Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով ամերիկեան Իլինոյս նահանգի Էվընսթըն քաղաքի Հիւսիս-արեւմտեան համալսարանին մէջ «Ժխտում եւ յիշողութիւն» թեմայով համաժողովի ծիրէն ներս չորս տարբեր համալսարաններու փրոֆէսորներ ցեղասպանութեան ժխտման հարցի շուրջ քննարկում կազմակերպած են: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վայակոչելով The Daily Northwestern-ը:
Համաժողովին նախաձեռնողը Ժամանակակից թրքական հետազօտութիւններու հիմնարկի փրոֆէսոր Իփէք Եօսմաօղլուն էր: «Բռնութեան ժխտումը շատ աւելի լուրջ բան է: Ամէնէն սարսափելին ոչ թէ տառապանքն է, այլ այդ յիշողութեան ոչնչացումը»,- նշած է թուրք փրոֆէսորը:
Աւստրիական Կրաց քաղաքի համալսարանի փրոֆէսոր Քերեմ Օքթեմն ալ բարձրացուցած է յիշողութեան համեմատութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան –ժխտման գաղափարի հարցերը: «Ժխտման կողմնակիցները կը զրկուին հիմքերէ»,- ընդգծած է Քերեմ Օքթեմը:
Քննարկման ներկայ գտնուած Էւընսթընի բնակչուհի Պարպարա Լիոնսը իր հերթին նշած է, որ հայկական մշակոյթի ոչնչացումը ցնցած է զինք: «Անոնք ոչ միայն ազատուեցան հայերէն: Անոնք կը ցանկանային ազատուիլ նաեւ անոնց` այնտեղ գտնուելու մասին յիշողութենէն»,- աւելցուցած է Պարպարա Լիոնսը: