Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Խօսք Յիշատակի (Ողբ. Կարօ Շաքլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*

 Մարդկային մեր կեանքին մէջ արձանագրուած անվերադարձ ամէն կորուստ,  մեր   մտածումները կ՝առաջնորդէ տխրագին զգացումներով: Մահուան ու թաղման պարագաներ՝ սգակիր հարազատներուն թէ ներկաներուն  հոգիները կ՛ալեկոծէ յոռետես զգացողութեամբ: Այստեղ օգնութեան կը հասնին կրօնաբարոյագիտական բազմապիսի մտածումներ եւ հաւատոյ հանգանակներ, որոնք կը յուշեն մեզի, թէ բնութեան մէջ  ամէն «Ծնունդ» ունի իր «Վախճան»ը, հետեւաբար կեանքին իմաստը պէտք է որ փնտռենք ու գտնենք՝ հանգուցեալին գործունէութեան  ընթացքին թողած «մարդկային բարոյական կերպար»ին մեծութեանը մէջ: Ի վերջոյ ի՛նչ էր անոր կեանքին իմաստը եւ անկէ բխած իր մշտախօս «պատգամ»ը:

Կարօ Շաքլեանի մահուան քառասունքին՝ մեր մտածումները կը հեռանան թաղման արարողութեան պահին  առթած  զգացական խոհերէն ու կը կեդրոնանան անոր ապրած 75 տարիներուն հոգեկան աշխարհին վրայ:

Նախ՝ արագ ակնարկ մը նետենք  «Շաքլեաններ»ու եւ  մեզի նման բազմահազար հայորդիներուս հայրերուն ու մեծ հայրերուն  ծննդավայր՝ նախաեղեռնեան Կիլիկիոյ չքնաղ ու նարնջաբոյր Չորք Մարզպանին վրայ:

Այս մասին բազում էջեր ունի  գրած հին սերունդի գրողներէն, ողբացեալ մեր ընկերոջ ազգականներէն՝ Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ Արիս Շաքլեան (1900-1959): Առաւել՝ Շաքլեանները միշտ ալ եղած են ուսումնասէր եւ կեանքի մէջ յաջողակ անձեր: Հայ գիրի ու կրթութեան ծառայող մշակներ:

Կարօ Շաքլեանի պարագան եւս կանգնած է մօտիկը իր պատկանած գերդաստանի մեծերու փաղանգին: Ծնած էր Պէյրութ, 1940 Ապրիլ 10ին՝ Միհրան եւ Նոյեմի Շաքլեաններու յարկին տակ: Նախակրթութիւնը կը ստանայ Նորաշէնի Նուպարեան վարժարանէն ներս: 1951-ին կ՝ընդունուի Հ Բ Ը Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրդ.վարժարան, կ՝աւարտէ 1957-ին: Տարի մը ուսանելէ ետք Հայկազեան Գոլէճ (այժմ՝ համալսարան), կ՝ընդունուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան եւ 1965-66ին կ՝ըլլայ շրջանաւարտ անոր Երկրագործական ճարտարագիտութեան բաժանմունքէն:

Մինչ այդ իր մէջ կը կազմաւորուի հայրենասիրական զգացումներով լիացած հայ երիտասարդը՝ Թօփճեաններու, Վահէ-Վահեաններու, Գերսամ Ահարոնեաններու եւ անոնց պաշտօնակիցներու շունչով տոգորուած: Կը միանայ Հ Բ Ը Միութեան, ՌԱԿի եւ Թէքէեան Մշկթ. Միութեան շարքերուն: Ազգային- միութենական  գործունէութիւնը կը խտացնէ  Վ. Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան կազմէն ներս բերած  իր բազմամեայ անձնուէր ծայայութեամբ:

Այսօր, իր մահէն քառասնօրեակ մը ետք, երբ կը վերականգնենք մեր յուշ-յիշատակներուն մէջ բարոյական կերպարը հանգուցեալ  մեր գաղափարակից  ու  հայրենանուէր ընկերոջ,  հետզհետէ նօսրացող մեր շարքերուն մէջ կը նկատեմ դիմանկարը երբեմնի  այն  բարի տղուն, ազնիւ  պատանիին ու երիտասարդին, համակ ընկերասէր եւ ազգասէր  իրաւ Հայ Մարդուն, որ իր ընտանեկան թէ ընկերային անմիջական շրջանակին մէջ եղաւ ԱՆՁ մը սիրելի՝ իր բարութեամբ եւ հեզութեամբ: Որ տուաւ ԻՄԱՍՏ մը իր կեանքին, ու եղաւ  մնայուն ՊԱՏԳԱՄ մը՝  նորահաս սերունդներուն:

Այդ անձին անունը դուք գիտէք արդէն, բայց ձեր թոյլտուութեամբ՝ իբրեւ հոմանիշ,  ես զայն պիտի վերանուանեմ՝  ճիւղ մը մշտադալար «Բարութեան Ծառ»էն:

Յարգանք իր թարմ յիշատակին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին