Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

ՍՆԱՎ Կը Նշէ Առաջին Ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Թարգմանիչներու Տօնը

*ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ *

Լուսանկարները՝ հեղինակին
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Քրիստին Մարաշլեան

Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի (ՍՆԱՎ) Գալուստեան սրահին մԷջ, 26 Հոկտեմբերին մեծ շուքով նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։ Դրօշակներու ներս բերման արարողութենէն ետք հնչեցին ԱՄՆի եւ ՀՀ օրհներգերը:  Ցերեկոյթը աղօթքով բացաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիի հովիւ՝ Արժ․ Տ․Աբրահամ Քհնյ․Մալխասեան։

Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի (ՍՆԱՎ) Գալուստեան սրահին մԷջ, 26 Հոկտեմբերին մեծ շուքով նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։ Դրօշակներու ներս բերման արարողութենէն ետք հնչեցին ԱՄՆի եւ ՀՀ օրհներգերը:  Ցերեկոյթը աղօթքով բացաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիի հովիւ՝ Արժ․ Տ․Աբրահամ Քհնյ․Մալխասեան։

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց վարժարանի տնօրէնուհի, վաստակաշատ մանկավարժ Զարմինէ Պօղոսեան։  Օրուան յայտագիրին մասնակցեցան փոքր, միջին եւ բարձր դասարաններու աշակերտները, որոնց կատարմամբ հնչեցին Աւետիք Իսահակեանի, Եղիշէ Չարենցի, Պարոյր Սեւակի, Վահագն Դաւթեանի, Խաչիկ Դաշտենցի, Սուրէն Մուրատեանի, Աւիկ Դերենցի եւ ուրիշներու բանաստեղծութիւննեերը։  Չորրորդ դասարանը ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի «Սուտասանը» Տիկ. Հուրի Ղուկասեանի ղեկավարութեամբ: Հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտներէն հինգ հոգի մասնակցեցան՝ Ալիս Ժամկոչեանի անուան ՍՆԱՎի Տարեկան Արտասանական Մրցումին։ Այս տարուան պարտադիր բանաստեղծութիւնը Աւետիք Իսահակեանի «Անի»ն էր:

Կատարուեցան նաեւ «Թարգմանչաց Տօն», «Ոսկէ դար», «Փոքրիկ Հայաստան», «Ձօն Հայոց Լեզուին», «Հայեր Միացէք» եւ այլ հայրենասիրական խմբերգեր՝  Տիկ. Անահիտ Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ եւ Տիկին Նուարդ Տատուրեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ։

«Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը գրիչը ձեռքին ստեղծագործելով, մշակոյթ ստեղծելով տուեր է պատասխանը այն չարերուն, որոնք հայ ժողովուրդին ցանկացած են ջնջել այս երկրի վրայէն։ Հայ ժողովուրդը արդար, միամիտ, աշխատասէր, պատուաբեր, Հայրենիք ստեղծող, Հայրենիքով ապրող, կռունկեան երգեր երգելով ժողովուրդ է»,- այս երախաներուն բեմէն արտասանած բոլոր բանաստեղծութիւնները պիտի վկայեն, որ այս բոլորը շարունակութիւնն են Մեսրոպ Մաշտոցեան այն զգացմունքներուն, որոնք երկու հազար տարի առաջ Սահակ Պարթեւի հետ միասին տուին հայ ազգին ոսկէ գիրեր, որ մենք գոյատեւենք եւ ստեղծագործենք։

«Թող Աստուած օրհնէ մեր այս մատաղ սերունդը, անոնց մանկավարժներուն արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն տայ։ Յատկապէս կ՛ուզէի նշել վարժարանի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեանին, որ իր ջանքն ու եռանդը անմնացորդ ձեւով կու տայ այս մատաղ սերունդի դաստիարակութեան», մեր զրոյցի ժամանակ ըսաւ ցերեկոյթի պատուաւոր հիւրերէն  Հ.Հ. վաստակաւոր արուեստագէտ, ճանչցուած խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան։

Արտասանական Մրցումի դատական կազմի անդամներն էին՝ տիկիններ Լիլիան Իշխանեան,  Զապէլ Հաթէմ եւ Անի Շնորհօքեան:  Օրուան պատուաւոր հիւրերէն էին նաեւ՝ Նիւ Եորքի Համազգայինի անդամներ Սոնիա Պզտիկեան եւ Արմինէ Մինասեան։

HMADS _Presetnts _Soodasanu_Oct 2015

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին