Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Ընկ.Վարդգէս Գուրուեան Ոսկի Մետալով Կը Պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութենէն

Վաստակաշատ մանկավարժ ընկ. Վարդգէս Գուրուեանի կրթական, կուսակցական, միութենական, մշակութային, երիտասարդական, եկեղեցական, ընկերային, համայնքային ազգանուէր եւ հայանպաստ գործունէութեան 50 տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը բարձր գնահատելով, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութիւնը զինք պարգեւատրած է Նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով՝ «Ոսկէ Յուշամետալով»։

Արդարեւ Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբերին, ընտանեկան եւ բարեկամական սեղմ շրջանակի ներկայութեան, ՀՀ Լոս Անճելըսի Հիւպատոսարանի դահլիճին մէջ, Աւագ Հիւպատոսի տեղակալ Տիար Վալերի Մկրտումեան եւ Սփիւռքի Համայնքային ու Մշակութային հարցերու պատասխանատու Հիւպատոս Տիկ. Արմելլա Շաքարեան, Վարդգէս Գուրուեանին յանձնեցին ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան Գնահատագիրն ու Ոսկի Յուշամետալը։

Խօսք առնելով Աւագ Հիւպատոսի տեղակալ Տիար Վալերի Մկրտումեան անդրադարձաւ, Վարդգէս Գուրուեանի մանկավարժական եւ համայնքային գործունէութիւններուն՝ յիշելով, թէ ինչպէս անցեալին սերտօրէն գործակցած են՝ երբ Գուրուեան տնօրէնն էր Արշակ Տիգրանեան Վարժարանին։ Հիւպատոսը մեծապէս գնահատեց ընկ. Գուրուեանին ցուցաբերած ջերմ ընդունելութիւնները՝ Հայաստանէն զանազան այցելու խումբերու նկատմամբ եւ անոր անսակարկ մասնակցութիւնը Հիւպատոսարանի համայնքային աշխատանքներուն ու միջոցառումներուն։ «Գուրուեանի մեծ փորձէն պէտք է օգտուի համայնքը։ Տակաւին շատ բան կայ, որ կրնաք տալ ձեր համայնքին, կրթական եւ համայնքային այլ ոլորտներու մէջ», ըսաւ Հիւպատոսը։

Հիւպատոս Տիկ. Արամելլա Շաքարեան յիշեցուց, որ իր դուստրը աշակերտած էր Արշակ Տիգրանեան Վարժարանին եւ թէ իրենք միայն դրական յիշողութիւններ ունին տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանի մասին։

Ներկաներէն Տիկ. Էմմա Ումրոյեան (նախկին ուսուցչուհի) եւ Տօքթ. Արմինէ Գլճեան (նախկին ծնողք) խօսք առնելով, բարձր գնահատանքով խօսեցան Վարդգէս Գուրուեանի մասին՝ որպէս տնօրէն եւ «աշակերտներու երկրորդ հայր»։ Արդարեւ Տիգրանեան Վարժարանի խիստ կարգապահութիւնը, կրթական բարձր մակարդակը եւ գեղարուեստական հանդէսներու գովելի երեւոյթը արժանացած էին աշակերտներու, ծնողներու, պետական-կրթական պատասխանատուներու եւ համայնքի գնահատանքին։ Տօքթ. Արմինէ Գլճեան գովասանքով խօսեցաւ՝ տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանի աշակերտներու հանդէպ ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ ծնողներու նկատմամբ հասկցող ու յարգալից վերաբերմունքին մասին։ «Ան մեր բոլորին սէրն ու յարգանքը շահած էր», ըսաւ Տօքթ. Գլճեան։ Տիկ. Էմմա Ումրոյեան վեր առաւ Գուրուեանի վարչական կարողութիւնները եւ անոր արդար վերաբերմունքը ուսուցիչներուն հանդէպ։ «Ամէն տեղ էր ան, միշտ հսկողութեան բայց մանաւանդ օգնելու դիրքի մէջ», ըսաւ Տիկ. Ումրոյեան։

Ստեղծուած ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ, մտերմիկ խօսակցութիւններէ եւ բազմաթիւ մաղթանքներէ, ինչպէս նաեւ ընկ. Վարդգէս Գուրուեանի շնորհակալական խօսքերէն ու տակաւին համայնքին օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեան խոստումէն ետք, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ճաշ-հիւրասիրութիւն։

 

* * *

 Այս առիթով «Զարթօնք» կը շնորհաւորէ ընկ. Վարդգէս Գուրուեանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան այս պարգեւատրումին արժանանալուն համար ու իրեն կը մաղթէ երկար եւ առողջ կեանք՝ հայ ժողովուրդին աւելի եւս ծառայելու առաքելութեան մէջ։

                                                                                       «Խմբ»

15.10.26 (Vartkes Kourouyan Consulate recognition)-028

15.10.26 (Vartkes Kourouyan Consulate recognition)-030

15.10.26 (Vartkes Kourouyan Consulate recognition)-065

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին