Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Լուսանկարչական Ցուցահանդէս Անգարայի Մէջ

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Չանքայեա շրջանին մէջ բացուած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող լուսանկարներու ցուցահանդէս, Թուրքիոյ  գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) նախագահի օգնական Սեզկին Թանրըքուլուի, ԺՀԿի Քոնիայի պատգամաւոր Աթիլլա Քարթի, փրոֆեսոր Պասքըն Օրանի եւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի մասնակցութեամբ:

Վկայակոչելով թրքական Memurler.net-ը Ermenihaber.am-ը կը յայտնէ, թէ Չանքայեաի ՏԻՄ մարմիններու կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 22 Նոյեմբեր:

«Վկայութիւններ հայ ընտանիքի մը կորսուած անցեալին մասին» խորագիրով ցուցահանդէսին ներկայացուած են՝ հայ լուսանկարիչներ Ցոլակ եւ Արամ Տիլտիլեան եղբայրներու աշխատանքները: Լուսանկարները կը պատմեն ինչպէս Տիլտիլեան ընտանիքին պատմութիւնը, այնպէս ալ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան ժամանակներուն, երկրի մէջ բնակող հայերու կեանքն ու ճակատագիրները, Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու գաղթը:

Աղբիւրին համաձայն ցուցահանդէսը յառաջացուցած է Թուրքիոյ շարք մը քաղաքական եւ ոչ քաղաքական շրջանակներու զայրոյթն ու բողոքը: Մասնաւորաբար Անգարայի քաղաքապետ  Մելիհ Կէօքչէքը Twitter-ի մէջ կատարած է հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Ամօթ Չանքայեաի իշխանութիւններուն: Հայ լուսանկարիչի աշխատանքներով հայոց ջարդերու ցուցահանդէս բացուած է: Անկեղծ ըսեմ քեզմէ չէի սպասեր Ալփեր Թաշտելեն»:

Մելիհ Կէօքչէք յայտնի է իր հայատեացութեամբ: Ամիսներ առաջ ան պոլսահայ գրող եւ լրագրող Հայկօ Պաղտատի դէմ դատ բացած էր՝ անոր հայանպաստ մէկ արտայայտութեան պատճառով:

Նշենք, որ 3 Սեպտեմբերէն 1 Նոյեմբեր, Սթամպուլի մէջ կը գործէր Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած «Թոռներ» ցուցահանդէսը, որուն համակարգողը ծնունդով արժանթինահայ, ներկայիս պերլինաբնակ նկարչուհի Սիլվինա Տէր-Մկրտչեանն է:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Մարիա Պետոյեանի, Մարթին Գարատաղեանի, Արման Թադեւոսեանի, Միքայէլ Օհանեանի, Աշոտ Աշոտի, Թալին Պիւէուքքիւքչեան-Տէմիրճեանի, Անի Սէթեանի, Հերա Պիւէուքթաշչեանի, Մարիա Զոլամեանի, Արչի Կալենցի եւ Լինտա Կանճեանի աշխատանքները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին