*ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ*
29, 30, 31 Հոկտեմբեր եւ 1 Նոյեմբեր 2015 թուականները, լիբանանահայութեան համար պիտի մնան անմոռանալի օրեր: Չորս օրերու ընթացքին ամբողջ լիբանանահայութիւնը եւ աշխարհացրիւ հայութիւնը, ներառեալ Հայրենիքի ժողովուրդը ականատես եղան Գոհար համոյթի բացառիկ յաջողութեամբ ելոյթներուն՝ երգ, պար եւ նուագ: Սա եղաւ շնորհիւ Արամ եւ Գոհար Խաչատուրեան ընտանիքի զաւակներուն՝ Յարութիւնին, Շահէին եւ Նարին ձեռներէցութեան ու նուիրումին: Արհեստագիտութեան յառաջընթացը եւս մեծ դեր խաղաց: Ասկէ քսան տարիներ առաջ անհաւատալի կը թուէր՝ Գանատա եւ կամ Սիտնի տունիդ մէջ նստած, Լիբանանի եւ կամ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւն մը դիտել նոյն վայրկեանին: Արհեստագիտութիւնը զայն դարձուցած է իրականութիւն: Չորս օրերու վրայ երկարող «100 Երգ» համերգին, աւելի քան 2000 հոգինոց սրահին տոմսերուն սպառումը ելոյթէն շաբաթներ առաջ, մրցանիշ մըն էր Լիբանանի հայոց երաժշտութեան պատմութեան մէջ: Չտեսնուած կարգապահութեամբ՝ սկսեալ կառատունէն, սրահին մուտքին կեցող ներկայանալի տեսքով առաջնորդներու, սրահէն ներս հիւրերու տեղաւորումին հսկող անձերու տրամադրումը ու չորս օրերու վրայ երկարող հանդիսութեան առանց դոյզն միջադէպի աւարտիլը, երկրին այս տագնապալի օրերուն հրաշքի համազօր իրագործում մըն էր:
Գալով համերգներու յաջողութեան, անիկա ամէն ակնկալիքէ վեր էր: Նախապէս Գոհարի երկրպագուները բոլորն ալ կը հարցնէին, թէ ի՞նչ պիտի պատահի Գոհարի հիմնադիր եւ կերտիչ Մայէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի մահէն ետք. բայց շնորհիւ Խաչատուրեան եղբայրներու հաւատքին ու նուիրումին՝ Գոհարը մէկ քայլ եւս յառաջընթաց արձանագրեց այդ օրերուն: Սեպուհ Աբգարեանի ողջութեան իրեն գործակից եղող խմբավար Նաթալի Գալուստեան, երաժշտական խումբ կառավարելու իր բացառիկ կարողութեամբ. Մայէսթրոյին բացակայութիւնը զգացնել չտուաւ:
Սեպուհ Աբգարեանը Մեծ Եղեռնէն ետք Հալէպ հաստատուած համեստ ընտանիքի մը զաւակն էր: Այնուհետեւ ան մեծցած էր Կիպրոս, ՀԲԸՄի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հայաշունչ մթնոլորտին մէջ, ապա մասնագիտացած արուեստի բարձր կեդրոն Փարիզի մէջ: Ունէր արուեստի եւ երաժշտութեան բնատուր շնորհներ: Մելգոնեանի երաժշտութեան վաստակաւոր ուսուցիչ Վահան Պէտէլեանի հանգստեան կոչուելէ ետք, պատասխանատու նշանակուեցաւ Հաստատութեան երգի ու պարի խումբին, զայն վարելով երկար տարիներ: Նոյն ատեն Կիպրոսի հայկական ռատիօժամի վարիչն էր: Այս բոլորը, ինչպէս նաեւ շփումը Սփիւռքի եւ Հայրենիքի հետ, զայն հասցուցած էին մակարդակի մը, որ երբ ան Մելգոնեանէն վերջ ստանձնեց Կիւմրիի Գոհար խումբը հիմնելու եւ զայն վարելու պարտականութիւնը, արդէն կազմաւորուած բարձրարժէք արուեստագէտ անձնաւորութիւն մըն էր:
Նաթալի Գալուստեանի պարագան բոլորովին տարբեր էր։ Ան կանուխէն հետեւած էր երաժշտական ուսումի եւ հասած երաժշտութեան խմբավարի դոկտորայի աստիճանի վկայականին ու ստանձնած շատ մը երգչախումբերու եւ նուագախումբերու խմբավարութիւնը: Նոյն ատեն Մայէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին վերջին տարիներուն անոր օգնականը ըլլալով, իւրացուցած էր Գոհարի հետապնդած արուեստի իրագործումին գաղտնիքները: Այնպէս որ երբ ճպոտը ձեռքին հրաման կու տար խումբի անդամներուն, թէեւ բոլորովին տարբեր ազդեցութիւն մը կ’ունենար հանդիսատեսին վրայ, սակայն կ՛երեւէր Մայեսթրոյին ձգած հետքը ու կը զգայիր, որ արհեստավարժ եւ ինքնավստահ խմբավարի մը դիմաց կը գտնուիս:
Այսօր շնորհիւ Նաթալի Գալուստեանի բարձր մակարդակի խմբավարութեան, Գոհար համոյթը նոր բարձունքներ կը նուաճէ հայ երգի, նուագի ու պարի կալուածէն ներս: Անիկա հայութեան կռունկն է, որ կը թեւածէ երկրէ երկիր ու ծովէ ծով, բերելով շունչը Հայրենիքին, հայ երգին ծարաւ եղող աշխարհասփիւռ հայութեան: Սա եզակի երեւոյթ մըն է հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ:
Վարձքը կատար Գոհարի յաջողութեան բոլոր սատարողներուն, Խաչատուրեան եղբայրներուն, խմբավարին ու անդամներուն, համերգը հովանաւորողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք հեռուէն ու մօտէն օգնեցին Գոհարի յաջողութեան: