Լիբանանեան «Էքսփօ» (Expo) քաղաքապետութիւններու, ցուցահանդէսներու եւ շրջաններու զարգացման նուիրուած արաբատառ պարբերաթերթը անդրդարձած է՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ի Լիբանանի մէջ տարած աշխատանքին, հարցազրոյց մը ունենալով ՀԵԸի Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Վիգէն Չէրչեանի հետ:
Հարցազրոյցին հունը կազմած են ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Լիբանանի մէջ գործունէութիւնները, մարզական խաղերու եւ ախոյանական մրցաշարքերու մէջ արձանագրած յաջողութիւնները, երիտասարդութեան ընդգրկումը միութենական կեանքի մէջ, սկաուտական շարժումը, մասնաճիւղերը, միութեան մշակութային գործունէութիւնը ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի ԱՐԻՆ պարախումբը, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին իր տարեկան հերթական ելոյթը պիտի ունենայ՝ Տպայյէյի Էմիլ Լահհուտ համալիրին մէջ։