ԱՆՈՅՇ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ
Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական թաղամասի լահմաճունանոցներէն մէկուն մէջ, կին աշխատողի ներկայութիւնը անակնկալ էր այցելուներուն համար, ուստի Սալբի Ճապաղջուրեանին խենթ հայեացքով կը նայէին: Այնտեղի չգրուած օրէնքներուն համաձայն` կինը պէտք է դաստիարակէր երախաները եւ հոգար տնային հոգերը: Սակայն Սալբին որո՞ւն բացատրէր, որ սրտի հիւանդութեամբ տառապող ամուսնուն օգնելու նպատակով՝ հարկադրուած է համատեղել ընտանիքն ու աշխատանքը:
-Ողջ Հալէպի մէջ միակ կինն էի, որ կ’աշխատէի ամուսնուս հետ: Գրիգորը առաւօտեան ժամը 6էն կ’աշխատէր, ես` ժամը 9էն: Սկիզբը ընկերուհիներս ծուռ հայեացքով կը նայէին ինծի, կ’ըսէին ի՞նչ գործ ունիս, տունը նստիր, ճաշդ եփէ ու փոքրիկներդ նայիր: Սակայն ոեւէ մէկը չէր գիտեր ամուսնուս հիւանդութեան մասին, որ անոր օգնելու համար ես կ’աշխատիմ: Բայց կրցայ յաղթահարել ինծի համար անկարեւոր այդ խօսակցութիւնները: Հետզհետէ ընկերուհիներս սկսան քաջալերել զիս, գովել, կը զարմանային, թէ ես ինչպէս գործարար տղամարդոց հետ կը քննարկեմ գործարարութեան հարցերը, որոնք քրոջ պէս կը վերաբերէին հետս, քանի որ իրենք ալ հասկցան, որ եթէ Գրիգորի կինը կ’աշխատի, ուրեմն այդպէս պէտք է՝ ըսաւ Սալբին:
Գործունեայ, աշխատասէր ու կենսախինդ Սալբիին համար փուռին մէջ աշխատիլը իրօք դժուար էր, ըսես կը կորչէին կանացի փափկութիւնն ու քնքշութիւնը: Սակայն անտեսելով այդ ամէնը, ինչպէս ինք կ’ըսէ, «կ’երթար հոսանքին հակառակ»: Վաղ առաւօտեան որդին ու դուստրը դպրոց ճանապարհելէ, կերակուր պատրաստելէ ու տունը կարգաւորելէ յետոյ, Սալբին կը շտապէր լահմաճունանոց, ուր լահմաճունի որակն ու համը պահպանելու համար՝ արագաշարժ ու հմուտ վարպետի ձեռքեր հարկաւոր էին: Ահա թէ ինչու Գրիգոր եւ Սալբի Ճապաղջուրեաններու պատրաստած լահմաճունը՝ այնքան յայտնի ու պահանջուած էր ամբողջ Հալէպի մէջ:
Պատերազմը սկսելէ յետոյ Ճապաղջուրեաններու ընտանիքը, բազմաթիւ սուրիահայերու նման հարկադրուած էր գաղթելու Հայաստան: 2012 թուականին Սալբիի որդին` Կայծակը կու գայ Հայաստան, կամաւոր աշխատանքի անցած քրոջը` Մեղրիին այցելութեան: Իսկ երբ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը ալ աւելի կը սրի, անոնց կը միանան նաեւ ծնողները: Շուրջ 6 ամիս անգործ մնալէ յետոյ, ընտանիքը որոշեց վերսկսիլ նախկին գործը: Անծանօթ միջավայրի ցանկութիւնները ուսումնասիրելէ յետոյ ամուսինները համոզուեցան, որ իրենց պատրաստած լահմաճուններուն հանդէպ պահանջարկը նոյնն է, ինչպէս Հալէպի մէջ: Որոշ ժամանակ Խորենացի փողոցի վրայ աշխատելէ յետոյ, Նալպանտեան փողոցի շէնքերէն մէկուն ներքնայարկին մէջ հիմնովին հաստատուեցան:
Ահա արդէն երկու տարի է, որ Նալպանտեան 5 հասցէ կը շտապեն իւրայատուկ համով լահմաճօ (Հայաստան այդպէս կ՛ըսեն, «Խմբ․») գերադասողները: Այդ գողտրիկ ու հաճելի լահմաճոյանոցը գրաւիչ դարձած է նաեւ իր առանձնայատուկ կոչ- գովազդով` «Երկիրը երկիր է»:
-Երբ եկանք ու որոշեցինք գործ սկսիլ, մեզի յաճախ կ’ըսէին` ինչու՞ կը մնաք այստեղ, ի՞նչ կայ այստեղ, այս երկիրը երկիր չէ եւ այլն: Ու երբ տեղաւորուեցանք, զաւակներս երեկոները զրուցելով կ’ըսէին. այս մարդիկ ինչո՞ւ դժգոհ են այս երկիրէն, ի՞նչը պակաս է, ամեն ինչ գեղեցիկ, մաքուր է, երկինքը ջինջ ու կապոյտ է, աշխատողը կ’ապրի: Մենք կը սիրենք մեր Հայրենիքը: Ու որոշեցինք մեր այս պանդոկի պատին փակցնել` «Երկիրը երկիր է» գրութիւն ըսեմ, թէ կոչը,- կը պատմէ Սալբին:
Անոր համոզմամբ մարդիկ կը սիրեն խառնուիլ ուրիշներու գործերուն, մինչդեռ ամէն մէկը իր գործը պիտի ընէ: Սալբիի գործը լահմաճօ պատրաստելն է, ու ան կ’աշխատի իր գործը սիրով ու նուիրումով ընել: Սուրիոյ մէջ մշտապէս ապրած է ապագայով, զանազան ծրագիրներ ու երազանքներ կազմելով, եւ ի՞նչ կատարուեցաւ: «Ո՞վ գիտէր, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմ կ’ըլլայ ու մարդիկ տնաւեր կը դառնան, կամ որ կը կորսնցնեմ ամուսնուս: Այսօր ես կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ եւ կը վայելեմ կեանքս ու երկիրս»: