող մեր տունը այլեւս գին չունի, աւելի ճիշդ չնչին գումար կու տան. ապահով չէ այնտեղ: Ես միայն ու միայն պէտք է Հայրենիքիս մէջ ապրիմ մնացած կեանքս. սա՛ է իմ տունս: Որեւէ մէկ տեղ ալ անվտանգ չէ, ամէն տեղ ալ գէշ բաներ ու գէշ մարդիկ կան: Հայաստանը լաւ է, միայն ապրուստը  դժուար է, աշխատանք ունենալու խնդիր կայ: Թէ չէ աշխարհի մէջ մերը եւ միակը միայն Հայաստանն է:

 «Հայերն Այսօր»

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին