Արդէն եօթ տարի է, երբ աշունը կը ներկէ Երեւանի փողոցները, կը ներկուին նաեւ քաղաքի արուեստի կեդրոններու պաստառները` հիւրընկալելով շարժապտկերային ֆիլմերու «Ռէանիմանիա» միջազգային փառատօնը: Փառատօնի խորագիրը այս տարի «Վերածնունդ» է: «Ռէանիմանիա»ն երգիծանկարիչ ու շարժապատկերային ֆիլմերու բեմադրիչ Վրէժ Քասունիի տարիներու երազանքն էր: Անոր պատմութիւնը կը սկսի Կիլիկիայէն, կը թափառի պատմական Հայաստանի քաղաքներով, մէկ պահ կանգ կ’առնէ Սուրիա եւ ի վերջոյ կը վերածնի Հայաստանի մէջ:
«Առաջին օրէն Հայաստանի մէջ ինքզինքս հանգիստ կը զգայի` ինչպէս ձուկը ջուրի մէջ: Յարմարելու համար պէտք է քաղաքացի դառնաս: Ոչ թէ քաղաքացիութիւն ստանաս, այլ դառնաս, հասկնաս, ապրիս: Կամ ալ` յաւերժ պիտի չընդունիս», կ’ըսէ Վրէժ Քասունին, որ ծնած է Հալէպ, սակայն ինքզինք կը համարէ կիլիկիահայ կամ կոմագենցի:
Երկդարեայ տոհմածառի ժառանգը
Քասունի ընտանիքի պատմութիւնը Վրէժի յիշողութեան մէջ կը ձգուի մինչեւ 19րդ դարու սկիզբ: Տոհմածառի արմատներուն մէջ Թորոս Հոճան է, որ ապրած է մինչեւ 1830ական թուականներու վերջը, այսօրուան Ատըեամանի շրջակայքը` Բեսնիի շրջանի մէջ գտնուող Քեսուն բերդաքաղաքը: «Այստեղէն ալ կու գայ տոհմի ազգանունը` Քասունի: Թորոս Հոճան եղած է մարտիկ, զբաղած է գիւղատնտեսութեամբ, մեծ կալուածներ ունեցած է Քեսունի եւ Բեսնիի մէջ: 1800ականներու սկիզբները մասնակցած է կիլիկիահայերու ապստամբութիւններուն եւ եղած ջոկատներէն մէկուն ղեկավարը», յիշելով ընտանեկան զրոյցները` կը պատմէ Վրէժը:
Երբ 19րդ դարու կէսերուն օսմանեան իշխանութիւնները կը քանդեն բերդաքաղաքը, Թորոս Հոճայի որդի Դիշօ Եղիան ընտանիքի հետ կը տեղափոխուի Այնթապ (այսօրուան Կազիանթեպ): Վերջինիս թոռնիկը` Եղիան, երկար տարիներ կ’առաջնորդէ տեղի աւետարանական եկեղեցին եւ կ’աշխատի իբրեւ ուսուցիչ: Ինքն ալ իբրեւ գրական կեղծանուն առաջինը կ’ըլլայ, որ կ’օգտագործէ Քասունի ազգանունը: 19րդ դարու վերջերուն Եղիա Քասունին ընտանիքի հետ կը տեղափոխուի Մարաշ, ուր ընտանիքը կ’ապրի մինչեւ 1919ը` յաջողելով թաքնուիլ եւ խուսափիլ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ու կոտորածներէն:
«Ֆիզիքական վտանգի դէմ պայքարելով` մինչեւ վերջ յոյս ունեցած են, որ այդտեղ ի վերջոյ լաւ կ’ըլլայ, ի վերջոյ կը խաղաղի: Քաղաքի մէջ չեն ապրած, միշտ թաքնուած են», կը պատմէ Վրէժը:
Մինչեւ ջարդերը Եղիա Քասունին եղած է Օսմանեան կայսրութիւն ժամանող գերմանական պատուիրակութիւններու թարգմանիչ, իսկ անոր եղբայր Մանուէլ Քասունին, որ 4-5 լեզու գիտէր, եղած է անգլիական զօրքերու պաշտօնական թարգմանիչն ու անգլիական բանակի հետ հասած է մինչեւ Պաղեստին:

Այլեւս անհնար համարելով դիմանալ թրքական հետապնդումներուն` 1919ին Եղիա Քասունին ընտանիքն ու այդտեղ մնացած ամբողջ հայ համայնքը կ’առաջնորդէ Սուրիա: Սուրիոյ մէջ նախ կը ժամանեն Դամասկոս, յետոյ կը հաստատուին Հալէպի մէջ, ուր ալ Եղիա Քասունիի երկրորդ ամուսնութենէն կը ծնի Հմայեակը` Վրէժ Քասունիի պապը:
«Մեծ հայրը արհեստաւոր եղած է, զբաղած է մեքենաներու լիցքաւորիչներու նորոգութեամբ, սակայն Քասունի ընտանիքի մէջ գրականութիւնն ու արուեստը միշտ առաջնահերթ եղած են: Ովքեր կը ճանչնան Հմայեակ Քասունին՝ կ’ըսեն, որ խանութի մէջ ունեցած է փոքրիկ գրադարան. ինք միշտ ընթերցանութեամբ ու գրելով զբաղած է», կ’ըսէ Վրէժը:
Հմայեակ Քասունին երեք որդի կ’ունենայ, Վարուժանը` Վրէժի հայրը, որ շարունակելով հօր ուղին արհեստներով կը զբաղի, յայտնի պատմաբան, կիլիկիագէտ Երուանդ Քասունին եւ Լեւոն Քասունին, որ եղած է Սուրիոյ առաջին ռազմական օդաչուներէն եւ Քուէյթի օդաուղեւորման համակարգի հիմնադիրներէն մէկը:

Վրէժի մայրը եւս
Վրէժի մայրը եւս ծնած է Հալէպ: Ընտանիքը գաղթած է Ուրֆայի շրջանէն. ընտանիքի յիշողութեան մէջ շատ դրուագներ չեն պահպանուած՝ ընտանիքի պատմութեան ու գաղթի մասին: Վրէժի ծնողները կ’ամուսնանան 1967 թուականին: «Հալէպի մէջ մինչեւ 70ականներու վերջը կային թաղամասեր, ինչպէս Երեւանի Կոնդն է, երբ մէկ բակի մէջ 6-7 ընտանիք կ’ապրի. մի քանի գերդաստան, որոնք իրար հետ ազգակցական կապ ալ չունէին, մէկ բակի մէջ կ’ապրէին: Այդպիսի թաղամասի մը մէջ ալ ծանօթացած են ծնողներս»: Վրէժը` ընտանիքի կրտսեր զաւակը, ծնած է 1971ին, Հալէպի հայկական թաղամասերէն մէկուն մէջ:
Մինչեւ 17 տարեկան եօթ դպրոց կը փոխէ` կրթութիւն ստանալով Սուրիա եւ Լիբանան։ «Առանց պատճառի չեմ փոխած դպրոցները, վտարուած եմ դպրոցներէն, որովհետեւ բաւական չար էի: Վերջը Հալէպի Կիլիկիա վարժարանը կը յաճախէի ու այդտեղ ալ չշարունակեցի, որովհետեւ ընտանիքիս պէտք է օգնէի: Մանկութենէս արհեստներու մէջ մեծցած եմ: Ծնողքս ամէն ամառ տարբեր արհեստի մէջ կը ներգրաւէին զիս, որ սիրէինք պատասխանատութիւնն ու աշխատասիրութիւնը եւ շրջապատին ծանօթանայինք: Ուղիղ վեց տարեկանէն ամառները աշխատած եմ եւ գումար վաստակած. այդ գումարով ալ ձմեռը մեր տետրակներն ու մատիտները կը գնէինք», կը պատմէ Քասունին: Դպրոցական տարիներուն Վրէժը շատ սիրած է նկարել, հակառակ անոր, որ ինչպէս ինք կ’ըսէ` ընտանիքի ու շրջապատի մէկ մասը կը մտածէր, թէ հոգեւորական պիտի դառնայ` նկատի առնելով ամուր կապը եկեղեցւոյ հետ:
Երկար դեգերումներու աւարտը Հայաստան
17 տարեկանին Վրէժը վերջնականապէս կ’որոշէ, որ իր տեղը արուեստն է ու կ’ընդունուի Հալէպի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բաւական յայտնի Սարեան ակադեմիան, ուր կը սորվի մինչեւ 1996: «1992ին կ’ուզէի լքել ակադեմիան, բայց Կիւմրիէն Հալէպ տեղափոխուեցաւ Հրազդան Թոքմաճեանը` դասախօսս ու յետագային ընկերս, որ դարձաւ ակադեմիայի ուսուցիչ: Ես ալ ըսի՝ լաւ, մէկ ամիս ալ փորձեմ, հաւանաբար աւելի հետաքրքրական հորիզոններ բացուին սորվելու համար,- կը պատմէ Վրէժը,- մէկ ամիսը դարձաւ մի քանի տարի: Առաջին հերթին իրմէ արեւելահայերէն սորվեցայ, Հայաստանի հանդէպ սէրն ու Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւնը ամրապնդուեցաւ», կ՛ըսէ ան: Նոյն Սարեան ակադեմիայի մէջ ալ Վրէժը կը բացայայտէ երգիծանկարչութիւնը: «Անգամ մը դասի ժամանակ դասախօսը նկարեցի, ըսին քարիքաթուր ըրած ես, ու այդտեղ հասկցայ, որ իմ ըրածս երգիծանկար է իրականութեան մէջ», կ՛աւելցնէ Քասունի:
«Անկէ ետք ինքզինքս գտայ երգիծանկարչութեան մէջ ու զարգացուցի այդ մէկը», կը նշէ Վրէժը: Ակադեմիան աւարտելով ու սորվածը գործ դարձնելու պատրաստակամութեամբ 1996ին կը մեկնի Քուէյթ, տեղւոյն հեղինակաւոր «Opinion» («Տեսակէտ») թերթի մէջ աշխատելու՝ իբրեւ քաղաքական էջի գլխաւոր երգիծանկարիչ: Հինգ ամիս անց Քուէյթի կեանքին չյարմարելով ու մասնագիտական սկզբունքայնութեան պատճառով կը ձգէ աշխատանքը եւ կը վերադառնայ Հալէպ` միտքին մէջ ունենալով Հայաստան տեղափոխուելու հեռանկարը:
1999ին Վրէժ Քասունին արդէն Երեւան էր, յանձնած էր Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարանի ընդունելութեան եւ ուսումնական չորս տարուան բոլոր քննութիւններն ու կը պատրաստուէր 1-1,5 տարի ուսանիլ եւ վկայական ստանալ: «Նպատակ ունէի երկու տարի Երեւանի մէջ փորձառութիւն ձեռք բերել` անով կ’արժեւորէի հայ գեղանկարիչի անունս: Յետոյ մանկութենէս կ’երազէի շարժապատկերի մասին, մտածեցի շարժապատկերով զբաղիլ: Քիչ մը շարժապատկերով զբաղելէ ետք հասկցայ, որ ակադեմիայի մէջ շարունակել չեմ ուզեր եւ ուղղուեցայ շարժապատկեր», կ’ըսէ ան: Մէկ ու կէս տարի Հայաստանի մէջ ապրելէ ետք Քասունին կը մեկնի Լիբանան` աշխատելու բրիտանական հեղինակաւոր «One, Two, Three» հրատարակչատան մէջ:
Երեք ամիս անց կը գիտակցի, որ այլեւս չի դիմանար ու Հայրենիք վերադառնալու ժամանակն է, գոնէ մէկ տարիով: Այդ մէկ տարին կը կրկնուի տասնհինգերորդ անգամ անընդմէջ: Յետագային սուրիական պատերազմի թէժացման պատճառով, Երեւան կը տեղափոխուին նաեւ Վրէժի ծնողքը: «Մեծ բախում էր մեզի համար Հայաստան գալը, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ Հայրենիք չունենալով հանդերձ` համայնքը քեզի համար Հայաստան է», կը յստակացնէ ան:
«Մենք պատկանելութեան ու հողի բացակայութեան ցաւ ունեցած ենք 90 տարիներ, իսկ իմ պարագայիս 1820ական թուականներէն կու գայ անիկա: Հալէպի մէջ այդ մէկը չէինք զգար, հիւրի պէս կը զգայինք մենք մեզ, շատ հարցերու մէջ պատասխանատուութիւն չէինք վերցներ, իսկ այստեղ ուրիշ է», կ’ըսէ ան: Շարժապատկերի աշխարհը Երեւանի մէջ Վրէժին առջեւ կը բանայ Ռոպերթ Սահակեանցը, որ արդէն դադրած էր սորվեցնել երիտասարդներուն, սակայն Վրէժի համար բացառութիւն ըրած է: «Ըսաւ` նկարներուդ մէջ հաւասարակշռութիւն կայ, շարժում կայ, ես քեզի կը սովորեցնեմ: Վստահ էր, որ ինծմէ բան մը կը ստացուի: Ամենազաւեշտալին այն էր, որ ինքը ռուսերէն կը խօսէր, ես` հայերէն, բայց շատ յաճախ ինքը ձեռքի շարժումներով այնպէս կը բացատրէր, որ ռուսերէնը արդէն երկրորդական կը դառնար», կարօտով կը յիշէ Երեւանի մէջ շարժապատկերի գիտելիքներ իւրացուցած առաջին տարիները: Աշխատելով եւ փորձառութիւն ձեռք բերելով, շարժապատկերային ֆիլմեր ու գովազդներ նկարահանելով, Վրէժի միտքին մէջ անընդհատ կը պտտէր՝ շարժապատկերային աշխարհի քարտէզի մէջ Հայաստանի տեղը ամրագրելու գաղափարը:
2006ին արդէն որոշած էր` Հայաստանի մէջ պէտք է կայանայ շարժապատկերային ֆիլմերու փառատօն: Եւ 2009ին ծնաւ ու առաջին անգամ կայացաւ «Ռէանիմանիա»ն, որ արդէն ամէնամեայ տօն ու աւանդոյթ դարձած է Երեւանի մէջ: «Կը յիշեմ, որ 2009ին այդ ժամանակի երիտասարդ մասնագէտները, որ այսօր այդ ոլորտին մէջ արհեստավարժ աշխատողներ են, հիասթափած էին, կ’ըսէին` լաւ, յետո՞յ, ի՞նչ պիտի ընէք: Փառատօնը բոլորին ինքնավստահութիւն ու ինքնաճանաչում բերաւ», կ՛ըսէ Քասունի:
Վրէժի խօսքով «Ռէանիմանիա» փառատօնը երիտասարդ մասնագէտներու համար բացած է սահմանները: Այժմ անոնք հնարաւորութիւն ունին յարաբերելու, աշխատելու եւ սորվելու աշխարհահռչակ մասնագէտներու հետ: Ան նաեւ կը նպաստէ շարժապատկերային աշխարհի մէջ Հայաստանի դերի ու դիրքի բարձրացման: «Ռէանիմանիա»ն դուրս եկած է փառատօնի սահմաններէն` դառնալով կրթական ու ճանաչողական ձեռարկ: Իսկ շարժապատկերային ոլորտը Հայաստանի մէջ այսօր ու ապագային լաւ ձեռքերու մէջ է:
Վրէժը կ’ըսէ` տաղանդաւոր երիտասարդները շատ են, որոնցմէ ինքն ալ արդէն կը սորվի. «Ոլորտի մէջ այժմ այնպիսի նոր սերունդ կայ, որ մենք հիմա «կ’ամչնանք», որովհետեւ շատ աւելի լուրջ պէտք է աշխատինք` իրենք «գազան» են», կատակով կ՛ըսէ ան: «Ոչ կը նախաձնիմ, ոչ կը նեղուիմ, ընդհակառակը կ’ուրախանամ, որովհետեւ այժմ սնելու աղբիւր կայ», կ՛աւելցնէ ան:
Լուսանկարները` Վրէժ Քասունիի անձնական արխիւէն
Նիւթի պատմական հաւաստիութիւնը ստուգուած է 100 LIVES նախաձեռնութեան հետազօտական խումբի կողմէ:
«Հայերն Այսօր»