Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս – Նոր Հորիզոններ Սկաուտական Նոր Տարեշրջանի Բացում

Սկաուտական նոր տարեշրջանի բացումը սովորական հանդիսութեան մը խորհուրդը չ’արտայայտեր՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի ժրաջան անդամներուն համար: Անիկա հաշուետուութեան եւ նոր հորիզոններ հատելու յանձնառութիւն մըն է միաժամանակ:

Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան ժամը 5-ին,   պատկառելի բազմութիւն մը համախմբուած էր ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնի շրջափակը: Այնտեղ էին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Գործադիր վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, միութենականներ, ծնողներ, համակիրներ եւ բարեկամներ: Բոլորը անհամբեր կը սպասէին սկաուտներու մուտքը, տարիներու յիշատակներով եւ փորձառութիւններով հարստացած հանդիսութիւն մը:

Ուղիղ ժամը   հինգ: ՀԲԸՄ Կարմիրեան Վարժարանէն սլացք կ’առնէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի փողերախումբը: Աննախադէպ ուրախութիւն մը կը պատէ ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնի շրջափակին մէջ համախմբուած ներկաները: Սկաուտներու ձեռամբ պատրաստուած մուտքի կայմէն անցնելով, շրջափակին մէջ տողանցելով իրենց դիրքը կը գրաւեն թիթեռները, արծուիկները, գայլիկները, արենուշները, սկաուտները, քառավելները եւ երէցները: Բոլորը պատրաստ՝ սկաուտական կայմին առջեւ: Անոր վրայ կը ծածանին Հայաստանի, Լիբանանի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸի, SDL-ի եւ AEL-ի դրօշները: Փողերախումբին կատարողութեամբ յոտնկայս կ’ունդկնդրենք Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԵԸի եւ ՀԲԸՄի քայլերգները:

Քոյր Ալին Աշակերտեան իր բացման խօսքին մէջ, գնահատեց Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան՝ ՀԵԸի հովանիին տակ ջամբուող հայեցի դաստիարակութիւնը: Ան մաղթեց հաւաքական աշխատանքով, նախորդները գերազանցող տարեշրջան մը եւս աւելցնել՝ Անդրանիկ Անթիլիասի հարուստ աւանդութիւններուն վրայ:

Ապա խօսք առաւ ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Անդրանիկ Անթիլիաս Գործադիր Մարմնի ատենապետ Վաչէ Աւետիքեան (հայերէն եւ արաբերէն): Ան ողջունեց ներկաները, յատկապէս ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն ու անդամները, «Սքուտ Տիւ Լիպան»ի Լեռնալիբանանի Շրջանի ներկայացուցիչ Զիատ Շաքէրը, AEL-ի (Ասոսիասիոն Էքլերէոզ Տիւ Լիպան) ընդհանուր քոմիսէր Լենա Գարակէոզեան-Իւրնեշլեանը եւ ներկաները, փայլուն ու արդիւնաւէտ տարեշրջան մը մաղթելով բոլորին:

«Սքութ Տիւ Լիպան»ի Լեռնալիբանանի Շրջանի Ներկայացուցիչ Զիատ Շաքէր, դրուատեց Լիբանանի սկաուտական կեանքին մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Սկաուտական Շարժումին գործունէութիւնը: AEL-ի ընդհանուր քոմիսէր Լենա Գարակէոզեան- Իւրնեշլեան նշեց, թէ սկաուտական ընտանիքի աշխատանքը յառաջիկայ տարեշրջանին իբրեւ լոզունգ պիտի ունենայ՝ «Միասնական աշխատանք յանուն աւելի լաւ ապագայի» կարգախօսը:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, իր պատգամին մէջ (հայերէն եւ արաբերէն) գնահատեց անցնող տարուան ընթացքին՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի բերրի աշխատանքը: Ան յաջողութիւն եւ նոր վերելք մաղթեց՝ 2015-2016 սկաուտական տարեշրջանին համար աւելցնելով, որ երեք կարեւոր տարեդարձներ կը սպասեն ՀԲԸՄ-ՀԵԸի ընտանիքը յառաջիկայ տասներկու ամիսներուն՝ ՀԲԸՄի հիմնադրութեան 110ամեակը, ՀԵԸի հիմնադրութեան 85ամեակը եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Սկաուտական Շարժումի հիմնադրութեան 80ամեակը:

Այս խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ փոխանցումներու եւ նոր նշանակումներու արարողութիւնը: Յաջորդական փոխանցումներ տեղի ունեցան արենուշական, քառավելական, գայլիկական, սկաուտական եւ երէցական խումբերու մէջ: Այս առիթով ՀԵԸ-Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց՝ ընդհանուր խմբապետ Էտի Թորամանեանը, առ ի գնահատանք երեք տարիներու ընթացքին իր կատարած նուիրեալ աշխատանքին:

ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ծափահարութիւններու տակ վառեց խորհրդանշական ջահը:

Հանդիսութեան աւարտին մատուցուեցաւ գեղարուեստական փոքր «սքեչ» մը, որուն ընկերակցեցաւ նկարներու ցուցադրութիւն: Յիշատակելի այս հաւաքը աւարտեցաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ:

6

4

1

DSC_3115

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին